Philippians 1:26 Cross References - Armenian

26 որպէսզի իմ վրաս ձեր ունեցած պարծանքը ճոխանայ Քրիստոս Յիսուսով՝ դարձեալ ձեզի գալուս պատճառով:

John 16:22

22 Ուրեմն դո՛ւք ալ տրտմութիւն ունիք հիմա. բայց ես դարձեալ պիտի տեսնեմ ձեզ ու ձեր սիրտը պիտի ուրախանայ, եւ ո՛չ մէկը ձեզմէ պիտի յափշտակէ ձեր ուրախութիւնը:

John 16:24

24 Մինչեւ հիմա՝ ոչինչ խնդրեցիք իմ անունովս. խնդրեցէ՛ք՝ ու պիտի ստանաք, որպէսզի ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ”»:

2 Corinthians 1:14

14 ինչպէս նաեւ մասամբ հասկցաք մեզ, թէ մենք ձեր պարծանքն ենք, ինչպէս դուք ալ մերը՝ Տէր Յիսուսի օրը:

2 Corinthians 5:12

12 Որովհետեւ մենք մեզ դարձեալ չենք յանձնարարեր ձեզի, հապա առիթ կու տանք ձեզի՝ մեզմով պարծենալու. որպէսզի բան մը ունենաք պատասխանելու անոնց՝ որ կը պարծենան երեւոյթով, եւ ո՛չ թէ սիրտով:

2 Corinthians 7:6

6 Բայց Աստուած, որ խոնարհները կը մխիթարէ, մեզ մխիթարեց Տիտոսի գալուստով:

Philippians 2:16-18

16 ամուր բռնելով կեանքին խօսքը, որպէսզի կարենամ պարծենալ Քրիստոսի օրը՝ թէ ընդունայն չեմ վազած, ո՛չ ալ ընդունայն աշխատած:17 Նոյնիսկ եթէ ընծայուիմ ձեր զոհին ու հաւատքի պաշտօնին համար, կ՚ուրախանամ եւ ուրախակից կ՚ըլլամ ձեր բոլորին:18 Նոյնպէս ալ դուք ուրախացէ՛ք եւ ուրախակի՛ց եղէք ինծի:

Philippians 3:1

1 Վերջապէս, եղբայրնե՛րս, ուրախացէ՛ք Տէրոջմով: Արդարեւ նոյն բաները գրել ձեզի՝ ձանձրոյթ չէ ինծի, բայց ապահովութիւն է ձեզի:

Philippians 3:3

3 որովհետեւ թլփատութիւնը մե՛նք ենք, որ կը պաշտենք Աստուած Հոգիո՛վ եւ կը պարծենանք Քրիստոս Յիսուսո՛վ, ու վստահութիւն չունինք մարմինի վրայ.

Philippians 4:4

4 Ամէ՛ն ատեն ուրախացէք Տէրոջմով. դա՛րձեալ կ՚ըսեմ, ուրախացէ՛ք:

Philippians 4:10

10 Մեծապէս ուրախացայ Տէրոջմով, որ հիմա վերջապէս նորոգուեցաւ իմ վրաս ձեր ունեցած մտածմունքը, ինչպէս կը մտածէիք ալ, սակայն պատեհութիւն չունէիք:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.