14 Եթէ նախատուիք Քրիստոսի անունին համար՝ երանելի՜ էք, որովհետեւ փառքի (ու զօրութեան) եւ Աստուծոյ Հոգին հանգչած է ձեր վրայ. արդարեւ ան կը հայհոյուի անոնցմէ, բայց կը փառաւորուի ձեզմէ՝՝:
1 Peter 4:14 Cross References - Armenian
Matthew 5:11
11 Երանի՜ ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն, եւ ստութեամբ ձեզի դէմ ամէն տեսակ չար խօսքեր կ՚ըսեն՝ իմ պատճառովս:
Matthew 5:16
16 Ձեր լոյսը ա՛յնպէս թող փայլի մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը եւ փառաբանեն ձեր Հայրը՝ որ երկինքն է»:
Luke 6:22
22 Երանի՜ ձեզի՝ երբ մարդիկ ատեն ձեզ, ու երբ զատեն ձեզ իրենց ընկերութենէն, նախատեն եւ վարկաբեկեն ձեր անունը՝ մարդու Որդիին պատճառով:
John 7:47-52
47 Ուստի Փարիսեցիները պատասխանեցին անոնց. «Միթէ դո՞ւք ալ մոլորեցաք:48 Պետերէն կամ Փարիսեցիներէն մէ՛կը հաւատա՞ց անոր.49 բայց այս բազմութիւնը՝ որ չի գիտեր Օրէնքը՝ անիծեալ է»:50 Նիկոդեմոս ըսաւ անոնց, (որ նախապէս՝ գիշերուան մէջ գացեր էր իրեն, եւ անոնցմէ մէկն էր.)51 «Միթէ մեր Օրէնքը կը դատէ՞ մարդ մը, եթէ նախապէս չլսէ զայն, եւ չգիտնայ թէ ի՛նչ կ՚ընէ»:52 Պատասխանեցին անոր. «Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլեայէն ես. զննէ՛ ու նայէ՛, որ Գալիլեայէն մարգարէ չ՚ելլեր»:
John 8:48
48 Հրեաները պատասխանեցին անոր. «Մենք ճիշդ չե՞նք ըսեր թէ դուն Սամարացի ես, ու դեւ կայ քու ներսդ»:
John 9:28
28 Իսկ անոնք հեգնելով զայն՝ ըսին. «Դո՛ւն ես անոր աշակերտը, իսկ մենք՝ Մովսէսի՛ աշակերտներն ենք:
John 9:34
34 Պատասխանեցին անոր. «Դուն ամբողջովին մեղքերու մէջ ծնած ես, ու մեզի՞ կը սորվեցնես», եւ վտարեցին զայն:
John 15:21
21 Բայց այս բոլոր բաները պիտի ընեն ձեզի՝ իմ անունիս համար, որովհետեւ չճանչցան ա՛ն՝ որ ղրկեց զիս:
Acts 13:45
45 Իսկ Հրեաները՝ երբ տեսան բազմութիւնները՝ լեցուեցան նախանձով, ու դէմ կը խօսէին Պօղոսի ըսածներուն՝ հակաճառելով եւ հայհոյելով:
Acts 18:6
6 Բայց երբ անոնք ընդդիմացան ու կը հայհոյէին, իր հանդերձները թօթուելով՝ ըսաւ անոնց. «Ձեր արիւնը ձեր գլո՛ւխը ըլլայ, ես անպարտ եմ. ասկէ ետք՝ հեթանոսներո՛ւն պիտի երթամ»:
2 Corinthians 12:10
10 Ուստի կը յօժարիմ տկարութիւններու, արհամարհանքներու, հարկադրանքներու, հալածանքներու եւ տագնապներու՝ Քրիստոսի համար, որովհետեւ երբ տկար եմ՝ ա՛յն ատեն զօրաւոր եմ:
Galatians 1:24
24 եւ ինձմով կը փառաւորէին Աստուած:
2 Thessalonians 1:10-12
10 երբ ինք գայ փառաւորուելու իր սուրբերուն մէջ, ու այդ օրը սքանչացումի առարկայ ըլլալու բոլոր հաւատացեալներուն մէջ (որովհետեւ դուք հաւատացիք ձեր մէջ տրուած մեր վկայութեան):11 Հետեւաբար ամէն ատեն կ՚աղօթենք ձեզի համար, որ մեր Աստուածը արժանացնէ ձեզ ձեր կոչումին, եւ զօրութեամբ իրագործէ իր բարութեան ամբողջ բարեհաճութիւնն ու հաւատքին գործը.12 որպէսզի մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունը փառաւորուի ձեր մէջ, եւ դուք ալ անոր մէջ, մեր Աստուծոյն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքին համաձայն:
Hebrews 11:26
26 Աւելի մեծ հարստութիւն համարեց Քրիստոսի նախատինքը՝ քան Եգիպտոսի գանձերը, որովհետեւ կը դիտէր վարձատրութիւնը:
James 1:12
12 Երանի՜ այն մարդուն՝ որ կը տոկայ փորձութեան. որովհետեւ երբ փորձարկուի եւ ընտիր գտնուի՝ պիտի ստանայ կեանքի պսակը, որ Տէրը խոստացաւ զինք սիրողներուն:
James 5:11
11 Ահա՛ երանելի կը կոչենք տոկացողները: Դուք լսեցի՛ք Յոբի համբերութեան մասին, եւ տեսա՛ք Տէրոջ անոր շնորհած վախճանը, որովհետեւ Տէրը բազմագութ է, եւ արգահատող:
1 Peter 2:12
12 Պարկե՛շտ վարք ունեցէք հեթանոսներուն մէջ, որպէսզի՝ այն բանին համար որ կը բամբասեն ձեզ իբր չարագործներ, այցելութեան օրը փառաւորեն Աստուած՝ տեսնելով ձեր բարի գործերը:
1 Peter 2:19-20
1 Peter 3:14
14 Բայց նոյնիսկ եթէ չարչարուիք արդարութեան համար՝ երանելի՛ էք, եւ մի՛ վախնաք անոնց ահէն, ու մի՛ վրդովիք:
1 Peter 3:16
16 բարի՛ խղճմտանք ունեցէք, որպէսզի՝ այն բանին համար որ կը բամբասեն ձեզ իբր չարագործներ, ամօթահար ըլլան անո՛նք՝ որ կը պախարակեն Քրիստոսով եղած ձեր բարի վարքը:
1 Peter 4:4-5
2 Peter 2:2
2 Շատեր պիտի հետեւին անոնց կորստաբեր ճամբաներուն՝՝, եւ անոնց պատճառով ճշմարտութեան ճամբան պիտի հայհոյուի: