6 Երբ Պօղոս գիտցաւ թէ մէկ մասը Սադուկեցիներ էին, ու միւսը՝ Փարիսեցիներ, աղաղակեց ատեանին մէջ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես Փարիսեցի եմ, Փարիսեցիի որդի. կը դատուիմ մեռելներու յարութեան յոյսի՛ն համար»:
Acts 23:6 Cross References - Armenian
Matthew 10:16
16 «Ահա՛ կը ղրկեմ ձեզ իբր ոչխարներ՝ գայլերու մէջ. ուրեմն խորագէ՛տ եղէք օձերու պէս, եւ աննենգ՝ աղաւնիներու պէս:
Matthew 22:23
23 Նոյն օրը անոր քով եկան Սադուկեցիները, որոնք կ՚ըսեն թէ յարութիւն չկայ, ու հարցուցին անոր.
Acts 22:5
5 ինչպէս քահանայապետն ալ կը վկայէ իմ մասիս, եւ ամբողջ երէցներու ժողովը. նաեւ անոնցմէ նամակներ ընդունելով՝ Դամասկոս կ՚երթայի, որպէսզի հոն եղածներն ալ կապուած բերեմ Երուսաղէմ՝ որ պատժուին»:
Acts 24:15
15 Յոյս ունիմ Աստուծոյ վրայ, ինչպէս ասո՛նք ալ ակնկալութիւն ունին, թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ անարդարներուն:
Acts 24:21
21 Թերեւս միայն սա՛ մէկ աղաղակս, որ բարձրացուցի երբ իրենց մէջ կայնած էի. «Մեռելներու յարութեա՛ն համար ես այսօր ձեզմէ կը դատուիմ»:
Acts 26:5-8
5 անոնք սկիզբէն ի վեր կը ճանչնան զիս, (եթէ ուզեն վկայել,) գիտնալով թէ ապրած եմ մեր կրօնին ամենէն խիստ աղանդին համաձայն՝ իբր Փարիսեցի:6 Եւ հիմա դատարան ներկայացած եմ ու կը դատուիմ՝ Աստուծմէ մեր հայրերուն եղած խոստումի յոյսին համար,7 որուն կը յուսան հասնիլ մեր տասներկու տոհմերը՝ ջերմեռանդութեամբ պաշտելով Աստուած գիշեր ու ցերեկ: Ես կ՚ամբաստանուիմ Հրեաներէն այս յոյսին համար, Ագրիպպա՛ս թագաւոր:8 Ինչո՞ւ անհաւատալի կը թուի ձեզի՝ թէ Աստուած կը յարուցանէ մեռելները:
Acts 28:20
20 Ուրեմն ասոր համար կանչեցի ձեզ՝ որպէսզի տեսնեմ ձեզ եւ խօսիմ ձեզի. որովհետեւ Իսրայէլի յոյսին համար կը կրեմ այս շղթան»:
Philippians 3:5
5 ութերորդ օրը թլփատուած, Իսրայէլի ցեղէն, Բենիամինի տոհմէն, Եբրայեցի մը՝ Եբրայեցիներէն, Օրէնքին համեմատ՝ Փարիսեցի,