7 Արդարեւ երե՛ք են՝ որ կը վկայեն երկինքի մէջ.- Հայրը, Խօսքը եւ Սուրբ Հոգին, ու այս երեքը մէկ են:
1 John 5:7 Cross References - Armenian
Matthew 3:16-17
Matthew 17:5
5 Մինչ ան կը խօսէր, լուսաւոր ամպ մը հովանի եղաւ անոնց վրայ, եւ ձայն մը եկաւ ամպէն՝ ըսելով. «Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս՝ որուն հաճեցայ. անո՛ր մտիկ ըրէք»:
Matthew 18:16
16 Բայց եթէ մտիկ չընէ քեզի, ա՛ռ քեզի հետ մէկ կամ երկու հոգի եւս, որպէսզի ամէն խօսք հաստատուի երկու կամ երեք վկաներու բերանով:
Matthew 28:19
19 Ուրեմն գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով:
John 1:1
1 Սկիզբէն էր Խօսքը, ու Խօսքը Աստուծոյ քով էր, եւ Խօսքը Աստուած էր.
John 1:32-34
32 Ու Յովհաննէս վկայելով ըսաւ. «Տեսայ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ՚իջնէր երկինքէն եւ կը մնար անոր վրայ:33 Ես չէի ճանչնար զայն, բայց ա՛ն որ ղրկեց զիս ջուրով մկրտելու, ի՛նք ըսաւ ինծի. “Որո՛ւն վրայ որ տեսնես թէ Հոգին կ՚իջնէ ու կը մնայ, անիկա՛ է՝ որ Սուրբ Հոգիո՛վ կը մկրտէ”:34 Ես ալ տեսայ, եւ վկայեցի թէ ա՛յս է Աստուծոյ Որդին»:
John 5:26
26 Որովհետեւ ինչպէս Հայրը ինքնիր մէջ կեանք ունի, այնպէս ալ Որդիին տուաւ՝ որ ինքնիր մէջ կեանք ունենայ.
John 8:13-14
John 8:18
18 Ե՛ս եմ՝ որ կը վկայեմ իմ մասիս, ու Հա՛յրն ալ՝ որ ղրկեց զիս՝ կը վկայէ իմ մասիս»:
John 8:54
54 Յիսուս պատասխանեց. «Եթէ ե՛ս զիս փառաւորեմ՝ իմ փառքս ոչի՛նչ է: Իմ Հա՛յրս է՝ որ կը փառաւորէ զիս, որուն համար դուք կ՚ըսէք թէ “մեր Աստուածն է”,
John 10:30
30 Ես եւ Հայրը մէկ ենք»:
John 10:37-38
John 12:28
28 “Հա՛յր, փառաւորէ՛ քու անունդ”»: Ուստի ձայն մը եկաւ երկինքէն. «Փառաւորեցի ալ, ու դարձեալ պիտի փառաւորեմ»:
Acts 2:33
33 Ուստի Աստուծոյ աջ ձեռքով բարձրանալով ու Հօրմէն ստանալով Սուրբ Հոգիին խոստումը՝ թափեց ասիկա, որ դուք հիմա կը տեսնէք ու կը լսէք:
Acts 5:32
32 Եւ մենք անոր վկաներն ենք՝ այս բաներուն համար, նաեւ Սուրբ Հոգին՝ որ Աստուած տուաւ իրեն հնազանդ եղողներուն»:
1 Corinthians 12:4-6
Hebrews 2:3-4
Hebrews 4:12-13
12 Որովհետեւ Աստուծոյ խօսքը կենարար է, ազդու, եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ: Ան թափանցելով կը բաժնէ անձն ու հոգին, յօդերը եւ ծուծը. կը քննարկէ սիրտին մտածումներն ու մտադրութիւնները:13 Չկայ արարած մը՝ որ աներեւոյթ ըլլայ անոր առջեւ, հապա ամէն բան մերկ ու բաց է անոր աչքերուն առջեւ՝ որուն պիտի տանք մեր հաշիւը:
1 John 1:1
1 Կեանքի Խօսքին մասին - որ սկիզբէն էր, որ մենք լսեցինք, որ մեր աչքերով տեսանք, որ դիտեցինք ու մեր ձեռքերը շօշափեցին.
1 John 5:6
6 Ի՛նքն է՝ Յիսուս Քրիստոս՝ որ եկաւ ջուրով ու արիւնով. ո՛չ միայն ջուրով, հապա՝ ջուրով եւ արիւնով. ու Հոգի՛ն է որ կը վկայէ, որովհետեւ Հոգին ճշմարտութիւն է:
1 John 5:10-11
Revelation 1:4-5
4 Յովհաննէս՝ եօթը եկեղեցիներուն, որոնք Ասիայի մէջ են. շնորհք ու խաղաղութիւն ձեզի անկէ՝ որ է, որ էր եւ որ պիտի գայ, ու եօթը Հոգիներէն՝ որոնք անոր գահին առջեւ են,5 եւ Յիսուս Քրիստոս հաւատարիմ վկայէն, որ մեռելներուն անդրանիկն է ու երկրի թագաւորներուն իշխանը: Անոր՝ որ սիրեց մեզ, իր արիւնով լուաց մեզ մեր մեղքերէն,
Revelation 19:13
13 Հագած էր արիւնի մէջ թաթխուած հանդերձ մը: Անոր անունը կը կոչուի՝ “Աստուծոյ Խօսքը”: