28 Թէպէտ չգտան մահուան արժանի պատճառ մը, խնդրեցին Պիղատոսէն՝ որ ան սպաննուի:
Acts 13:28 Cross References - Armenian
Matthew 27:19
19 Երբ ինք բազմած էր դատարանը, իր կինը մէկը ղրկեց իրեն եւ ըսաւ. «Դուն գործ մի՛ ունենար այդ արդարին հետ, որովհետեւ այսօր շատ չարչարուեցայ երազիս մէջ՝ անոր պատճառով»:
Matthew 27:22-25
22 Անոնք ըսին. «Բարաբբա՛ն»: Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Հապա ի՞նչ ընեմ Յիսուսը՝ որ Քրիստոս կը կոչուի»:23 Բոլորն ալ ըսին անոր. «Թող խաչուի»: Իսկ կառավարիչը ըսաւ. «Բայց ի՞նչ չարիք ըրած է»: Անոնք ա՛լ աւելի կ՚աղաղակէին. «Թող խաչուի»:24 Պիղատոս՝ տեսնելով թէ անօգուտ է, այլ մանաւանդ աղմուկ կը բարձրանայ՝՝, ջուր առաւ, ձեռքերը լուաց բազմութեան առջեւ եւ ըսաւ. «Ես անպարտ եմ այդ արդարին արիւնէն. դո՛ւք անդրադարձէք»:25 Ամբողջ ժողովուրդը պատասխանեց. «Ատոր արիւնը թող ըլլայ մեր վրայ ու մեր զաւակներուն վրայ»:
Mark 15:13-15
Luke 23:4-5
Luke 23:14-16
Luke 23:21-25
21 Բայց անոնք կը գոչէին. «Խաչէ՛, խաչէ՛ զայն»:22 Ինք երրորդ անգամ ըսաւ անոնց. «Բայց ի՞նչ չարիք ըրած է. ես մահուան արժանի ո՛չ մէկ պատճառ գտայ անոր վրայ. ուրեմն պատժեմ զայն եւ արձակեմ»:23 Իսկ անոնք կը պնդէին բարձրաձայն աղաղակներով ու կը պահանջէին որ խաչուի. եւ անոնց ու քահանայապետներուն ձայները յաղթեցին:24 Ուստի Պիղատոս վճռեց որ անոնց պահանջածը ըլլայ:25 Արձակեց անոնց՝ իրենց պահանջած մարդը, որ բանտը նետուած էր ապստամբութեան ու մարդասպանութեան համար, իսկ յանձնեց Յիսուսը անոնց կամքին:
John 18:38
38 Պիղատոս ըսաւ անոր. «Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը»: Երբ ըսաւ ասիկա՝ դարձեալ դուրս ելաւ Հրեաներուն քով, եւ ըսաւ անոնց. «Ես ո՛չ մէկ յանցանք կը գտնեմ անոր վրայ:
John 19:4
4 Պիղատոս դարձեալ դուրս ելաւ ու ըսաւ անոնց. «Ահա՛ դուրս կը բերեմ զայն ձեզի, որպէսզի գիտնաք թէ ես ո՛չ մէկ յանցանք կը գտնեմ անոր վրայ»:
John 19:12-16
12 Ատկէ ետք Պիղատոս կը ջանար արձակել զայն. բայց Հրեաները կ՚աղաղակէին. «Եթէ արձակես ատիկա՝ կայսրին բարեկամը չես. ո՛վ որ թագաւոր կ՚ընէ ինքզինք՝ կը խօսի կայսրին դէմ»:13 Ուրեմն Պիղատոս՝ երբ լսեց այս խօսքը՝ դուրս հանեց Յիսուսը, բազմեցաւ դատարանը, այն տեղը՝ որ Քարայատակ կը կոչուէր, իսկ եբրայերէն՝ Կապպաթա,14 (Զատիկի Ուրբաթն էր, գրեթէ վեցերորդ ժամը՝՝,) եւ ըսաւ Հրեաներուն. «Ահա՛ ձեր թագաւորը»:15 Բայց անոնք պոռացին. «Վերցո՛ւր, վերցո՛ւր, խաչէ՛ զայն»: Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Ձեր թագաւո՞րը խաչեմ»: Քահանայապետները պատասխանեցին. «Մենք թագաւոր չունինք՝ կայսրէն զատ»:16 Այն ատեն յանձնեց զայն անոնց՝ որպէսզի խաչուէր: