1 John 4:7 Cross References - Armenian

7 Սիրելինե՛ր, սիրե՛նք զիրար, քանի որ սէրը Աստուծմէ է: Ո՛վ որ կը սիրէ՝ ծնած է Աստուծմէ ու կը ճանչնայ Աստուած:

John 17:3

3 Եւ սա՛ է յաւիտենական կեանքը.- ճանչնալ քեզ՝ միմիայն ճշմարիտ Աստուածը, ու Յիսուս Քրիստոսը՝ որ դուն ղրկեցիր:

2 Corinthians 4:6

6 որովհետեւ Աստուած, որ հրամայեց լոյսին՝ փայլիլ խաւարին մէջէն, ինք փայլեցաւ մեր սիրտերուն մէջ՝ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսի դէմքին վրայ:

Galatians 4:9

9 Սակայն հիմա որ ճանչցաք Աստուած, կամ մա՛նաւանդ՝ ճանչցուեցաք Աստուծմէ, ի՞նչպէս կը վերադառնաք այն տկար եւ աղքատ սկզբունքներուն, որոնց դարձեալ կ՚ուզէք ստրուկ ըլլալ:

Galatians 5:22

22 Բայց Հոգիին պտուղն է՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն,

1 Thessalonians 4:9-10

9 Իսկ եղբայրսիրութեան մասին պէտք չունիք որ գրեմ ձեզի, որովհետեւ դուք արդէն Աստուծմէ սորված էք սիրել զիրար,10 եւ արդարեւ ատիկա կ՚ընէք ամբողջ Մակեդոնիայի մէջ եղող բոլոր եղբայրներուն հանդէպ: Սակայն կ՚աղաչե՛նք ձեզի, եղբայրնե՛ր, որ ա՛լ աւելի ճոխանաք,

2 Timothy 1:7

7 որովհետեւ Աստուած տուաւ մեզի ո՛չ թէ երկչոտութեան՝ այլ զօրութեան, սիրոյ ու խոհեմութեան Հոգին:

1 Peter 1:22

22 Մաքուր սիրտով՝ ջերմեռանդութեա՛մբ սիրեցէք զիրար, քանի որ մաքրագործեցիք ձեր անձերը անկեղծ եղբայրսիրութեան համար՝ ճշմարտութեան հնազանդելով Հոգիին միջոցով,

1 John 2:10

10 Ա՛ն որ կը սիրէ իր եղբայրը, կը բնակի լոյսի մէջ, ու գայթակղութիւն չկայ իր մէջ:

1 John 2:29

29 Եթէ գիտէք թէ ինք արդար է, կ՚ըմբռնէք թէ ո՛վ որ արդարութիւն կը գործէ՝ իրմէ ծնած է:

1 John 3:10-23

10 Ասո՛վ բացայայտ կ՚ըլլան Աստուծոյ զաւակներն ու Չարախօսին զաւակները: Ո՛վ որ արդարութիւն չի գործեր՝ Աստուծմէ չէ, ո՛չ ալ ա՛ն՝ որ չի սիրեր իր եղբայրը:11 Արդարեւ սա՛ է այն պատգամը՝ որ դուք լսեցիք սկիզբէն, որ սիրենք զիրար:12 Չըլլա՛նք Կայէնի պէս, որ Չարէն էր ու մորթեց իր եղբայրը: Եւ ինչո՞ւ մորթեց զայն. քանի որ իր գործերը չար էին, իսկ իր եղբօր գործերը՝ արդար:13 Մի՛ զարմանաք, եղբայրնե՛րս, եթէ աշխարհը ատէ ձեզ:14 Մենք գիտենք թէ անցանք մահէն կեանքի, որովհետեւ կը սիրենք եղբայրները. ա՛ն որ չի սիրեր եղբայրը՝ կը բնակի մահուան մէջ:15 Ո՛վ որ կ՚ատէ իր եղբայրը՝ մարդասպան է, եւ գիտէք թէ ո՛չ մէկ մարդասպանի մէջ կը բնակի յաւիտենական կեանքը:16 Մենք գիտցանք Քրիստոսի սէրը, քանի որ ան ընծայեց իր անձը մեզի համար. մե՛նք ալ պարտաւոր ենք ընծայել մեր անձը մեր եղբայրներուն համար:17 Բայց եթէ մէկը՝ որ ունի այս աշխարհի ապրուստը, տեսնելով իր կարօտեալ եղբայրը՝ իր գութը գոցէ անկէ, ի՞նչպէս անոր մէջ Աստուծոյ սէրը բնակած կ՚ըլլայ:18 Որդեակնե՛րս, սիրե՛նք ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով, հապա՝ գործով եւ ճշմարտութեամբ:19 Ասո՛վ կը գիտնանք թէ ճշմարտութենէն ենք, ու մեր սիրտերը կը վստահին անոր առջեւ երեւնալու.20 որովհետեւ եթէ մեր սիրտը պարսաւէ մեզ, Աստուած աւելի մեծ է քան մեր սիրտը եւ գիտէ ամէն բան:21 Սիրելինե՛ր, եթէ մեր սիրտը չպարսաւէ մեզ, այն ատեն համարձակութիւն կ՚ունենանք Աստուծոյ առջեւ,22 եւ ի՛նչ որ խնդրենք՝ կը ստանանք անկէ, որովհետեւ կը պահենք անոր պատուիրանները, ու կ՚ընենք անոր առջեւ հաճելի եղած բաները:23 Սա՛ է անոր պատուիրանը, որ հաւատանք իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի անունին, ու սիրենք զիրար՝ ինչպէս պատուիրեց մեզի:

1 John 4:8

8 Ա՛ն որ չի սիրեր՝ չի ճանչնար Աստուած, որովհետեւ Աստուած սէր է:

1 John 4:12

12 Ո՛չ մէկը երբեք տեսած է Աստուած: Եթէ սիրենք զիրար, Աստուած կը բնակի մեր մէջ ու անոր սէրը կատարեալ է:

1 John 4:20-5:1

20 Եթէ մէկը ըսէ. «Ես կը սիրեմ Աստուած», եւ ատէ իր եղբայրը, ստախօս է. որովհետեւ ա՛ն որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել Աստուած՝ որ չի տեսներ:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.