Colossians Cross References - Armenian

1 Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, եւ Տիմոթէոս եղբայրը՝2 Կողոսայի մէջ եղող սուրբերուն ու Քրիստոսով հաւատարիմ եղբայրներուն.3 շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ՝՝: Ամէն ատեն աղօթելով ձեզի համար՝ շնորհակալ կ՚ըլլանք Աստուծմէ ու մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հօրմէն,4 լսելով Քրիստոս Յիսուսի վրայ ձեր ունեցած հաւատքին եւ բոլոր սուրբերուն հանդէպ ձեր տածած սիրոյն մասին,5 այն յոյսին պատճառով՝ որ երկինքը վերապահուած է ձեզի համար: Անոր մասին նախապէս լսեցիք՝ աւետարանին ճշմարտութեան խօսքով,6 որ հասաւ ձեզի՝ ինչպէս ամբողջ աշխարհի, ու պտուղ կ՚արտադրէ (եւ կ՚աճի) նոյնպէս ձեր մէջ ալ, այն օրէն ի վեր՝ երբ լսեցիք ու ճշմարտութեամբ գիտցաք Աստուծոյ շնորհքը,7 ինչպէս սորվեցաք մեր սիրելի ծառայակիցէն՝ Եպափրասէն: Ան Քրիստոսի հաւատարիմ սպասարկու մըն է ձեզի համար,8 եւ ինք ալ բացայայտեց մեզի ձեր սէրը՝ Հոգիով:9 Հետեւաբար մենք ալ՝ այն օրէն երբ լսեցինք՝ չենք դադրիր աղօթելէ ձեզի համար, եւ խնդրելէ որ լեցուած ըլլաք անոր կամքին գիտակցութեամբ՝ ամբողջ իմաստութեամբ ու հոգեւոր ըմբռնումով,10 որպէսզի ընթանաք Տէրոջ արժանավայել կերպով՝ հաճեցնելով զինք ամէն բանի մէջ, պտղաբեր ըլլալով ամէն տեսակ բարի գործով, եւ աճելով Աստուծոյ ճանաչումով.11 ու զօրացած ամբողջ ոյժով՝ իր փառաւոր զօրութեան համեմատ, ուրախութեամբ համբերող եւ համբերատար ըլլաք,12 շնորհակալ ըլլալով Հայր Աստուծմէ, որ արժանացուց մեզ մասնակից ըլլալու լոյսի մէջ բնակող սուրբերու ժառանգութեան,13 եւ ազատեց մեզ խաւարի իշխանութենէն ու փոխադրեց իր սիրելի Որդիին թագաւորութեան.14 անո՛վ մենք ազատագրութիւն ունինք՝ իր արիւնով, այսինքն՝ մեղքի ներում:15 Ան անտեսանելի Աստուծոյ պատկերն է, բոլոր արարածներուն անդրանիկը,16 որովհետեւ անո՛վ ստեղծուեցաւ ամէն բան, ինչ որ երկինքի մէջ է եւ ինչ որ երկրի վրայ կայ, տեսանելի կամ անտեսանելի. թէ՛ գահերը, թէ՛ տէրութիւնները, թէ՛ պետութիւնները, թէ՛ իշխանութիւնները: Բոլոր բաները ստեղծուեցան անով եւ անոր համար:17 Ան ամէն բանէ առաջ է, ու անո՛վ ամէն բան հաստատ կը կենայ:18 Ա՛ն է մարմինին, այսինքն՝ եկեղեցիին գլուխը. ա՛ն է սկիզբը, մեռելներէն անդրանիկը, որպէսզի նախապատիւ ըլլայ ամէն բանի մէջ.19 որովհետեւ Հայրը բարեհաճեցաւ որ Աստուածութեան ամբողջ լիութիւնը բնակի անոր մէջ,20 եւ անո՛վ հաշտեցնէ իրեն հետ բոլորը, թէ՛ երկրի վրայ ու թէ՛ երկինքի մէջ եղողները, խաղաղութիւն ընելով անոր արիւնով, որ թափուեցաւ խաչին վրայ:21 Եւ ձեզ ալ, որ ժամանակին ուծացած ու ձեր միտքով թշնամիներ էիք՝ չար գործերով,22 հիմա հաշտեցուց անոր բուն մարմինով՝ մահուան միջոցով, որպէսզի անոր առջեւ սուրբ, անարատ եւ անմեղադրելի ներկայացնէ ձեզ,23 եթէ հիմնուած ու հաստատուած մնաք հաւատքին վրայ, առանց խախտելու յոյսէն այն աւետարանին՝ որ դուք լսեցիք. ան քարոզուեցաւ երկինքի տակ եղած բոլոր արարածներուն, ու ես՝ Պօղոս՝ սպասարկու եղայ անոր:24 Հիմա ուրախ եմ ձեզի համար կրած չարչարանքներուս մէջ, ու Քրիստոսի կրած տառապանքներուն պակասը կը լրացնեմ իմ մարմինիս մէջ՝ անոր մարմինին համար, որ եկեղեցին է:25 Ես սպասարկու եղայ անոր Աստուծոյ տնտեսութեամբ՝ որ տրուեցաւ ինծի ձեզի համար, որպէսզի լիովին քարոզեմ Աստուծոյ խօսքը,26 այն խորհուրդը՝ որ ծածկուած էր բոլոր դարերէն ու սերունդներէն, իսկ հիմա յայտնաբերուեցաւ իր սուրբերուն,27 որոնց Աստուած ուզեց գիտցնել թէ ի՛նչ է այս խորհուրդին փառքին ճոխութիւնը հեթանոսներուն մէջ, այսինքն՝ Քրիստոս ձեր մէջ, փառքի յոյսը:28 Մենք կը հռչակենք զինք, խրատելով ամէն մարդ եւ սորվեցնելով ամէն մարդու՝ ամբողջ իմաստութեամբ, որպէսզի ներկայացնենք ամէն մարդ կատարեալ՝ Քրիստոս Յիսուսով:29 Ասո՛ր համար ես կ՚աշխատիմ, պայքարելով իր ներգործութեան համեմատ՝ որ զօրութեամբ կը գործէ իմ մէջս:

Matthew 3:7

7 Երբ տեսաւ Փարիսեցիներէն եւ Սադուկեցիներէն շատեր՝ որ եկած էին իր մկրտութեան, ըսաւ. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի՝ խուսափիլ գալիք բարկութենէն:

Matthew 3:17

17 Եւ ահա՛ ձայն մը եկաւ երկինքէն՝ որ կ՚ըսէր. «Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս՝ որուն հաճեցայ»:

Matthew 5:11-12

11 Երանի՜ ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն, եւ ստութեամբ ձեզի դէմ ամէն տեսակ չար խօսքեր կ՚ըսեն՝ իմ պատճառովս:12 Ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը շատ է երկինքը. քանի որ ա՛յս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները»:

Matthew 5:48

48 Ուրեմն դուք կատարեա՛լ եղէք, ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է”»:

Matthew 6:19-20

19 «Երկրի վրայ գանձեր մի՛ դիզէք ձեզի, ուր ցեցը եւ ժանգը կ՚ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան:20 Հապա երկի՛նքը գանձեր դիզեցէք ձեզի, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ՚ապականեն, ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան:

Matthew 7:24-25

24 «Ուրեմն ո՛վ որ կը լսէ այս խօսքերս եւ կը գործադրէ զանոնք, պիտի նմանցնեմ զայն ուշիմ մարդու մը՝ որ իր տունը կառուցանեց վէմի վրայ:25 Տեղատարափ անձրեւ իջաւ, հեղեղները եկան, հովերը փչեցին ու զարկին այդ տան՝ բայց չփլաւ, որովհետեւ հիմնուած էր վէմի վրայ:

Matthew 11:25-27

25 Այդ ատեն Յիսուս ըսաւ. «Կը ներբողեմ քեզ, ո՛վ Հայր, Տէր երկինքի ու երկրի, որ այս բաները ծածկեցիր իմաստուններէն եւ խելացիներէն, ու յայտնեցիր երախաներո՛ւն:26 Այո՛, Հա՛յր, որովհետեւ ա՛յսպէս հաճելի եղաւ քու առջեւդ:27 Ամէն բան յանձնուեցաւ ինծի իմ Հօրմէս, եւ ո՛չ մէկը կը ճանչնայ Որդին՝ բայց միայն Հայրը, ու ո՛չ մէկը կը ճանչնայ Հայրը՝ բայց միայն Որդին, եւ ա՛ն՝ որուն Որդին փափաքի յայտնել:

Matthew 12:29-30

29 Կամ մէկը ի՞նչպէս կրնայ մտնել ուժեղ մարդու մը տունը եւ յափշտակել անոր կարասիները, եթէ նախ չկապէ այդ ուժեղ մարդը, եւ ա՛յն ատեն կողոպտէ անոր տունը:30 Ա՛ն որ ինծի հետ չէ՝ ինծի հակառակ է, եւ ա՛ն որ ինծի հետ չի ժողվեր՝ կը ցրուէ:

Matthew 13:11

11 Ինք ալ պատասխանեց անոնց. «Քանի որ ձեզի՛ տրուած է գիտնալ երկինքի թագաւորութեան խորհուրդները, բայց անոնց տրուած չէ:

Matthew 17:5

5 Մինչ ան կը խօսէր, լուսաւոր ամպ մը հովանի եղաւ անոնց վրայ, եւ ձայն մը եկաւ ամպէն՝ ըսելով. «Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս՝ որուն հաճեցայ. անո՛ր մտիկ ըրէք»:

Matthew 20:28

28 ինչպէս մարդու Որդին եկաւ ո՛չ թէ սպասարկութիւն ընդունելու, հապա՝ սպասարկելու եւ իր անձը փրկանք տալու շատերու համար»:

Matthew 23:8

8 Բայց դուք մի՛ կոչուիք “ռաբբի”, որովհետեւ մէ՛կ է ձեր Ուսուցիչը՝ Քրիստոս,

Matthew 24:13-14

13 Բայց ո՛վ որ տոկայ մինչեւ վախճանը՝ անիկա՛ պիտի փրկուի:14 Այս արքայութեան աւետարանը պիտի քարոզուի ամբողջ երկրագունդին մէջ՝ իբր վկայութիւն բոլոր ազգերուն, եւ ա՛յն ատեն վախճանը պիտի գայ»:

Matthew 24:14-14

14 Այս արքայութեան աւետարանը պիտի քարոզուի ամբողջ երկրագունդին մէջ՝ իբր վկայութիւն բոլոր ազգերուն, եւ ա՛յն ատեն վախճանը պիտի գայ»:

Matthew 24:45

45 «Ուրեմն ո՞վ է այն հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառան, որ իր տէրը նշանակեց իր ծառաներուն վրայ՝ որպէսզի ատենին կերակուր տայ անոնց:

Matthew 25:21

21 Տէրը ըսաւ անոր. “Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ. դո՛ւն՝ որ հաւատարիմ եղար քի՛չ բանի մէջ, պիտի նշանակեմ քեզ շա՛տ բաներու վրայ. մտի՛ր տիրոջդ ուրախութեան մէջ”:

Matthew 25:34

34 Այն ատեն թագաւորը պիտի ըսէ իր աջ կողմը եղողներուն. “Եկէ՛ք իմ Հօրս օրհնածները, ժառանգեցէ՛ք այն թագաւորութիւնը, որ պատրաստուած է ձեզի համար՝ աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր:

Matthew 28:18

18 Իսկ Յիսուս մօտեցաւ եւ խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Ամէ՛ն իշխանութիւն ինծի՛ տրուեցաւ՝ երկինքի մէջ ու երկրի վրայ:19 Ուրեմն գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով:20 Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի: Եւ ահա՛ ամէն օր ես ձեզի հետ եմ՝ մինչեւ աշխարհի վախճանը»: Ամէն:

Mark 4:8

8 Իսկ ուրիշներ ինկան լաւ հողի մէջ, պտուղ տուին՝ բարձրանալով եւ աճելով, ու բերին՝ մէկը երեսուն, մէկը՝ վաթսուն, մէկը՝ հարիւր»:

Mark 4:11

11 Եւ ըսաւ անոնց. «Ձեզի տրուած է գիտնալ Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդը, բայց անոնց որ դուրսէն են՝ ամէն ինչ առեղծուած կ՚ըլլայ.

Mark 4:26-29

26 Նաեւ կ՚ըսէր. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը այնպէս է, որպէս թէ մարդ մը հողին մէջ հունտ ցանէ.27 քնանայ թէ արթննայ, գիշեր ու ցերեկ, հունտը կը ծաղկի եւ կը մեծնայ, ու ինք չի գիտեր թէ ի՛նչպէս:28 Քանի որ հողը ինքնիրմէ պտուղ կ՚արտադրէ. նախ՝ խոտը, յետոյ՝ հասկը, անկէ ետք՝ լեցուն ցորենը հասկին մէջ:29 Երբ պտուղը հասուննայ՝ իսկոյն մանգաղը կը ղրկէ, որովհետեւ հունձքի ատենը հասած է»:

Mark 6:34

34 Յիսուս, երբ դուրս ելաւ, մեծ բազմութիւն մը տեսնելով՝ գթաց անոնց վրայ, որովհետեւ հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին. ու շատ բաներ սորվեցուց անոնց:

Mark 16:15

15 Նաեւ ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք ամբողջ աշխարհը, ու քարոզեցէ՛ք աւետարանը բոլոր արարածներուն:

Luke 1:75

75 սրբութեամբ եւ արդարութեամբ ընթանալով իր առջեւ՝ մեր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ:

Luke 2:14

14 «Ամենաբարձր վայրերուն մէջ՝ Աստուծոյ փա՜ռք, երկրի վրայ՝ խաղաղութի՜ւն, մարդոց մէջ՝ բարեացակամութի՜ւն»:

Luke 5:20

20 Ան ալ՝ տեսնելով անոնց հաւատքը՝ ըսաւ անոր. «Մա՛րդ, մեղքերդ ներուած են քեզի»:

Luke 6:48

48 Ան կը նմանի տուն կառուցանող մարդու մը, որ փորեց, խորացաւ եւ հիմը դրաւ վէմի վրայ. երբ ողողում եղաւ՝ հեղեղը զարկաւ այդ տան բայց չկրցաւ սարսել զայն, որովհետեւ վէմի վրայ հիմնուած էր:

Luke 7:47-50

47 Ուստի կը յայտարարեմ քեզի. “Ասոր բազմաթիւ մեղքերը ներուած են, որովհետեւ շատ սիրեց. բայց ա՛ն՝ որուն քիչ կը ներուի, անիկա քիչ կը սիրէ”.48 Եւ ըսաւ անոր. «Քու մեղքերդ ներուած են»:49 Իրեն հետ սեղան նստողները սկսան ըսել իրենց մէջ. «Ո՞վ է ասիկա՝ որ մեղքերն ալ կը ներէ»:50 Իսկ ինք ըսաւ կնոջ. «Հաւատքդ փրկեց քեզ, գնա՛ խաղաղութեամբ»:

Luke 8:10

10 Ան ալ ըսաւ. «Ձեզի՛ տրուած է հասկնալ Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդները, բայց ուրիշներուն՝ առակներով կը խօսիմ. որպէսզի նայելով՝ չտեսնեն, ու լսելով՝ չհասկնան»:

Luke 8:13-15

13 Ժայռի վրայինները անոնք են, որ երբ լսեն՝ ուրախութեամբ կ՚ընդունին խօսքը: Բայց արմատ չունին. ատեն մը կը հաւատան, եւ փորձութեան ժամանակ կը հեռանան:14 Փուշերու մէջ ինկածները անոնք են, որ լսելէ ետք՝ կ՚երթան, բայց կը խեղդուին այս կեանքին հոգերով, հարստութեամբ ու հաճոյքներով, եւ պտուղ չեն հասունցներ:15 Իսկ լաւ հողի մէջ ցանուածները անոնք են, որ խօսքը լսելով՝ պարկեշտ ու բարի սիրտի մը մէջ կը պահեն զայն, եւ համբերութեամբ պտուղ կ՚արտադրեն»:

Luke 10:21

21 Այդ նոյն ժամուն՝ Յիսուս Հոգիով ցնծաց եւ ըսաւ. «Կը ներբողեմ քեզ, Հա՜յր, Տէր երկինքի ու երկրի, որ այս բաները ծածկեցիր իմաստուններէն եւ խելացիներէն, ու յայտնեցիր երախաներո՛ւն: Այո՛, Հա՜յր, որովհետեւ ա՛յսպէս հաճելի եղաւ քու առջեւդ:

Luke 12:33

33 Ծախեցէ՛ք ձեր ինչքը եւ ողորմութի՛ւն տուէք. չմաշո՛ղ քսակներ պատրաստեցէք ձեզի համար, ու չպակսո՛ղ գանձ մը՝ երկինքը, ուր ո՛չ գողը կը մօտենայ եւ ո՛չ ցեցը կ՚ապականէ:

Luke 13:24

24 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Պայքարեցէ՛ք՝ որ մտնէք նեղ դռնէն. քանի որ կ՚ըսեմ ձեզի թէ շատե՛ր պիտի ջանան մտնել՝ բայց պիտի չկարողանան:

Luke 17:21

21 Եւ պիտի չըսեն. “Ահա՛ հոս է”, կամ. “Ահա՛ հոն”. որովհետեւ ահա՛ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր ներսն է»:

Luke 21:15

15 Որովհետեւ ես ձեզի բերան ու իմաստութիւն պիտի տամ, որուն պիտի չկարենան ընդդիմախօսել կամ դիմադրել ձեր բոլոր հակառակորդները:

Luke 22:32

32 Բայց ես աղերսեցի քեզի համար, որպէսզի հաւատքդ չպակսի. եւ դուն երբ դարձի գաս՝ եղբայրնե՛րդ ալ ամրացուր»:

Luke 22:53

53 Ամէ՛ն օր ձեզի հետ էի՝ տաճարին մէջ, եւ ձեռք չերկարեցիք իմ վրաս. բայց ասիկա՛ է ձեր ժամն ու խաւարին իշխանութիւնը»:

John 1:1

1 Սկիզբէն էր Խօսքը, ու Խօսքը Աստուծոյ քով էր, եւ Խօսքը Աստուած էր.

John 1:1-3

1 Սկիզբէն էր Խօսքը, ու Խօսքը Աստուծոյ քով էր, եւ Խօսքը Աստուած էր.2 ան սկիզբէն Աստուծոյ քով էր:3 Ամէն ինչ եղաւ անո՛վ. եղածներէն ո՛չ մէկը եղաւ առանց անոր:

John 1:3-3

3 Ամէն ինչ եղաւ անո՛վ. եղածներէն ո՛չ մէկը եղաւ առանց անոր:

John 1:14

14 Եւ Խօսքը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, (եւ դիտեցինք անոր փառքը՝ Հօրը միածինի փառքին պէս,) շնորհքով ու ճշմարտութեամբ լեցուն:

John 1:16

16 Եւ անոր լիութենէն մենք բոլորս ստացանք շնորհք շնորհքի վրայ:

John 1:18

18 Ո՛չ մէկը երբե՛ք տեսած է Աստուած. բայց միածին Որդին՝ որ Հօրը ծոցն է, ի՛նք պատմեց անոր մասին»:

John 1:27

27 ի՛նք է իմ ետեւէս եկողը՝ որ իմ առջեւս եղաւ, որուն կօշիկին կապը քակելու արժանի չեմ»:

John 3:16

16 Որովհետեւ Աստուած ա՛յնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ անգամ տուաւ իր միածին Որդին, որպէսզի ո՛վ որ հաւատայ անոր՝ չկորսուի, հապա ունենայ յաւիտենական կեանքը:

John 3:29-31

29 Ա՛ն որ ունի հարսը՝ անիկա՛ է փեսան. բայց փեսային բարեկամը, որ կը կենայ եւ կը լսէ զայն, մեծապէս կ՚ուրախանայ փեսային ձայնին համար: Ուրեմն ահա՛ լիացած է իմ ուրախութիւնս:30 Պէտք է որ ան մեծնայ, իսկ ես՝ պզտիկնամ»:31 Ա՛ն որ կու գայ վերէն՝ բոլորէն վեր է: Ա՛ն որ երկրէն է՝ երկրաւոր է, ու կը խօսի երկրէն. ա՛ն որ կու գայ երկինքէն՝ բոլորէն վեր է,

John 3:34-35

34 որովհետեւ ա՛ն որ Աստուած ղրկեց՝ կը քարոզէ Աստուծոյ խօսքերը, քանի որ Աստուած անոր չափով չի տար Հոգին:

John 3:34

34 որովհետեւ ա՛ն որ Աստուած ղրկեց՝ կը քարոզէ Աստուծոյ խօսքերը, քանի որ Աստուած անոր չափով չի տար Հոգին:35 Հայրը կը սիրէ Որդին, եւ ամէն բան տուած է անոր ձեռքը:

John 3:35-35

35 Հայրը կը սիրէ Որդին, եւ ամէն բան տուած է անոր ձեռքը:

John 4:23

23 Բայց ժամը պիտի գայ եւ հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները պիտի երկրպագեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութեամբ, որովհետեւ Հայրն ալ կ՚ուզէ այդպիսինե՛ր՝ իրեն երկրպագելու համար:

John 5:17-18

17 Բայց Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ե՛ս ալ կը գործեմ»:18 Ուստի Հրեաները ա՛լ աւելի կը ջանային սպաննել զայն, քանի որ ո՛չ միայն Շաբաթ օրը կը լուծէր, հապա նաեւ Աստուած իր Հայրը կը կոչէր, եւ այսպէս՝ ինքզինք Աստուծոյ հաւասար կ՚ընէր:

John 5:24

24 Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ա՛ն որ մտիկ կ՚ընէ իմ խօսքս, ու կը հաւատայ անոր՝ որ ղրկեց զիս, ունի յաւիտենական կեանքը, եւ չ՚իյնար դատապարտութեան տակ, հապա անցած է մահէն դէպի կեանք”:

John 6:56

56 որովհետեւ իմ մարմինս ճշմա՛րտապէս կերակուր է, եւ իմ արիւնս՝ ճշմա՛րտապէս խմելիք:

John 7:17

17 Եթէ մէկը ուզէ գործադրել անոր կամքը, պիտի գիտնայ թէ այս ուսուցումը Աստուծմէ՛ է, թէ ես ինձմէ կը խօսիմ:

John 8:30-32

30 Երբ այսպէս խօսեցաւ՝ շատ մարդիկ հաւատացին իրեն:31 Ուստի Յիսուս ըսաւ իրեն հաւատացող Հրեաներուն. «Եթէ իմ խօսքիս մէջ մնաք, ճշմա՛րտապէս իմ աշակերտներս կ՚ըլլաք.32 ու ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք, եւ այդ ճշմարտութիւնը պիտի ազատէ ձեզ»:

John 8:58

58 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Աբրահամի ըլլալէն առաջ՝ ես եմ”»:

John 11:25-26

25 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ե՛ս եմ յարութիւնն ու կեանքը: Ա՛ն որ կը հաւատայ ինծի, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի.26 Եւ ո՛վ որ կ՚ապրի եւ կը հաւատայ ինծի, յաւիտեա՛ն պիտի չմեռնի: Դուն կը հաւատա՞ս ասոր»:

John 12:31-32

31 Հիմա է այս աշխարհի դատաստանը, հիմա պիտի վտարուի այս աշխարհի իշխանը:32 Ես ալ, երբ բարձրանամ երկրէն, բոլորդ ալ պիտի քաշեմ ինծի»:

John 14:6

6 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնն ու կեանքը. ո՛չ մէկը կու գայ Հօրը քով՝ բայց միայն ինձմով:

John 14:9

9 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ա՛յսքան ժամանակ ես ձեզի հետ եմ, եւ չճանչցա՞ր զիս, Փիլիպպո՛ս: Ա՛ն որ տեսաւ զիս՝ տեսաւ Հա՛յրը. դուն ի՞նչպէս կ՚ըսես. “Ցո՛յց տուր մեզի Հայրը”:

John 14:17

17 Ճշմարտութեան Հոգին, որ այս աշխարհը չի կրնար ընդունիլ, որովհետեւ չի տեսներ զայն ու չի ճանչնար զայն. բայց դուք կը ճանչնաք զայն, որովհետեւ կը բնակի ձեր քով եւ պիտի ըլլայ ձեր մէջ:

John 14:20

20 Այն օրը պիտի գիտնաք թէ ես իմ Հօրս մէջ եմ, ու դուք՝ իմ մէջս, ես ալ՝ ձեր մէջ:

John 14:23

23 Յիսուս պատասխանեց անոր. «Եթէ մէկը սիրէ զիս՝ պիտի պահէ իմ խօսքս, ու իմ Հայրս պիտի սիրէ զայն. եւ պիտի գանք անոր ու բնակինք անոր հետ:

John 15:2-5

2 Ամէն ճիւղ՝ որ իմ վրաս է ու պտուղ չի բերեր, կը վերցնէ զայն. իսկ ամէն ճիւղ որ պտուղ կը բերէ՝ կը մաքրէ զայն, որպէսզի ա՛լ աւելի պտուղ բերէ:3 Դուք արդէն մաքուր էք այն խօսքով՝ որ ըսի ձեզի:4 Ի՛մ մէջս մնացէք, ու ես՝ ձեր մէջ. ինչպէս ճիւղը չի կրնար ինքնիրմէ պտուղ բերել՝ եթէ որթատունկին վրայ չմնայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար՝ եթէ իմ մէջս չմնաք:5 Ես որթատունկն եմ, եւ դուք ճիւղերն էք. ա՛ն որ իմ մէջս կը մնայ, ու ես՝ անոր մէջ, անիկա՛ շատ պտուղ պիտի բերէ, որովհետեւ առանց ինծի ոչինչ կրնաք ընել:6 Եթէ մէկը իմ մէջս չմնայ, ան դուրս կը նետուի՝ ճիւղի մը պէս, եւ կը չորնայ. զանոնք կը ժողվեն ու կրակը կը նետեն, եւ անոնք կ՚այրին:

John 15:8

8 Իմ Հայրս կը փառաւորուի՝ երբ դուք շատ պտուղ բերէք. այսպէս՝ իմ աշակերտներս կ՚ըլլաք:9 Ինչպէս Հայրը սիրեց զիս, ե՛ս ալ սիրեցի ձեզ. մնացէ՛ք իմ սիրոյս մէջ:10 Եթէ պահէք իմ պատուիրաններս՝ պիտի մնաք իմ սիրոյս մէջ, ինչպէս ես պահեցի իմ Հօրս պատուիրանները եւ կը մնամ անոր սիրոյն մէջ:

John 15:16

16 Ո՛չ թէ դո՛ւք ընտրեցիք զիս, հապա ե՛ս ընտրեցի ձեզ, ու նշանակեցի ձեզ՝ որպէսզի երթաք եւ պտուղ բերէք, ու ձեր պտուղը մնայ. որպէսզի ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէն՝ իմ անունովս, տայ ձեզի:

John 15:24

24 Եթէ իրենց մէջ ըրած չըլլայի այն գործերը, որ ուրիշ ո՛չ մէկը ըրած է, անոնք մեղք չէին ունենար. բայց հիմա տեսան եւ ատեցին զի՛ս ալ, իմ Հա՛յրս ալ:

John 17:3

3 Եւ սա՛ է յաւիտենական կեանքը.- ճանչնալ քեզ՝ միմիայն ճշմարիտ Աստուածը, ու Յիսուս Քրիստոսը՝ որ դուն ղրկեցիր:

John 17:5

5 Եւ հիմա, Հա՜յր, փառաւորէ՛ զիս քու քովդ այն փառքով՝ որ ունէի քովդ աշխարհի ըլլալէն առաջ:

John 17:22-23

22 Այն փառքը՝ որ դուն տուիր ինծի, ես տուի անոնց, որպէսզի մէկ ըլլան՝ ինչպէս մենք մէկ ենք.23 (ես՝ անոնց մէջ, ու դուն՝ իմ մէջս.) որպէսզի իրենք կատարելապէս մէկ ըլլան, եւ աշխարհը գիտնայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս, ու սիրեցիր զանոնք՝ ինչպէս սիրեցիր զիս:24 Հա՜յր, անոնք որ տուիր ինծի, կ՚ուզեմ որ իրենք ալ ըլլան ինծի հետ՝ ո՛ւր որ ես եմ, որպէսզի տեսնեն իմ փառքս՝ որ տուիր ինծի. որովհետեւ դուն սիրեցիր զիս աշխարհի հիմնադրութենէն առաջ:

John 17:26

26 Քու անունդ ճանչցուցի անոնց, ու պիտի ճանչցնեմ. որպէսզի այն սէրը՝ որով դուն սիրեցիր զիս՝ ըլլայ անոնց մէջ, ու ե՛ս ալ անոնց մէջ»:

John 20:17

17 Յիսուս ըսաւ անոր. «Մի՛ դպչիր ինծի, որովհետեւ դեռ բարձրացած չեմ Հօրս քով. հապա գնա՛ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց. “Ես կը բարձրանամ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօր քով, իմ Աստուծոյս քով եւ ձեր Աստուծոյն քով”»:

Acts 1:8

8 բայց Սուրբ Հոգիին ձեր վրայ եկած ատենը՝ զօրութիւն պիտի ստանաք, եւ ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ, ամբողջ Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ երկրի ծայրերը»:

Acts 1:17

17 որովհետեւ ան մեզի հետ՝ մեր համրանքէն էր, եւ բաժին վիճակուած էր անոր այս սպասարկութենէն:

Acts 1:25

25 որպէսզի բաժին առնէ այս սպասարկութենէն ու առաքելութենէն, որմէ Յուդա ինկաւ՝ երթալու համար իր տեղը»:

Acts 2:5

5 Երուսաղէմ բնակող Հրեաներ կային, բարեպաշտ մարդիկ՝ երկինքի տակ եղած ամէն ազգէ:

Acts 2:38

38 Պետրոս ըսաւ անոնց. «Ապաշխարեցէ՛ք, ու ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսի անունով՝ մեղքերու ներումին համար, եւ պիտի ստանաք Սուրբ Հոգիին պարգեւը:

Acts 3:20

20 որպէսզի կազդուրումի ատենները գան Տէրոջ ներկայութենէն, եւ ղրկէ նախապէս ձեզի քարոզուած՝՝ Յիսուս Քրիստոսը:

Acts 4:12

12 Եւ ուրիշ ո՛չ մէկով փրկութիւն կայ. որովհետեւ անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկինքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարենանք փրկուիլ»:

Acts 5:41

41 Իրենք ալ մեկնեցան ատեանին առջեւէն, ուրախանալով որ արժանացան Տէրոջ անունին համար անպատուուելու:42 Ու ամէն օր տաճարը եւ տուներուն մէջ չէին դադրեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը աւետելէ:

Acts 8:5

5 Փիլիպպոս ալ Սամարիայի մէկ քաղաքը իջնելով՝ Քրիստոսը կը քարոզէր անոնց:

Acts 8:35

35 Ուստի Փիլիպպոս բացաւ իր բերանը, եւ սկսելով Գիրքին այդ խօսքէն՝ Յիսուսը աւետեց անոր:

Acts 9:20

20 Իսկոյն ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր Յիսուսը, թէ ա՛ն է Աստուծոյ Որդին:

Acts 10:30

30 Կոռնելիոս ալ ըսաւ. «Չորս օր առաջ՝ մինչեւ այս ժամը ծոմ կը պահէի, ու իններորդ ժամուն տանս մէջ կ՚աղօթէի. եւ ահա՛ փայլուն տարազով մարդ մը կայնեցաւ առջեւս ու ըսաւ.

Acts 10:36

36 Այն խօսքը՝ որ Աստուած ղրկեց Իսրայէլի որդիներուն, աւետելու խաղաղութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, (ա՛ն է բոլորին Տէրը,)

Acts 10:43

43 Բոլոր մարգարէները կը վկայեն անոր մասին թէ ո՛վ որ հաւատայ անոր՝ պիտի ստանայ մեղքերու ներում անոր անունով»:

Acts 11:18

18 Այս բաները լսելով՝ հանդարտեցան, ու փառաբանեցին Աստուած՝ ըսելով. «Ուրեմն Աստուած հեթանոսներո՛ւն ալ ապաշխարութիւն շնորհեց՝ կեանքի համար»:

Acts 11:20

20 Անոնցմէ ոմանք կիպրացի ու կիւրենացի մարդիկ էին, որոնք երբ մտան Անտիոք՝ կը խօսէին Հելլենացիներուն հետ, աւետելով Տէր Յիսուսը:

Acts 11:23

23 Երբ ան եկաւ ու տեսաւ Աստուծոյ շնորհքը՝ ուրախացաւ, եւ կը յորդորէր բոլորն ալ՝ որ յարին Տէրոջ յօժար սիրտով՝՝.

Acts 12:5

5 Ուստի Պետրոս պահուած էր բանտին մէջ, բայց եկեղեցին ջերմեռանդութեամբ կ՚աղօթէր Աստուծոյ՝ անոր համար:

Acts 12:24

24 Իսկ Աստուծոյ խօսքը կ՚աճէր ու կը բազմանար:

Acts 13:26

26 Մարդի՛կ եղբայրներ, Աբրահամի ցեղին որդինե՛ր, այս փրկութեան խօսքը ղրկուեցաւ ձեզի՛, եւ անոնց՝ որ ձեր մէջ աստուածավախ են:

Acts 13:38-39

38 Ուրեմն գիտցէ՛ք, մարդի՛կ եղբայրներ, թէ ասո՛ր միջոցով մեղքերու ներում կը հռչակուի ձեզի,

Acts 13:38

38 Ուրեմն գիտցէ՛ք, մարդի՛կ եղբայրներ, թէ ասո՛ր միջոցով մեղքերու ներում կը հռչակուի ձեզի,39 եւ թէ իրմո՛վ ամէն հաւատացեալ կ՚արդարանայ այն բոլոր բաներէն՝ որոնցմէ չկրցաք արդարանալ Մովսէսի Օրէնքով:

Acts 14:22

22 Երբ երէցներ ձեռնադրեցին անոնց՝ ամէն եկեղեցիի մէջ, ծոմապահութեամբ աղօթելով յանձնեցին զանոնք Տէրոջ՝ որուն հաւատացած էին:

Acts 16:14

14 Աստուածապաշտ կին մը՝ Լիդիա անունով, որ ծիրանավաճառ էր՝ Թիւատիր քաղաքէն, մտիկ կ՚ընէր. Տէրը բացաւ անոր սիրտը՝ որ ուշադիր ըլլայ Պօղոսի ըսածներուն:

Acts 17:3

3 բացատրելով եւ փաստարկելով անոնց թէ Քրիստոս պէ՛տք է չարչարուէր ու մեռելներէն յարութիւն առնէր. եւ ըսաւ. “Այս Յիսուսը՝ որ ես կը հռչակեմ ձեզի, Քրիստո՛սն է”:

Acts 17:18

18 Քանի մը Եպիկուրեան եւ Ստոյիկեան փիլիսոփաներ ալ կը խորհրդակցէին իրեն հետ: Ոմանք կ՚ըսէին. «Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ այս սերմնաքաղը»: Ուրիշներ ալ կ՛ըսէին. «Կը թուի թէ օտար աստուածներու քարոզիչ է». որովհետեւ կ՚աւետէր անոնց Յիսուսը եւ յարութիւնը:

Acts 17:28

28 Արդարեւ անո՛վ կ՚ապրինք, կը շարժինք եւ կանք, ինչպէս ձեր բանաստեղծներէն ոմանք ալ ըսին. “Քանի որ մենք անոր ցեղէն իսկ ենք”:

Acts 20:24

24 Բայց ես ո՛չ մէկ բան կը հաշուեմ, ո՛չ ալ ինծի համար պատուական կը նկատեմ՝՝ իմ անձս, որպէսզի ուրախութեամբ աւարտեմ ընթացքս, նաեւ այն սպասարկութիւնը որ ստացայ Տէր Յիսուսէն՝ վկայ ըլլալու Աստուծոյ շնորհքի աւետարանին:

Acts 20:27-28

27 որովհետեւ չընկրկեցայ Աստուծոյ ամբողջ ծրագիրը հաղորդելէ ձեզի:28 Ուրեմն ուշադի՛ր եղէք դուք ձեզի եւ ամբողջ հօտին, որուն վրայ Սուրբ Հոգին տեսուչ դրաւ ձեզ՝ հովուելու Աստուծոյ եկեղեցին, որ ստացաւ իր արիւնով:

Acts 20:28-28

28 Ուրեմն ուշադի՛ր եղէք դուք ձեզի եւ ամբողջ հօտին, որուն վրայ Սուրբ Հոգին տեսուչ դրաւ ձեզ՝ հովուելու Աստուծոյ եկեղեցին, որ ստացաւ իր արիւնով:

Acts 20:31

31 Ուստի արթո՛ւն կեցէք, եւ յիշեցէ՛ք թէ երեք տարի, գիշեր ու ցերեկ, չդադրեցայ ձեզմէ իւրաքանչիւրը արցունքով խրատելէ:32 Եւ հիմա, եղբայրնե՛ր, կը յանձնեմ ձեզ Աստուծոյ ու անոր շնորհքի խօսքին, որ կարող է շինել եւ ձեզի ժառանգութիւն տալ՝ բոլոր սրբացածներուն հետ:

Acts 23:6

6 Երբ Պօղոս գիտցաւ թէ մէկ մասը Սադուկեցիներ էին, ու միւսը՝ Փարիսեցիներ, աղաղակեց ատեանին մէջ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես Փարիսեցի եմ, Փարիսեցիի որդի. կը դատուիմ մեռելներու յարութեան յոյսի՛ն համար»:

Acts 24:15

15 Յոյս ունիմ Աստուծոյ վրայ, ինչպէս ասո՛նք ալ ակնկալութիւն ունին, թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ անարդարներուն:

Acts 26:6-7

6 Եւ հիմա դատարան ներկայացած եմ ու կը դատուիմ՝ Աստուծմէ մեր հայրերուն եղած խոստումի յոյսին համար,7 որուն կը յուսան հասնիլ մեր տասներկու տոհմերը՝ ջերմեռանդութեամբ պաշտելով Աստուած գիշեր ու ցերեկ: Ես կ՚ամբաստանուիմ Հրեաներէն այս յոյսին համար, Ագրիպպա՛ս թագաւոր:

Acts 26:16

16 Բայց կանգնէ՛ ու կեցի՛ր ոտքերուդ վրայ. որովհետեւ երեւցայ քեզի՝ որպէսզի կարգեմ քեզ սպասաւոր եւ վկայ թէ՛ այն բաներուն՝ որ տեսար, թէ՛ ալ այն բաներուն՝ որոնցմով պիտի երեւնամ քեզի:

Acts 26:18

18 անոնց աչքերը բանալու, խաւարէն՝ լոյսի, եւ Սատանայի իշխանութենէն՝ Աստուծոյ դարձնելու, որպէսզի անոնք ստանան մեղքերու ներում, նաեւ ժառանգութիւն անոնց հետ՝ որ սրբացած են հաւատալով ինծի”»:

Acts 26:23

23 թէ Քրիստոս պիտի չարչարուէր, ի՛նք պիտի ըլլար առաջինը՝ որ մեռելներէն յարութիւն պիտի առնէր, ու լոյս պիտի քարոզէր ժողովուրդին եւ հեթանոսներուն»:

Romans 1:1

1 Պօղոս, ծառայ Յիսուս Քրիստոսի, կանչուած՝ առաքեալ ըլլալու, նշանակուած՝ քարոզելու Աստուծոյ աւետարանը,

Romans 1:7

7 ձեր բոլորին՝ որ Հռոմի մէջ էք, Աստուծոյ սիրելիներուդ ու սուրբ ըլլալու կանչուածներուդ, շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ:8 Նախ շնորհակալ եմ ձեր բոլորին համար իմ Աստուծմէս՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որ ձեր հաւատքը կը պատմուի ամբողջ աշխարհի մէջ:

Romans 1:8-10

8 Նախ շնորհակալ եմ ձեր բոլորին համար իմ Աստուծմէս՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որ ձեր հաւատքը կը պատմուի ամբողջ աշխարհի մէջ:9 Քանի որ վկայ է ինծի Աստուած, որ ես կը պաշտեմ հոգիովս՝ անոր Որդիին աւետարանը քարոզելով,

Romans 1:9-10

9 Քանի որ վկայ է ինծի Աստուած, որ ես կը պաշտեմ հոգիովս՝ անոր Որդիին աւետարանը քարոզելով,10 թէ ի՛նչպէս անդադար կը յիշեմ ձեզ ամէն ատեն՝ աղօթքներուս մէջ, աղերսելով որ վերջապէս անգամ մը յաջողիմ գալ ձեզի Աստուծոյ կամքով:

Romans 1:13

13 Սակայն չեմ ուզեր որ անգիտանաք, եղբայրնե՛ր, որ յաճախ առաջադրեցի գալ ձեզի, (եւ մինչեւ հիմա արգիլուեցայ,) որպէսզի ձեր մէջ ալ պտուղ մը ունենամ, ինչպէս միւս հեթանոսներուն մէջ:

Romans 1:30

30 բամբասող, Աստուած ատող, նախատող, ամբարտաւան, պոռոտախօս, չար բաներ հնարող, ծնողներու անհնազանդ,

Romans 2:7

7 յաւիտենական կեանք անոնց՝ որ համբերութեամբ յարատեւելով բարի գործերու մէջ՝ կը փնտռեն փառք, պատիւ եւ անմահութիւն.

Romans 3:24-25

24 բայց ձրի կ՚արդարանան անոր շնորհքով, Քրիստոս Յիսուսով եղած ազատագրութեամբ:25 Աստուած նախապէս սահմանեց զայն՝ քաւութիւն ըլլալու անոր արիւնին հաւատացողներուն, որպէսզի ցոյց տայ իր արդարութիւնը՝ ներելով նախապէս - Աստուծոյ հանդուրժողութեան ժամանակ - գործուած մեղքերը:

Romans 4:6-8

6 Ինչպէս Դաւիթ ալ կը խօսի երանութեան մասին այն մարդուն, որուն Աստուած արդարութիւն կը սեպէ՝ առանց գործերու:7 «Երանի՜ անոնց,- կ՚ըսէ,- որոնց անօրէնութիւնները ներուեցան, եւ որոնց մեղքերը ծածկուեցան:8 Երանի՜ այն մարդուն, որուն մեղք չի սեպեր Տէրը»:

Romans 4:12

12 նաեւ հայրը թլփատութեան՝ անոնց համար, որոնք ո՛չ միայն թլփատուած են, այլ նաեւ կ՚ընթանան մեր հօր Աբրահամի անթլփատութեան ատեն ունեցած հաւատքին հետքերով:

Romans 5:1

1 Ուրեմն մենք՝ հաւատքով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:2 Անով նաեւ արտօնութիւն ունեցանք հաւատքով մօտենալու այս շնորհքին՝ որուն մէջ կեցած ենք, եւ կը պարծենանք Աստուծոյ փառքին յոյսով:3 Ո՛չ միայն այսքան, հապա կը պարծենանք տառապանքներու մէջ ալ. որովհետեւ գիտենք թէ տառապանքը կ՚իրագործէ համբերութիւն,

Romans 5:3

3 Ո՛չ միայն այսքան, հապա կը պարծենանք տառապանքներու մէջ ալ. որովհետեւ գիտենք թէ տառապանքը կ՚իրագործէ համբերութիւն,4 համբերութիւնը՝ փորձառութիւն, ու փորձառութիւնը՝ յոյս.5 եւ յոյսը ամօթահար չ՚ըներ, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը մեր սիրտերուն մէջ սփռուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով՝ որ տրուեցաւ մեզի:

Romans 5:5-5

5 եւ յոյսը ամօթահար չ՚ըներ, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը մեր սիրտերուն մէջ սփռուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով՝ որ տրուեցաւ մեզի:

Romans 5:9-10

9 Քրիստոս մեռաւ մեզի համար. ուրեմն հիմա որ արդարացանք իր արիւնով, ո՜րչափ աւելի բարկութենէն պիտի փրկուինք իրմով:10 Որովհետեւ եթէ մեր թշնամի եղած ատենը հաշտուեցանք Աստուծոյ հետ իր Որդիին մահով, ո՜րչափ աւելի մեր հաշտուած ատենը պիտի փրկուինք անոր կեանքով:

Romans 6:4

4 Ուրեմն անոր հետ թաղուեցանք մկրտութեամբ՝ մահուան համար. որպէսզի ինչպէս Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ՝ Հօրը փառքով, այնպէս ալ մենք ընթանանք նոր կեանքի մէջ:

Romans 6:17-22

17 Բայց շնորհակալութի՛ւն Աստուծոյ, որ մեղքին ստրուկ ըլլալէ ետք՝ սրտանց հնազանդեցաք այն ուսուցումի տիպարին՝ որ աւանդուեցաւ ձեզի:18 Ուստի դուք՝ ազատած ըլլալով մեղքէն՝ ստրուկ եղաք արդարութեա՛ն.19 (մարդկային կերպով կը խօսիմ՝ ձեր մարմինին տկարութեան պատճառով.) քանի որ ինչպէս յանձնեցիք ձեր անդամները անօրէնութեան՝ ստրուկ ըլլալու անմաքրութեան եւ անօրէնութեան, այնպէս ալ հիմա ընծայեցէ՛ք ձեր անդամները սրբութեան՝ ստրուկ ըլլալու արդարութեան:20 Որովհետեւ երբ դուք ստրուկ էիք մեղքին՝ ազատ էիք արդարութենէն:21 Ուրեմն այն ատեն ի՞նչ պտուղ ունէիք այն բաներէն՝ որոնց համար հիմա կ՚ամչնաք. որովհետեւ անոնց վախճանը մահ է:22 Իսկ հիմա, մեղքէն ազատած եւ Աստուծոյ ստրուկ եղած ըլլալով, ձեր պտուղը ունիք՝ սրբութեամբ, ու վախճանը՝ յաւիտենական կեանքը:

Romans 7:4

4 Հետեւաբար դո՛ւք ալ, եղբայրնե՛րս, Օրէնքին մեռաք Քրիստոսի մարմինով, որպէսզի ըլլաք ուրիշի՛ մը, անոր՝ որ մեռելներէն յարութիւն առաւ, որպէսզի պտուղ արտադրենք Աստուծոյ:

Romans 8:7-8

7 Արդարեւ մարմնաւոր մտածումը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է, քանի Աստուծոյ Օրէնքին չի հպատակիր. մա՛նաւանդ չի կրնար ալ,8 որովհետեւ մարմինին համաձայն ապրողները չեն կրնար հաճեցնել Աստուած:

Romans 8:10

10 Սակայն եթէ Քրիստոս ձեր մէջ է, մարմինը մեռած է մեղքին պատճառով, իսկ Հոգին կեանք կը պարգեւէ արդարութեան պատճառով:

Romans 8:17

17 ու եթէ զաւակներ՝ ուրեմն ժառանգորդներ, Աստուծոյ ժառանգորդներ եւ Քրիստոսի ժառանգակիցներ, որպէսզի եթէ չարչարուինք իրեն հետ, նաեւ փառաւորուինք իրեն հետ:18 Արդարեւ ես այնպէս կը սեպեմ թէ այս ներկայ ժամանակին չարչարանքները՝ արժանի չեն բաղդատուելու գալիք փառքին հետ, որ պիտի յայտնուի մեր մէջ:19 Քանի որ արարածները եռանդուն ակնկալութեամբ կը սպասեն Աստուծոյ որդիներուն յայտնութեան:

Romans 8:29-30

29 Որովհետեւ անո՛նք՝ որ նախապէս ճանչցաւ, նաեւ նախասահմանեց՝ կերպարանակից ըլլալու իր Որդիին պատկերին, որպէսզի ան ըլլայ անդրանի՛կը բազմաթիւ եղբայրներու մէջ:

Romans 8:29

29 Որովհետեւ անո՛նք՝ որ նախապէս ճանչցաւ, նաեւ նախասահմանեց՝ կերպարանակից ըլլալու իր Որդիին պատկերին, որպէսզի ան ըլլայ անդրանի՛կը բազմաթիւ եղբայրներու մէջ:30 Եւ անոնք որ նախասահմանեց՝ նաեւ կանչեց, անոնք որ կանչեց՝ նաեւ արդարացուց, եւ անոնք որ արդարացուց՝ նաեւ փառաւորեց:

Romans 8:38

38 Որովհետեւ ես համոզուած եմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալիք բաները,

Romans 9:23

23 որպէսզի գիտցնէ իր փառքին ճոխութիւնը՝ ողորմութիւն գտնող անօթներուն, որ նախապէս պատրաստեց փառքի համար,

Romans 10:8

8 Հապա ի՞նչ կ՚ըսէ ան. «Խօսքը մօտ է քեզի, բերանիդ եւ սիրտիդ մէջ է». այսինքն հաւատքին խօսքը՝ որ մենք կը քարոզենք:

Romans 10:17-18

17 Ուրեմն հաւատքը կու գայ լսելէն, ու լսելը՝ Աստուծոյ խօսքէն:18 Բայց կ՚ըսեմ. «Միթէ չլսեցի՞ն: Անկասկած. “Անոնց հնչիւնը գնաց ամբո՛ղջ երկիրը, եւ անոնց խօսքը՝ մինչեւ երկրագունդին ծայրերը”»:

Romans 10:18

18 Բայց կ՚ըսեմ. «Միթէ չլսեցի՞ն: Անկասկած. “Անոնց հնչիւնը գնաց ամբո՛ղջ երկիրը, եւ անոնց խօսքը՝ մինչեւ երկրագունդին ծայրերը”»:

Romans 11:17

17 Եթէ այդ ճիւղերէն ոմանք կտրուեցան, ու դո՛ւն՝ որ վայրի ձիթենի էիր, պատուաստուեցար անոնց մէջտեղ եւ հաղորդակից եղար անոնց հետ ձիթենիին արմատին ու պարարտութեան,

Romans 11:33

33 «Ո՛վ Աստուծոյ ճոխութեան, իմաստութեան ու գիտութեան խորութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները, եւ անզննելի՝ իր ճամբաները:

Romans 11:36

36 Որովհետեւ անկէ, անով եւ անորն են բոլոր բաները, որուն փա՜ռք յաւիտեան: Ամէն:

Romans 12:2

2 Եւ մի՛ համակերպիք այս աշխարհին, հապա փոխակերպուեցէ՛ք ձեր միտքին նորոգութեամբ, որպէսզի քննէք թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի, հաճելի եւ կատարեալ է:

Romans 14:17

17 քանի որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կերակուր ու խմելիք չէ, հապա արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն՝ Սուրբ Հոգիով:

Romans 15:15-19

15 Սակայն, եղբայրներ, կերպով մը աւելի՛ յանդգնութեամբ գրեցի ձեզի, իբր թէ յիշեցնելով ձեզի, Աստուծմէ ինծի տրուած շնորհքին պատճառով՝16 որ Յիսուս Քրիստոսի պաշտօնեան ըլլամ հեթանոսներուն մէջ, Աստուծոյ աւետարանին քահանայութիւնը կատարելով, որպէսզի հեթանոսները ըլլան ընդունելի ընծայ՝ Սուրբ Հոգիով սրբացած:

Romans 15:16-19

16 որ Յիսուս Քրիստոսի պաշտօնեան ըլլամ հեթանոսներուն մէջ, Աստուծոյ աւետարանին քահանայութիւնը կատարելով, որպէսզի հեթանոսները ըլլան ընդունելի ընծայ՝ Սուրբ Հոգիով սրբացած:17 Ուրեմն Քրիստոս Յիսուսի միջոցով պատճառ ունիմ պարծենալու Աստուծոյ վերաբերող բաներուն մէջ:18 Բայց չեմ յանդգնիր խօսիլ այն բաներէն որեւէ մէկուն մասին, որ Քրիստոս ինձմով գործադրած չէ հեթանոսները հնազանդեցնելու համար, խօսքով ու գործով,19 զօրաւոր նշաններով ու սքանչելիքներով, Աստուծոյ Հոգիին զօրութեամբ. այնպէս որ, սկսելով Երուսաղէմէն եւ անոր շրջակայքէն՝ մինչեւ Իլլիւրիկում, լիովին քարոզեցի Քրիստոսի աւետարանը:

Romans 15:19-19

19 զօրաւոր նշաններով ու սքանչելիքներով, Աստուծոյ Հոգիին զօրութեամբ. այնպէս որ, սկսելով Երուսաղէմէն եւ անոր շրջակայքէն՝ մինչեւ Իլլիւրիկում, լիովին քարոզեցի Քրիստոսի աւետարանը:20 Այսպէս, պատիւ համարեցի աւետարանել հո՛ն՝ ուր Քրիստոս քարոզուած չէր, որպէսզի ուրիշի մը դրած հիմին վրայ չկառուցանեմ, հապա՝ ինչպէս գրուած է.

Romans 15:27

27 Իսկապէս բարեհաճեցան, եւ անոնց պարտական ալ են: Որովհետեւ եթէ հեթանոսները հաղորդակցեցան անոնց հոգեւոր բաներուն, պարտաւոր են նաեւ օգնել անոնց՝ մարմնաւոր բաներուն մէջ:28 Ուրեմն երբ կատարեմ ասիկա եւ կնքեմ անոնց այս պտուղը, Սպանիա պիտի երթամ ձեր քովէն անցնելով:

Romans 15:30

30 Կ՚աղաչե՛մ ձեզի, եղբայրնե՛ր, մեր Տէրոջմով՝ Յիսուս Քրիստոսով ու Հոգիին սիրով, որ պայքարիք ինծի հետ ձեր աղօթքներուն մէջ՝ որոնք Աստուծոյ ուղղուած են ինծի համար,

Romans 16:25-26

25 Եւ հիմա՝ անո՛ր, որ կարող է ձեզ ամրացնել՝ իմ աւետարանիս ու Յիսուս Քրիստոսի քարոզութեան համաձայն, այն խորհուրդին յայտնութեան համաձայն՝ որ լռութեան մէջ մնացած էր դարերու ժամանակներէն ի վեր,

Romans 16:25

25 Եւ հիմա՝ անո՛ր, որ կարող է ձեզ ամրացնել՝ իմ աւետարանիս ու Յիսուս Քրիստոսի քարոզութեան համաձայն, այն խորհուրդին յայտնութեան համաձայն՝ որ լռութեան մէջ մնացած էր դարերու ժամանակներէն ի վեր,26 բայց հիմա բացայայտ եղաւ ու Մարգարէներուն գիրքերով - յաւիտենական Աստուծոյ հրամանին համաձայն - բոլոր հեթանոսներուն գիտցուեցաւ՝ հաւատքի հնազանդութեան համար,

Romans 16:26-26

26 բայց հիմա բացայայտ եղաւ ու Մարգարէներուն գիրքերով - յաւիտենական Աստուծոյ հրամանին համաձայն - բոլոր հեթանոսներուն գիտցուեցաւ՝ հաւատքի հնազանդութեան համար,

1 Corinthians 1:1

1 Պօղոս, կանչուած Աստուծոյ կամքով՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ ըլլալու, ու Սոսթենէս եղբայրը,2 Կորնթոսի մէջ եղած Աստուծոյ եկեղեցիին, անոնց՝ որ Քրիստոս Յիսուսով սրբացած են, կանչուած՝ սուրբեր ըլլալու բոլոր անոնց հետ, որ ամէն տեղ կը կանչեն մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունը, թէ՛ իրենց եւ թէ մեր Տէրոջ.

1 Corinthians 1:4

4 Ամէն ատեն շնորհակալ կ՚ըլլամ իմ Աստուծմէս ձեզի համար, քանի որ Աստուծոյ շնորհքը տրուած է ձեզի Քրիստոս Յիսուսով,5 ու դուք ամէն բանի մէջ հարստացած էք անով՝ ամէն խօսքով եւ ամէն գիտութեամբ:

1 Corinthians 1:23

23 իսկ մենք կը քարոզենք խաչեալ Քրիստոսը, գայթակղութիւն՝ Հրեաներուն, ու յիմարութիւն՝ Յոյներուն.

1 Corinthians 1:30

30 Բայց դուք Քրիստոս Յիսուսով անկէ՛ էք, որ Աստուծմէ մեզի համար իմաստութիւն, արդարութիւն, սրբութիւն եւ ազատագրութիւն եղաւ.

1 Corinthians 2:6

6 Սակայն կատարեալներուն կը խօսինք իմաստութեան մասին. բայց ո՛չ այս աշխարհի, ո՛չ ալ այս աշխարհի ոչնչացող իշխաններուն իմաստութեան մասին,7 հապա՝ Աստուծո՛յ խորհրդաւոր եւ ծածկուած իմաստութեան մասին կը խօսինք, որ Աստուած դարերէն առաջ սահմանեց մեր փառքին համար:

1 Corinthians 2:12-14

12 Իսկ մենք ստացանք ո՛չ թէ այս աշխարհի հոգին, հապա այն Հոգին՝ որ Աստուծմէ է. որպէսզի մենք գիտնանք այն բաները՝ որ Աստուած շնորհեց մեզի.13 նաեւ անոնց մասին կը խօսինք, ո՛չ թէ այն խօսքերով՝ որ մարդկային իմաստութիւնը կը սորվեցնէ, հապա Հոգիին սորվեցուցածներով, համեմատելով հոգեւոր բաները հոգեւորի հետ:14 Իսկ շնչաւոր մարդը չ՚ընդունիր Աստուծոյ Հոգիին բաները, որովհետեւ անոնք իրեն համար յիմարութիւն են, ո՛չ ալ կրնայ հասկնալ, քանի որ կը զննուին հոգեւոր կերպով:15 Բայց ա՛ն որ հոգեւոր է՝ կը զննէ ամէն բան, սակայն ինք կը զննուի ո՛չ մէկէն:

1 Corinthians 3:5

5 Իսկ ո՞վ է Պօղոս, կամ ո՞վ է Ապողոս. լոկ սպասարկուներ, որոնցմով դուք հաւատացիք՝ ինչպէս Տէրը տուաւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին:

1 Corinthians 3:16

16 Չէ՞ք գիտեր թէ դուք Աստուծոյ տաճարն էք, եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ:

1 Corinthians 4:1-3

1 Մարդիկ թող սեպեն մեզ՝ որպէս Քրիստոսի սպասաւորներն ու Աստուծոյ խորհուրդներուն տնտեսները:2 Իսկ տնտեսէ մը կը պահանջուի որ հաւատարիմ գտնուի:

1 Corinthians 4:2-3

2 Իսկ տնտեսէ մը կը պահանջուի որ հաւատարիմ գտնուի:3 Բայց ինծի համար չնչին բան է որ դատուիմ ձեզմէ, կամ մարդոց դատաստանէն. նոյնիսկ ե՛ս չեմ դատեր զիս.

1 Corinthians 4:14

14 Այս բաները կը գրեմ՝ ո՛չ թէ ձեզ ամչցնելու համար, հապա կը խրատեմ ձեզ՝ սիրելի զաւակներուս պէս:

1 Corinthians 4:17

17 Ասոր համար ձեզի ղրկեցի Տիմոթէոսը, որ սիրելի զաւակս է, ու հաւատարիմ է Տէրոջմով. ան պիտի վերյիշեցնէ ձեզի իմ ճամբաներս՝ որ Քրիստոսի մէջ են, ինչպէս ամէնուրեք բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը սորվեցնեմ:

1 Corinthians 6:9-11

9 չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները պիտի չժառանգեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Մի՛ մոլորիք. ո՛չ պոռնկողները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները,10 ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ արբեցողները, ո՛չ հեգնողները, ո՛չ ալ յափշտակողները պիտի ժառանգեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը:11 Եւ ձեզմէ ոմանք այդպիսիներ էին. բայց լուացուեցաք, բայց սրբացաք, բայց արդարացաք Տէր Յիսուսի անունով ու մեր Աստուծոյն Հոգիով:

1 Corinthians 7:25

25 Կոյսերուն մասին Տէրոջմէն հրաման մը չունիմ. սակայն կը յայտնեմ իմ դատումս, իբր մէկը՝ որ ողորմութիւն գտած է Տէրոջմէն՝ հաւատարիմ ըլլալու:

1 Corinthians 8:6

6 մենք ունինք մէ՛կ Աստուած՝ Հա՛յրը, որմէ են բոլոր բաները, եւ մենք՝ անոր կը պատկանինք՝՝, ու մէ՛կ Տէր՝ Յիսուս Քրիստոս, որով գոյութիւն ունին՝՝ բոլոր բաները, եւ մենք՝ անով կանք:

1 Corinthians 9:17

17 Քանի որ եթէ ասիկա կամովին ընեմ, վարձատրութիւն կ՚ունենամ. իսկ եթէ ակամայ՝ այդ ինծի վստահուած տնտեսութիւն մըն է:

1 Corinthians 9:23

23 Եւ ասիկա կ՚ընեմ աւետարանին համար, որ հաղորդակից ըլլամ անոր:

1 Corinthians 9:25-27

25 Ո՛վ որ կը մրցի՝ չափաւորութիւն կը պահէ ամէն բանի մէջ. անոնք՝ եղծանելի պսակը ստանալու համար, իսկ մենք՝ անեղծանելին:26 Ուստի ես ա՛յդպէս կը վազեմ, ո՛չ թէ անստուգութեամբ. ես ա՛յդպէս կռփամարտ կ՚ընեմ, ո՛չ թէ հովը ծեծելով.27 բայց կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ մարմինս, որպէսզի՝ ուրիշներուն քարոզելէ ետք՝ ես ինքս խոտելի չըլլամ:

1 Corinthians 11:3

3 Բայց կ՚ուզեմ որ գիտնաք թէ ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է, ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը, եւ Քրիստոսի գլուխը՝ Աստուած:

1 Corinthians 12:6

6 ներգործութիւնները զանազան են՝ բայց նոյն Աստուածն է որ կը ներգործէ ամէն ինչ՝ բոլորին մէջ:

1 Corinthians 12:8

8 Մէկուն տրուած է իմաստութեան խօսք՝ Հոգիով. ուրիշին՝ գիտութեան խօսք, նոյն Հոգիով.

1 Corinthians 12:11

11 Այս ամէնը՝ միեւնոյն Հոգին կը ներգործէ, եւ իւրաքանչիւրին կը բաժնէ զատ-զատ՝ ինչպէս որ ինք փափաքի:

1 Corinthians 13:13

13 Իսկ հիմա սա՛ երեքը կը մնան՝ հաւատքը, յոյսը, սէրը. բայց սէ՛րն է ասոնց մեծագոյնը:

1 Corinthians 15:10-11

10 Բայց Աստուծոյ շնորհքո՛վն եմ՝ ինչ որ եմ: Եւ անոր շնորհքը՝ որ իմ վրաս է, ընդունայն չեղաւ. հապա ես անոնց բոլորէն շա՛տ աւելի աշխատեցայ. սակայն ո՛չ թէ ես, հապա Աստուծոյ շնորհքը՝ որ ինծի հետ էր:

1 Corinthians 15:10

10 Բայց Աստուծոյ շնորհքո՛վն եմ՝ ինչ որ եմ: Եւ անոր շնորհքը՝ որ իմ վրաս է, ընդունայն չեղաւ. հապա ես անոնց բոլորէն շա՛տ աւելի աշխատեցայ. սակայն ո՛չ թէ ես, հապա Աստուծոյ շնորհքը՝ որ ինծի հետ էր:11 Ուստի՝ թէ՛ ես, թէ՛ անոնք ա՛յսպէս կը քարոզենք, ու դուք ա՛յսպէս հաւատացիք:12 Ուրեմն եթէ կը քարոզուի թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ի՞նչպէս ձեզմէ ոմանք կ՚ըսեն թէ “մեռելներու յարութիւն չկայ”:

1 Corinthians 15:19

19 Եթէ միայն այս կեանքին համար Քրիստոսի յուսացած ենք, մենք բոլոր մարդոցմէն աւելի խղճալի ենք:20 Իսկ հիմա՝ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ու եղած երախայրիքը անոնց՝ որ ննջեցին:21 Որովհետեւ՝ քանի մարդով եղաւ մահը, մարդո՛վ ալ եղաւ մեռելներու յարութիւնը:22 Որովհետեւ ինչպէս Ադամով բոլորը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով բոլորը կեանք պիտի ստանան:23 Բայց իւրաքանչիւրը իր կարգով. նախ երախայրիքը՝ Քրիստոս, յետոյ Քրիստոսի պատկանողները՝ իր գալուստին:

1 Corinthians 15:23-23

23 Բայց իւրաքանչիւրը իր կարգով. նախ երախայրիքը՝ Քրիստոս, յետոյ Քրիստոսի պատկանողները՝ իր գալուստին:24 Ապա պիտի գայ վախճանը, երբ թագաւորութիւնը պիտի յանձնէ Աստուծոյ՝ Հօրը, ոչնչացնելէ ետք ամէն պետութիւն, ամէն իշխանութիւն ու զօրութիւն:25 Որովհետեւ ան պէտք է թագաւորէ, մինչեւ որ բոլոր թշնամիները դնէ իր ոտքերուն տակ:

1 Corinthians 15:25

25 Որովհետեւ ան պէտք է թագաւորէ, մինչեւ որ բոլոր թշնամիները դնէ իր ոտքերուն տակ:

1 Corinthians 15:58

58 Հետեւաբար, սիրելի՛ եղբայրներս, հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ եղէք, ու ամէն ատեն յառաջդիմեցէ՛ք Տէրոջ գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատանքը ընդունայն չէ Տէրոջմով:

2 Corinthians 1:1

1 Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, ու Տիմոթէոս մեր եղբայրը, Կորնթոսի մէջ եղած Աստուծոյ եկեղեցիին եւ Աքայիայի մէջ եղող բոլոր սուրբերուն.

2 Corinthians 1:5-8

5 որովհետեւ ինչպէս Քրիստոսի չարչարանքները կ՚առատանան մեր մէջ, նմանապէս մեր մխիթարութիւնն ալ կ՚առատանայ Քրիստոսի միջոցով:6 Եթէ տառապինք՝ ձեր մխիթարութեան եւ փրկութեան համար է, որ արդիւնաւոր կ՚ըլլայ՝ համբերելով այն նոյն չարչարանքներուն, որոնցմով մենք ալ կը չարչարուինք. ու եթէ մխիթարուինք՝ ձեր մխիթարութեան եւ փրկութեան համար է:7 Մեր յոյսը հաստատուն է ձեր վրայ, որովհետեւ գիտենք թէ ինչպէս հաղորդակից էք մեր չարչարանքներուն, նոյնպէս ալ մխիթարութեան պիտի ըլլաք:8 Որովհետեւ չենք ուզեր, եղբայրնե՛ր, որ անգիտանաք Ասիայի մէջ մեզի պատահած տառապանքը. չափէն աւելի ծանրաբեռնուեցանք, մեր կարողութենէն աւելի, ա՛յնքան՝ որ նոյնիսկ յուսահատեցանք կեանքէն:

2 Corinthians 2:14

14 Շնորհակալութի՛ւն Աստուծոյ, որ ամէն ատեն մեզի յաղթութիւն կը պատճառէ Քրիստոսով, ու զինք ճանչնալուն հոտը մեզմով կը յայտնաբերէ ամէն տեղ:

2 Corinthians 3:6

6 Ան նաեւ ընդունակ ըրաւ մեզ Նոր Կտակարանին սպասարկուներ ըլլալու. ո՛չ թէ գիրին, հապա՝ Հոգիին, որովհետեւ գիրը կը սպաննէ, բայց Հոգին կեանք կու տայ:

2 Corinthians 4:1

1 Ուստի, քանի ունինք այս սպասարկութիւնը, ողորմութիւն գտած ըլլալով՝ չենք ձանձրանար.

2 Corinthians 4:4

4 որոնց մէջ այս աշխարհի աստուածը կուրցուց անհաւատներուն միտքերը, որպէսզի Քրիստոսի՝ Աստուծոյ պատկերին՝ փառքի աւետարանին լոյսը անոնց վրայ չշողայ:5 Արդարեւ մենք մեզ չէ որ կը քարոզենք, հապա՝ Քրիստոս Յիսուս Տէրը, ու մեզ՝ ձեր ծառաները Յիսուսի համար.6 որովհետեւ Աստուած, որ հրամայեց լոյսին՝ փայլիլ խաւարին մէջէն, ինք փայլեցաւ մեր սիրտերուն մէջ՝ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսի դէմքին վրայ:7 Բայց մենք ունինք այս գանձը հողէ անօթներու մէջ, որպէսզի զօրութեան գերազանցութիւնը ըլլայ Աստուծմէ, եւ ո՛չ թէ մեզմէ:8 Ամէն կողմէ կը տառապինք, բայց տագնապած չենք. վարանումի մէջ ենք, բայց յուսահատած չենք.9 հալածուած ենք, բայց լքուած չենք. խորտակուած ենք, բայց կորսուած չենք:10 Ամէն ատեն Յիսուսի մահը կը կրենք մեր մարմինին մէջ, որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ յայտնաբերուի մեր մարմինին մէջ:11 Որովհետեւ մենք որ կ՚ապրինք՝ ամէն ատեն Յիսուսի համար մահուան կը մատնուինք, որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ յայտնաբերուի մեր մահկանացու մարմինին մէջ:12 Ուստի՝ մահը կը ներգործէ մե՛ր մէջ, իսկ կեանքը՝ ձե՛ր մէջ:

2 Corinthians 4:17

17 Արդարեւ մեր թեթեւ, վայրկենական տառապանքը՝ մեզի համար կը պատրաստէ գերազանց ու յաւիտենական կշիռք ունեցող փառք մը.

2 Corinthians 5:5

5 Ուրեմն ա՛ն՝ որ պատրաստեց մեզ այդ նոյն բանին համար՝ Աստուա՛ծ է, որ նաեւ տուաւ մեզի Հոգիին գրաւականը:

2 Corinthians 5:9

9 Ուստի պատիւ կը համարենք ընդունելի ըլլալ անոր, մօտ թէ հեռու:

2 Corinthians 5:18-21

18 Եւ ամէն բան Աստուծմէ է, որ հաշտեցուց մեզ իրեն հետ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, ու տուաւ մեզի հաշտութեան սպասարկութիւնը.

2 Corinthians 5:18-20

18 Եւ ամէն բան Աստուծմէ է, որ հաշտեցուց մեզ իրեն հետ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, ու տուաւ մեզի հաշտութեան սպասարկութիւնը.19 այսինքն Աստուած էր, որ Քրիստոսով հաշտեցուց աշխարհը իրեն հետ՝ անոնց յանցանքները չվերագրելով իրենց, ու յանձնեց մեզի հաշտութեան խօսքը:

2 Corinthians 5:19-21

19 այսինքն Աստուած էր, որ Քրիստոսով հաշտեցուց աշխարհը իրեն հետ՝ անոնց յանցանքները չվերագրելով իրենց, ու յանձնեց մեզի հաշտութեան խօսքը:

2 Corinthians 5:19-20

19 այսինքն Աստուած էր, որ Քրիստոսով հաշտեցուց աշխարհը իրեն հետ՝ անոնց յանցանքները չվերագրելով իրենց, ու յանձնեց մեզի հաշտութեան խօսքը:20 Ուրեմն մենք դեսպաններ ենք Քրիստոսի համար, որպէս թէ Աստուած կ՚աղաչէր ձեզի մեր միջոցով. կ՚աղերսենք ձեզի Քրիստոսի կողմէն, հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ:

2 Corinthians 5:20-20

20 Ուրեմն մենք դեսպաններ ենք Քրիստոսի համար, որպէս թէ Աստուած կ՚աղաչէր ձեզի մեր միջոցով. կ՚աղերսենք ձեզի Քրիստոսի կողմէն, հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ:21 Որովհետեւ Աստուած մեզի համար մեղաւոր համարեց՝՝ ա՛ն՝ որ մեղք չէր գիտեր, որպէսզի մենք Աստուծոյ արդարութիւնը ըլլանք անով:

2 Corinthians 6:1

1

2 Corinthians 6:4-6

4 Հապա ամէն բանի մէջ մենք մեզ կը հաստատենք որպէս Աստուծոյ սպասարկուներ, շատ համբերութեամբ, տառապանքներու մէջ, հարկադրանքներու, տագնապներու,5 ծեծերու, բանտերու, խառնակութիւններու, աշխատանքներու, հսկումներու, ծոմերու մէջ,

2 Corinthians 6:5

5 ծեծերու, բանտերու, խառնակութիւններու, աշխատանքներու, հսկումներու, ծոմերու մէջ,6 մաքրակեցութեամբ, գիտութեամբ, համբերատարութեամբ, քաղցրութեամբ, Սուրբ Հոգիով, անկեղծ սիրով,7 ճշմարտութեան խօսքով, Աստուծոյ զօրութեամբ, արդարութեան զրահով՝ որ աջ կողմէն ու ձախ կողմէն է.

2 Corinthians 6:16

16 եւ ի՞նչ համաձայնութիւն ունի Աստուծոյ տաճարը կուռքերուն հետ, որովհետեւ դուք ապրող Աստուծոյ տաճարն էք՝ ինչպէս Աստուած ըսաւ. «Անոնց մէջ պիտի բնակիմ եւ անոնց մէջ պիտի շրջիմ. անոնց Աստուած պիտի ըլլամ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան:17 Ուստի ելէ՛ք անոնց մէջէն եւ զատուեցէ՛ք,- կ՚ըսէ Տէրը:- Անմաքուր բանի մի՛ դպչիք,18 ու ես պիտի ընդունիմ ձեզ. ես Հայր պիտի ըլլամ ձեզի, ու դուք՝ իմ որդիներս եւ աղջիկներս պիտի ըլլաք,- կ՚ըսէ Ամենակալ Տէրը»:

2 Corinthians 7:4

4 Մեծ է խօսքի համարձակութիւնս ձեզի հանդէպ, մեծ է ձեզմով պարծանքս, լեցուած եմ մխիթարութեամբ, չափազանց ուրախ եմ մեր ամբողջ տառապանքին մէջ:

2 Corinthians 7:7

7 Եւ ո՛չ միայն անոր գալուստով, այլ նաեւ այն մխիթարութեամբ՝ որով ինք մխիթարուած էր ձեզմով, երբ պատմեց մեզի ձեր տենչանքը, ձեր կոծը, ինծի հանդէպ ձեր ունեցած նախանձախնդրութիւնը, այնպէս որ ա՛լ աւելի ուրախացայ:

2 Corinthians 9:8

8 Եւ Աստուած կարող է բոլոր շնորհքներով ճոխացնել ձեզ, որպէսզի դուք՝ ամէն բանի մէջ ամէն ատեն լման ինքնաբաւութիւն ունենալով՝ ճոխանաք ամէն բարի գործով,

2 Corinthians 10:14

14 Արդարեւ մենք մեզ չենք ընդարձակեր մեր չափէն աւելի, որպէս թէ հասած չըլլայինք ձեզի. քանի որ ի՛րապէս հասանք մինչեւ ձեզ՝ Քրիստոսի աւետարանով:

2 Corinthians 11:2

2 Որովհետեւ նախանձախնդիր եմ ձեզի հանդէպ՝ Աստուծոյ նախանձախնդրութեամբ. քանի որ մէ՛կ ամուսինի նշանեցի ձեզ, որպէսզի Քրիստոսի՛ ներկայացնեմ ձեզ՝ մաքրակենցաղ կոյսի մը պէս:

2 Corinthians 11:23

23 Աբրահամի զարմէ՞ն են. ե՛ս ալ: Քրիստոսի սպասարկունե՞ր են. (անմտութեամբ կը խօսիմ) ա՛լ աւելի ես: Աշխատանքներով՝ աւելի՛ շատ, ծեծերով՝ չափէ՛ն աւելի, բանտերու մէջ՝ աւելի՛ շատ, մահուան վտանգներով՝ յաճախ:

2 Corinthians 11:23-27

23 Աբրահամի զարմէ՞ն են. ե՛ս ալ: Քրիստոսի սպասարկունե՞ր են. (անմտութեամբ կը խօսիմ) ա՛լ աւելի ես: Աշխատանքներով՝ աւելի՛ շատ, ծեծերով՝ չափէ՛ն աւելի, բանտերու մէջ՝ աւելի՛ շատ, մահուան վտանգներով՝ յաճախ:24 Հրեաներէն հինգ անգամ քառասունէն մէկ պակաս ծեծ ստացայ:25 Երեք անգամ ձաղկով ծեծուեցայ. մէկ անգամ քարկոծուեցայ. երեք անգամ նաւաբեկութիւն կրեցի. գիշեր մը ու ցերեկ մը մնացի ծովու անդունդին մէջ:26 Յաճախ չարչարուեցայ ճամբորդութիւններու մէջ. կրեցի վտանգներ գետերէն, վտանգներ աւազակներէն. վտանգներ իմ ցեղէս, վտանգներ հեթանոսներէն. վտանգներ քաղաքի մէջ, վտանգներ անապատի մէջ. վտանգներ ծովու վրայ, վտանգներ սուտ եղբայրներու մէջ:27 Աշխատանքի ու տաժանքի մէջ էի, յաճախ՝ հսկումներու մէջ, անօթութեան եւ ծարաւի մէջ, շատ անգամ՝ ծոմապահութեան, ցուրտի ու մերկութեան մէջ:

2 Corinthians 12:9-10

9 Բայց ըսաւ ինծի. «Իմ շնորհքս կը բաւէ քեզի, որովհետեւ իմ զօրութիւնս կ՚իրագործուի տկարութեան մէջ»: Ուրեմն մեծ հաճոյքով պիտի պարծենամ առաւելապէս իմ տկարութիւններո՛վս, որպէսզի Քրիստոսի զօրութիւնը հանգչի իմ վրաս:10 Ուստի կը յօժարիմ տկարութիւններու, արհամարհանքներու, հարկադրանքներու, հալածանքներու եւ տագնապներու՝ Քրիստոսի համար, որովհետեւ երբ տկար եմ՝ ա՛յն ատեն զօրաւոր եմ:

2 Corinthians 13:3

3 որովհետեւ ապացոյց կը փնտռէք թէ Քրիստոս կը խօսի ինձմով: Ան տկար չէ ձեզի հանդէպ, հապա հզօր է ձեր մէջ.

Galatians 1:3

3 շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Հայր Աստուծմէ, ու մեր Տէրոջմէն՝ Յիսուս Քրիստոսէ,

Galatians 1:15-16

15 Բայց երբ Աստուած, (որ զատեց զիս մօրս որովայնէն եւ կանչեց իր շնորհքին միջոցով,)16 բարեհաճեցաւ իր Որդին յայտնել ինծի, որպէսզի աւետեմ զայն հեթանոսներուն մէջ, իսկոյն՝ մարմինին եւ արիւնին հետ չխորհրդակցեցայ,

Galatians 2:7-8

7 հապա՝ ընդհակառակը, երբ տեսան թէ անթլփատներուն աւետարանը ինծի վստահուած է, ինչպէս Պետրոսի ալ՝ թլփատուածներունը,8 (որովհետեւ ա՛ն որ ներգործեց Պետրոսի մէջ՝ թլփատուածներուն առաքելութեան համար, նոյնպէս ներգործեց իմ մէջս՝ հեթանոսներուն հանդէպ,)

Galatians 2:20

20 Քրիստոսի հետ խաչուեցայ. սակայն կ՚ապրի՛մ, բայց ա՛լ ո՛չ թէ ես՝ հապա Քրիստո՛ս կ՚ապրի իմ մէջս: Իսկ այն կեանքը որ հիմա մարմինովս կ՚ապրիմ՝ Աստուծոյ Որդիին հաւատքով կ՚ապրիմ, որ սիրեց զիս եւ ինքզինք ընծայեց ինծի համար:

Galatians 3:9

9 Ուստի անոնք որ հաւատքէն են՝ կ՚օրհնուին հաւատացեալ Աբրահամի հետ:

Galatians 3:13

13 Քրիստոս փրկանքով գնեց մեզ Օրէնքի անէծքէն՝ մեզի համար անիծուելով, (որովհետեւ գրուած է. «Անիծեա՛լ է ո՛վ որ փայտէն կը կախուի»)

Galatians 4:11

11 կը վախնամ ձեզի համար, որ գուցէ զուր տեղը աշխատած ըլլամ ձեր վրայ:

Galatians 4:19

19 Որդեակնե՛րս, ձեզի համար դարձեալ երկունքի ցաւ կը քաշեմ, մինչեւ որ Քրիստոս ձեր մէջ կերպաւորուի:

Galatians 5:5

5 որովհետեւ մենք Հոգիին միջոցով կը սպասենք հաւատքո՛վ եղած արդարութեան յոյսին:6 Արդարեւ Քրիստոս Յիսուսի մէջ եղողին՝ ո՛չ թլփատութիւնը որեւէ ազդեցութիւն ունի, ո՛չ ալ անթլփատութիւնը, հապա հաւա՛տքը՝ որ կը ներգործէ սիրով:7 Դուք լաւ կը վազէիք. ո՞վ կասեցուց ձեզ՝ որ ճշմարտութեան չանսաք:

Galatians 5:22

22 Բայց Հոգիին պտուղն է՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն,

Galatians 5:22-23

22 Բայց Հոգիին պտուղն է՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն,23 քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ Օրէնք չկայ:

Galatians 6:9

9 Ուստի բարիք գործելէ չձանձրանա՛նք, քանի որ յատուկ ատենին պիտի հնձենք՝ եթէ չպարտասինք:

Ephesians 1:1

1 Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ, Եփեսոսի մէջ եղած սուրբերուն ու Քրիստոս Յիսուսով հաւատարիմներուն.

Ephesians 1:3

3 Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած եւ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ Քրիստոսով օրհնեց մեզ ամէն տեսակ հոգեւոր օրհնութիւններով՝ երկնային վայրերու մէջ,4 ինչպէս անով ընտրեց մեզ աշխարհի հիմնադրութենէն առաջ, որպէսզի մենք իր առջեւ սուրբ եւ անարատ ըլլանք սիրոյ մէջ:5 Նախասահմանեց մեզ իր որդեգրութեան՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, իր կամքին բարեհաճութեան համաձայն,6 որպէսզի գովաբանենք իր շնորհքին փառքը. անո՛վ ընդունելի դարձուց մեզ՝ Սիրելիին միջոցով:7 Իրմով մենք ունինք ազատագրութիւն՝ իր արիւնին միջոցով, ու մեղքերու ներում՝ իր շնորհքին ճոխութեան համեմատ.8 անո՛վ ճոխացուց մեզ՝ ամբողջ իմաստութեամբ եւ ուշիմութեամբ:

Ephesians 1:10

10 որպէսզի ժամանակներու լրումին տնտեսութեան մէջ՝ Քրիստոսով համախմբէ ամէն բան, անոր մէջ միացնէ թէ՛ երկինքի մէջ եղողները, թէ՛ երկրի վրայ եղողները:11 Անով ստացանք նաեւ ժառանգութիւն մը, նախասահմանուած ըլլալով համաձայն առաջադրութեան անո՛ր՝ որ կը ներգործէ ամէն բան իր կամքին ծրագիրին համաձայն,

Ephesians 1:13

13 Դո՛ւք ալ ապաւինեցաք անոր՝ երբ լսեցիք ճշմարտութեան խօսքը, ձեր փրկութեան աւետարանը, եւ հաւատալէ ետք անոր՝ կնքուեցաք խոստացեալ Սուրբ Հոգիով,

Ephesians 1:15

15 Ուստի ես ալ, լսելէ ետք Տէր Յիսուսի վրայ ձեր ունեցած հաւատքին ու բոլոր սուրբերուն հանդէպ ձեր ունեցած սիրոյն մասին,

Ephesians 1:15-20

15 Ուստի ես ալ, լսելէ ետք Տէր Յիսուսի վրայ ձեր ունեցած հաւատքին ու բոլոր սուրբերուն հանդէպ ձեր ունեցած սիրոյն մասին,16 չեմ դադրիր շնորհակալ ըլլալէ ձեզի համար՝ յիշելով ձեզ իմ աղօթքներուս մէջ.17 որպէսզի մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածը, փառքի Հայրը, տայ ձեզի իմաստութեան եւ յայտնութեան հոգին՝ իր գիտակցութեամբ:

Ephesians 1:17

17 որպէսզի մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածը, փառքի Հայրը, տայ ձեզի իմաստութեան եւ յայտնութեան հոգին՝ իր գիտակցութեամբ:

Ephesians 1:17-18

17 որպէսզի մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածը, փառքի Հայրը, տայ ձեզի իմաստութեան եւ յայտնութեան հոգին՝ իր գիտակցութեամբ:18 Որպէսզի ձեր միտքին աչքերը լուսաւորուելով՝ գիտնաք թէ ի՛նչ է անոր կոչումին յոյսը, ի՛նչ է անոր ժառանգութեան փառքին ճոխութիւնը՝ սուրբերուն մէջ,

Ephesians 1:18-20

18 Որպէսզի ձեր միտքին աչքերը լուսաւորուելով՝ գիտնաք թէ ի՛նչ է անոր կոչումին յոյսը, ի՛նչ է անոր ժառանգութեան փառքին ճոխութիւնը՝ սուրբերուն մէջ,

Ephesians 1:18

18 Որպէսզի ձեր միտքին աչքերը լուսաւորուելով՝ գիտնաք թէ ի՛նչ է անոր կոչումին յոյսը, ի՛նչ է անոր ժառանգութեան փառքին ճոխութիւնը՝ սուրբերուն մէջ,

Ephesians 1:18-18

18 Որպէսզի ձեր միտքին աչքերը լուսաւորուելով՝ գիտնաք թէ ի՛նչ է անոր կոչումին յոյսը, ի՛նչ է անոր ժառանգութեան փառքին ճոխութիւնը՝ սուրբերուն մէջ,19 եւ ի՛նչ է իր զօրութեան գերազանց մեծութիւնը հաւատացեալներուս մէջ՝ գործադրութեան համեմատ իր ուժեղ զօրութեան,

Ephesians 1:19-20

19 եւ ի՛նչ է իր զօրութեան գերազանց մեծութիւնը հաւատացեալներուս մէջ՝ գործադրութեան համեմատ իր ուժեղ զօրութեան,

Ephesians 1:19

19 եւ ի՛նչ է իր զօրութեան գերազանց մեծութիւնը հաւատացեալներուս մէջ՝ գործադրութեան համեմատ իր ուժեղ զօրութեան,20 որ ներգործեց Քրիստոսի մէջ՝ երբ մեռելներէն յարուցանեց զայն ու բազմեցուց իր աջ կողմը՝ երկինքի մէջ,

Ephesians 1:20-21

20 որ ներգործեց Քրիստոսի մէջ՝ երբ մեռելներէն յարուցանեց զայն ու բազմեցուց իր աջ կողմը՝ երկինքի մէջ,21 ամէն պետութենէ, իշխանութենէ, զօրութենէ եւ տէրութենէ շատ աւելի վեր, ու ամէն անունէ վեր՝ որ կ՚անուանուի, ո՛չ միայն այս աշխարհին մէջ, հապա նաեւ գալիքին մէջ:22 Դրաւ ամէն բան անոր ոտքերուն տակ, ու տուաւ զայն՝ իբր գլուխ ամէն բանի վրայ՝ եկեղեցիին,23 որ անոր մարմինն է, լրումը անոր՝ որ կը լեցնէ ամէն ինչ՝ բոլորին մէջ:

Ephesians 1:23

23 որ անոր մարմինն է, լրումը անոր՝ որ կը լեցնէ ամէն ինչ՝ բոլորին մէջ:

Ephesians 2:1-3

1 Դուք մեռած էիք յանցանքներու եւ մեղքերու մէջ, բայց ինք ձեզ ապրեցուց:2 Անոնց մէջ ժամանակին կ՚ընթանայիք՝ այս աշխարհի ընթացքին համաձայն, օդի իշխանութեան իշխանին համաձայն, այն ոգիին՝ որ հիմա կը ներգործէ անհնազանդութեան որդիներուն մէջ:3 Անոնցմով մենք բոլորս ալ ժամանակին կը վարուէինք՝ մեր մարմինին ցանկութիւններով, մարմինին ու միտքին փափաքները գործադրելով. բնութեամբ բարկութեան զաւակներ էինք՝ ուրիշներու նման:

Ephesians 2:3-3

3 Անոնցմով մենք բոլորս ալ ժամանակին կը վարուէինք՝ մեր մարմինին ցանկութիւններով, մարմինին ու միտքին փափաքները գործադրելով. բնութեամբ բարկութեան զաւակներ էինք՝ ուրիշներու նման:4 Բայց Աստուած՝ որ հարուստ է ողորմութեամբ, իր մեծ սիրոյն համար՝ որով սիրեց մեզ,5 երբ մեռած էինք մեղքերու մէջ՝ կեանք տուաւ մեզի Քրիստոսի հետ, (դուք շնորհքո՛վ փրկուած էք.)6 անոր հետ յարուցանեց մեզ եւ անոր հետ բազմեցուց մեզ երկնային վայրերու մէջ՝ Քրիստոս Յիսուսով,7 որպէսզի գալիք դարերուն մէջ ցոյց տայ իր շնորհքին գերազանց ճոխութիւնը՝ Քրիստոս Յիսուսի միջոցով մեզի հանդէպ ցոյց տուած քաղցրութեամբ:8 Որովհետեւ դուք շնորհքո՛վ փրկուած էք՝ հաւատքի միջոցով, եւ ատիկա ո՛չ թէ ձեզմէ է՝ հապա Աստուծոյ ընծան է.9 ո՛չ թէ գործերէն է, որպէսզի ո՛չ մէկը պարծենայ:10 Քանի որ մենք անոր ձեռակերտն ենք, Քրիստոս Յիսուսով ստեղծուած՝ բարի գործերու համար. Աստուած նախապէս պատրաստեց զանոնք, որպէսզի մենք ընթանանք անոնց մէջ:

Ephesians 2:10-10

10 Քանի որ մենք անոր ձեռակերտն ենք, Քրիստոս Յիսուսով ստեղծուած՝ բարի գործերու համար. Աստուած նախապէս պատրաստեց զանոնք, որպէսզի մենք ընթանանք անոնց մէջ:

Ephesians 2:12

12 այդ ատեն դուք առանց Քրիստոսի էիք, ուծացած ըլլալով Իսրայէլի հասարակութենէն, եւ օտարացած՝ խոստումին ուխտերէն. ո՛չ յոյս ունէիք, ո՛չ ալ Աստուած՝ աշխարհի մէջ:13 Իսկ հիմա՝ Քրիստոս Յիսուսով՝ դուք որ ժամանակին հեռաւոր էիք, մերձաւոր եղաք Քրիստոսի արիւնով:14 Որովհետեւ ա՛ն է մեր խաղաղութիւնը. ինք երկուքը՝ մէկ ըրաւ, ու քակեց մէջտեղի անջատող պատը, իր մարմինին մէջ ոչնչացնելով իրարու միջեւ եղած թշնամութիւնը,15 այսինքն՝ հրամաններով եղած պատուիրաններուն Օրէնքը. որպէսզի իրմով այդ երկուքէն ստեղծէ նոր մարդ մը՝ այսպէս խաղաղութիւն ընելով,

Ephesians 2:15-16

15 այսինքն՝ հրամաններով եղած պատուիրաններուն Օրէնքը. որպէսզի իրմով այդ երկուքէն ստեղծէ նոր մարդ մը՝ այսպէս խաղաղութիւն ընելով,16 ու երկուքն ալ հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ մէկ մարմինի մէջ՝ խաչին միջոցով: Անով սպաննեց թշնամութիւնը,

Ephesians 2:16-16

16 ու երկուքն ալ հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ մէկ մարմինի մէջ՝ խաչին միջոցով: Անով սպաննեց թշնամութիւնը,17 եւ եկաւ խաղաղութիւն աւետեց ձեզի՝ որ հեռաւոր էիք, ու անոնց՝ որ մերձաւոր էին:

Ephesians 2:19

19 Ուրեմն հիմա դուք այլեւս օտարականներ ու պանդուխտներ չէք, հապա սուրբերուն քաղաքակիցները, եւ Աստուծոյ ընտանիքը,

Ephesians 2:21

21 Անով ամբողջ շէնքը՝ յարմարութեամբ միասին կազմուած՝ կ՚աճի, սուրբ տաճար մը ըլլալու Տէրոջմով.22 անով դո՛ւք ալ միասին կը շինուիք՝ Աստուծոյ բնակավայր ըլլալու Սուրբ Հոգիին միջոցով:

Ephesians 3:1

1 Ուստի ես՝ Պօղոս, Յիսուս Քրիստոսի բանտարկեալը ձեզի՝ հեթանոսներուդ համար,2 (եթէ գոնէ լսած էք Աստուծոյ շնորհքին տնտեսութեան մասին՝ որ տրուած է ինծի ձեզի համար,3 թէ ի՛նչպէս ան յայտնութեամբ գիտցուց ինծի այն խորհուրդը - ինչպէս նախապէս ալ համառօտաբար գրեցի ձեզի,4 որպէսզի՝ երբ կարդաք՝ կարենաք հասկնալ իմ ըմբռնումս Քրիստոսի խորհուրդին մասին -,5 որ ուրիշ սերունդներու մէջ մարդոց որդիներուն չգիտցուեցաւ, ինչպէս ան հիմա՝ Սուրբ Հոգիին միջոցով՝ յայտնուած է իր սուրբ առաքեալներուն ու մարգարէներուն,6 թէ հեթանոսները Քրիստոսով պիտի ըլլան ժառանգակից, մարմնակից, եւ իր խոստումին բաժնեկից՝ աւետարանին միջոցով,

Ephesians 3:6-10

6 թէ հեթանոսները Քրիստոսով պիտի ըլլան ժառանգակից, մարմնակից, եւ իր խոստումին բաժնեկից՝ աւետարանին միջոցով,7 որուն ես սպասարկու եղայ Աստուծոյ շնորհքին պարգեւին համեմատ՝ որ տրուեցաւ ինծի իր զօրութեան ներգործութեամբ:

Ephesians 3:7-10

7 որուն ես սպասարկու եղայ Աստուծոյ շնորհքին պարգեւին համեմատ՝ որ տրուեցաւ ինծի իր զօրութեան ներգործութեամբ:

Ephesians 3:7

7 որուն ես սպասարկու եղայ Աստուծոյ շնորհքին պարգեւին համեմատ՝ որ տրուեցաւ ինծի իր զօրութեան ներգործութեամբ:8 Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն ամենափոքրէն աւելի փոքր եմ՝ տրուեցաւ այս շնորհքը, որպէսզի հեթանոսներուն մէջ աւետեմ Քրիստոսի անզննելի ճոխութիւնը,

Ephesians 3:8-10

8 Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն ամենափոքրէն աւելի փոքր եմ՝ տրուեցաւ այս շնորհքը, որպէսզի հեթանոսներուն մէջ աւետեմ Քրիստոսի անզննելի ճոխութիւնը,

Ephesians 3:8

8 Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն ամենափոքրէն աւելի փոքր եմ՝ տրուեցաւ այս շնորհքը, որպէսզի հեթանոսներուն մէջ աւետեմ Քրիստոսի անզննելի ճոխութիւնը,9 եւ բոլորին տեսնել տամ թէ ի՛նչ է հաղորդակցութիւնը այն խորհուրդին, որ դարերու սկիզբէն ի վեր ծածկուած էր Աստուծոյ մէջ, որ ստեղծեց ամէն բան.10 որպէսզի Աստուծոյ բազմակողմանի իմաստութիւնը՝ եկեղեցիին միջոցով հիմա գիտցուի երկնային վայրերու մէջ եղող պետութիւններուն եւ իշխանութիւններուն,

Ephesians 3:13

13 Ուստի կը խնդրեմ որ չձանձրանաք ձեզի համար կրած տառապանքներուս պատճառով, ինչ որ ձեր փառքն է:)14 Ուստի կը ծնրադրեմ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հօր առջեւ,15 որմէ կ՚անուանուի ամէն գերդաստան՝ երկինքի մէջ ու երկրի վրայ,16 որպէսզի շնորհէ ձեզի՝ իր փառքին ճոխութեան համեմատ՝ զօրութեամբ ուժովնալ ներքին մարդուն մէջ, իր Հոգիին միջոցով.

Ephesians 3:16

16 որպէսզի շնորհէ ձեզի՝ իր փառքին ճոխութեան համեմատ՝ զօրութեամբ ուժովնալ ներքին մարդուն մէջ, իր Հոգիին միջոցով.

Ephesians 3:16-17

16 որպէսզի շնորհէ ձեզի՝ իր փառքին ճոխութեան համեմատ՝ զօրութեամբ ուժովնալ ներքին մարդուն մէջ, իր Հոգիին միջոցով.17 որպէսզի Քրիստոս բնակի ձեր սիրտերուն մէջ՝ հաւատքով, եւ դուք՝ սիրոյ մէջ արմատանալով ու հիմնուելով՝

Ephesians 3:17

17 որպէսզի Քրիստոս բնակի ձեր սիրտերուն մէջ՝ հաւատքով, եւ դուք՝ սիրոյ մէջ արմատանալով ու հիմնուելով՝

Ephesians 3:17-17

17 որպէսզի Քրիստոս բնակի ձեր սիրտերուն մէջ՝ հաւատքով, եւ դուք՝ սիրոյ մէջ արմատանալով ու հիմնուելով՝18 կարողանաք ըմբռնել բոլոր սուրբերուն հետ թէ ի՛նչ է լայնութիւնը, երկայնութիւնը, խորութիւնը եւ բարձրութիւնը.19 այսինքն գիտնալ Քրիստոսի սէրը, որ գիտութենէն գերազանց է, որպէսզի լեցուիք Աստուծոյ ամբողջ լիութեամբ:20 Ուրեմն անոր, որ կարող է գերազանցօրէն աւելի ընել՝ քան ամէն ինչ որ մենք կը խնդրենք կամ կ՚ըմբռնենք, այն զօրութեան համեմատ՝ որ կը ներգործէ մեր մէջ,

Ephesians 4:1

1 Ուստի ես՝ Տէրոջ բանտարկեալը՝ կ՚աղաչե՛մ ձեզի, որ ձեր ընթացքը արժանավայել ըլլայ այն կոչումին՝ որով կանչուեցաք,2 լման խոնարհութեամբ ու հեզութեամբ, համբերատարութեամբ, սիրով իրարու հանդուրժելով,

Ephesians 4:6

6 Մէ՛կ է Աստուած եւ բոլորին Հայրը, որ բոլորէն վեր, բոլորին հետ եւ ձեր բոլորին մէջն է:

Ephesians 4:10

10 Ա՛ն՝ որ իջաւ, նաեւ նոյնն է՝ որ ելաւ բոլոր երկինքներէն աւելի վեր, որպէսզի լեցնէ ամէն բան:)11 Եւ ինք տուաւ ոմանք՝ առաքեալներ ըլլալու, ոմանք՝ մարգարէներ, ոմանք՝ աւետարանիչներ, ոմանք՝ հովիւներ ու վարդապետներ,12 սուրբերուն կատարելութեան համար, սպասարկութեան գործին համար, Քրիստոսի մարմինին շինութեան համար.13 մինչեւ որ բոլորս հասնինք հաւատքին եւ Աստուծոյ Որդին ճանչնալու միաբանութեան, կատարեալ մարդու վիճակին, Քրիստոսի լիութեան հասակի չափին:

Ephesians 4:13-13

13 մինչեւ որ բոլորս հասնինք հաւատքին եւ Աստուծոյ Որդին ճանչնալու միաբանութեան, կատարեալ մարդու վիճակին, Քրիստոսի լիութեան հասակի չափին:

Ephesians 4:15-16

15 հապա՝ ճշմարտութիւնը խօսելով սիրոյ մէջ, ամէն բանի մէջ աճինք անո՛վ՝ որ գլուխն է, այսինքն՝ Քրիստոսով:16 Անով է որ ամբողջ մարմինը, յարմարութեամբ միասին կազմուած եւ իրարու կցուած ամէն յօդի օժանդակութեամբ՝ ամէն մասի ներգործութեան չափին համեմատ, կ՚աճի սիրոյ մէջ՝ իր շինութեան համար:

Ephesians 4:16

16 Անով է որ ամբողջ մարմինը, յարմարութեամբ միասին կազմուած եւ իրարու կցուած ամէն յօդի օժանդակութեամբ՝ ամէն մասի ներգործութեան չափին համեմատ, կ՚աճի սիրոյ մէջ՝ իր շինութեան համար:

Ephesians 4:18

18 Անոնց միտքը խաւարած է, եւ իրենք ուծացած են Աստուծոյ կեանքէն՝ իրենց մէջ եղած անգիտութեան եւ իրենց սիրտին կուրութեան պատճառով:

Ephesians 4:21

21 եթէ իսկապէս լսեցիք զինք եւ սորվեցաք իրմէ՝ Յիսուսի մէջ եղող ճշմարտութեան համաձայն՝

Ephesians 4:23

23 նորոգուիք ձեր միտքին հոգիով,

Ephesians 4:32

32 Եւ քա՛ղցր եղէք իրարու հանդէպ, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի:

Ephesians 5:2

2 եւ ընթացէ՛ք սիրոյ մէջ, ինչպէս Քրիստոս ալ մեզ սիրեց ու մեզի համար ընծայեց ինքզինք Աստուծոյ՝ որպէս պատարագ ու զոհ, անուշաբոյր հոտ ըլլալով:

Ephesians 5:4

4 ո՛չ ալ լրբութեան, յիմար խօսակցութեան կամ խեղկատակութեան, որոնք չեն պատշաճիր. այլ փոխարէնը շնորհակալութի՛ւն յայտնեցէք:

Ephesians 5:8

8 որովհետեւ ժամանակին դուք խաւար էիք, բայց հիմա լոյս էք Տէրոջմով. ուստի ընթացէ՛ք լոյսի զաւակներու պէս,9 քանի որ Հոգիին պտուղը ամէն տեսակ բարութեամբ, արդարութեամբ ու ճշմարտութեամբ է:10 Քննեցէ՛ք թէ ի՛նչ է Տէրոջ հաճելին,

Ephesians 5:15

15 Ուրեմն զգուշացէ՛ք որ ընթանաք շրջահայեցութեամբ. ո՛չ թէ անխոհեմներու պէս,

Ephesians 5:17

17 Ուստի անմիտ մի՛ ըլլաք, հապա հասկցէ՛ք թէ ի՛նչ է Տէրոջ կամքը:

Ephesians 5:20

20 Ամէն ատեն՝ ամէն բանի համար շնորհակա՛լ եղէք Աստուծմէ եւ Հօրմէն, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով:21 Իրարու հպատակեցէ՛ք Աստուծոյ վախով:

Ephesians 5:23

23 որովհետեւ ամուսինը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է, եւ ինքն է մարմինին Փրկիչը:

Ephesians 5:27

27 որպէսզի ներկայացնէ զայն իրեն՝ իբր փառաւոր եկեղեցի մը, որ չունենայ բիծ, կամ կնճիռ, կամ նման որեւէ բան, հապա ըլլայ սուրբ եւ անարատ:

Ephesians 6:6

6 ո՛չ թէ ծառայելով աչքի առջեւ՝ մարդահաճոներու պէս, հապա Քրիստոսի՛ ստրուկներու պէս՝ սրտանց գործադրելով Աստուծոյ կամքը:

Ephesians 6:10

10 Վերջապէս, եղբայրնե՛րս, զօրացէ՛ք Տէրոջմով եւ անոր հզօր կարողութեամբ:

Ephesians 6:12

12 Որովհետեւ մեր գօտեմարտը մարմինի եւ արիւնի հետ չէ, հապա պետութիւններու, իշխանութիւններու, այս խաւար աշխարհին՝՝ իշխանաւորներուն հետ, երկնաւոր վայրերու մէջ եղող չար ոգիներուն հետ:

Ephesians 6:21

21 Բայց որպէսզի դո՛ւք ալ գիտնաք իմ մասիս՝ թէ ի՛նչ կ՚ընեմ, ամէն բան պիտի գիտցնէ ձեզի Տիւքիկոս սիրելի եղբայրն ու Տէրոջմով հաւատարիմ սպասարկուն:

Philippians 1:1

1 Պօղոս եւ Տիմոթէոս՝ Յիսուս Քրիստոսի ծառաները՝ Քրիստոս Յիսուսով բոլոր սուրբերուն, որ Փիլիպպէի կողմերն են՝ եպիսկոպոսներով ու սարկաւագներով.

Philippians 1:3-5

3 Շնորհակալ կ՚ըլլամ իմ Աստուծմէս՝ ձեզմէ ունեցած բոլոր յիշատակներուս համար,4 ամէն ատեն՝ ամէն աղերսանքիս մէջ: Ուրախութեամբ կ՚աղերսեմ ձեր բոլորին համար,

Philippians 1:4

4 ամէն ատեն՝ ամէն աղերսանքիս մէջ: Ուրախութեամբ կ՚աղերսեմ ձեր բոլորին համար,5 քանի որ հաղորդակից եղաք աւետարանին՝ առաջին օրէն մինչեւ հիմա.

Philippians 1:9-11

9 ու սա՛պէս կ՚աղօթեմ՝ որ ձեր սէրը հետզհետէ աւելի առատանայ գիտակցութեամբ եւ ամբողջ դատողութեամբ,10 որպէսզի դուք զատորոշէք տարբեր բաները՝ անկեղծ եւ անսայթաք ըլլալու համար մինչեւ Քրիստոսի օրը,11 լեցուած արդարութեան պտուղներով Յիսուս Քրիստոսի միջոցով՝ Աստուծոյ փառքին ու գովութեան համար:

Philippians 1:11

11 լեցուած արդարութեան պտուղներով Յիսուս Քրիստոսի միջոցով՝ Աստուծոյ փառքին ու գովութեան համար:

Philippians 1:15-18

15 Արդարեւ ոմանք կը քարոզեն Քրիստոսը՝ նախանձէ ու կռիւէ մղուած, ոմանք ալ՝ բարեացակամութեամբ:16 Անոնք կը հռչակեն Քրիստոսը՝ հակառակութեան համար, ո՛չ թէ անկեղծութեամբ, կարծելով թէ տառապանք կ՚աւելցնեն կապերուս վրայ.17 իսկ ասոնք՝ սիրոյ համար, որովհետեւ գիտեն թէ ես սահմանուած եմ աւետարանին ջատագովութեան համար:18 Սակայն ի՞նչ փոյթ. ամէն կերպով, թէ՛ պատրուակով եւ թէ ճշմարտութեամբ, Քրիստոս կը հռչակուի, ու կ՚ուրախանամ ասոր համար, եւ պիտի ուրախանամ ալ:

Philippians 1:27

27 Սակայն ապրեցէ՛ք Քրիստոսի աւետարանին արժանավայել կերպով. որպէսզի եթէ գամ ու տեսնեմ ձեզ, եւ կամ բացակայ ըլլամ, ձեր մասին լսեմ թէ հաստատուն կը կենաք՝ մէ՛կ հոգիով, ու միասին կը մարտնչիք՝ իբր մէ՛կ անձ՝ աւետարանի հաւատքին համար,

Philippians 1:30

30 մղելով նոյն պայքարը՝ որ տեսաք իմ մէջս, ու հիմա կը լսէք թէ իմ մէջս է:

Philippians 2:6

6 Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով՝ ան յափշտակութիւն մը չհամարեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը,

Philippians 2:10

10 որպէսզի Յիսուսի անունին ծնրադրեն բոլորը՝ երկնաւորները, երկրաւորներն ու սանդարամետականները,

Philippians 2:13

13 որովհետեւ Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ թէ՛ կամենալը եւ թէ ընելը՝ իր բարեհաճութեան համաձայն:

Philippians 2:16

16 ամուր բռնելով կեանքին խօսքը, որպէսզի կարենամ պարծենալ Քրիստոսի օրը՝ թէ ընդունայն չեմ վազած, ո՛չ ալ ընդունայն աշխատած:17 Նոյնիսկ եթէ ընծայուիմ ձեր զոհին ու հաւատքի պաշտօնին համար, կ՚ուրախանամ եւ ուրախակից կ՚ըլլամ ձեր բոլորին:18 Նոյնպէս ալ դուք ուրախացէ՛ք եւ ուրախակի՛ց եղէք ինծի:19 Տէր Յիսուսով կը յուսամ շուտով ձեզի ղրկել Տիմոթէոսը, որպէսզի իմ սիրտս ալ հանգչի՝ երբ գիտնամ ձեր վիճակը:20 Որովհետեւ անոր նման ո՛չ մէկ սրտակից ունիմ, որ անկեղծաբար հոգայ ձեզ.21 քանի որ բոլորը կը փնտռեն իրե՛նց շահը, ո՛չ թէ Յիսուս Քրիստոսինը:22 Բայց դուք փորձով գիտէք թէ ան ծառայեց աւետարանին ինծի հետ՝ ինչպէս զաւակ մը հօրը հետ:

Philippians 2:25

25 Բայց հարկաւոր համարեցի հիմա ձեզի ղրկել Եպափրոդիտոսը, իմ եղբայրս, գործակիցս ու զինակիցս, որ դուք ղրկած էիք իբր կարիքներուս պաշտօնեան:

Philippians 3:10

10 որպէսզի ճանչնամ զինք եւ իր յարութեան զօրութիւնը, ու հաղորդակից ըլլամ իր չարչարանքներուն՝ կերպարանակից դառնալով իր մահուան,

Philippians 4:6

6 Մի՛ մտահոգուիք որեւէ բանի համար. հապա ամէն բանի մէջ՝ աղօթքով ու աղերսանքով, շնորհակալութեամբ միասին, գիտցուցէ՛ք ձեր խնդրանքները Աստուծոյ.

Philippians 4:13

13 Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զօրացուց զիս:

Philippians 4:17

17 Ես կը փնտռեմ ո՛չ թէ նուէր, հապա կը փնտռեմ պտուղ, որ աւելնայ ձեր հաշիւին վրայ:18 Իսկ ես ամէն բան ունիմ, եւ առատօրէն. լիացած եմ՝ ստանալով Եպափրոդիտոսի միջոցով ձեր ղրկածները, որ անուշաբոյր հոտ մըն է, ընդունելի զոհ մը, հաճելի՝ Աստուծոյ:19 Եւ իմ Աստուածս պիտի լեցնէ ձեր բոլոր կարիքները՝ իր ճոխութեան համեմատ, փառքով՝ Քրիստոս Յիսուսի միջոցով:

Colossians 1:3-4

3 շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ՝՝: Ամէն ատեն աղօթելով ձեզի համար՝ շնորհակալ կ՚ըլլանք Աստուծմէ ու մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հօրմէն,4 լսելով Քրիստոս Յիսուսի վրայ ձեր ունեցած հաւատքին եւ բոլոր սուրբերուն հանդէպ ձեր տածած սիրոյն մասին,

Colossians 1:4-4

4 լսելով Քրիստոս Յիսուսի վրայ ձեր ունեցած հաւատքին եւ բոլոր սուրբերուն հանդէպ ձեր տածած սիրոյն մասին,5 այն յոյսին պատճառով՝ որ երկինքը վերապահուած է ձեզի համար: Անոր մասին նախապէս լսեցիք՝ աւետարանին ճշմարտութեան խօսքով,

Colossians 1:5

5 այն յոյսին պատճառով՝ որ երկինքը վերապահուած է ձեզի համար: Անոր մասին նախապէս լսեցիք՝ աւետարանին ճշմարտութեան խօսքով,6 որ հասաւ ձեզի՝ ինչպէս ամբողջ աշխարհի, ու պտուղ կ՚արտադրէ (եւ կ՚աճի) նոյնպէս ձեր մէջ ալ, այն օրէն ի վեր՝ երբ լսեցիք ու ճշմարտութեամբ գիտցաք Աստուծոյ շնորհքը,

Colossians 1:6-6

6 որ հասաւ ձեզի՝ ինչպէս ամբողջ աշխարհի, ու պտուղ կ՚արտադրէ (եւ կ՚աճի) նոյնպէս ձեր մէջ ալ, այն օրէն ի վեր՝ երբ լսեցիք ու ճշմարտութեամբ գիտցաք Աստուծոյ շնորհքը,

Colossians 1:9

9 Հետեւաբար մենք ալ՝ այն օրէն երբ լսեցինք՝ չենք դադրիր աղօթելէ ձեզի համար, եւ խնդրելէ որ լեցուած ըլլաք անոր կամքին գիտակցութեամբ՝ ամբողջ իմաստութեամբ ու հոգեւոր ըմբռնումով,10 որպէսզի ընթանաք Տէրոջ արժանավայել կերպով՝ հաճեցնելով զինք ամէն բանի մէջ, պտղաբեր ըլլալով ամէն տեսակ բարի գործով, եւ աճելով Աստուծոյ ճանաչումով.

Colossians 1:13

13 եւ ազատեց մեզ խաւարի իշխանութենէն ու փոխադրեց իր սիրելի Որդիին թագաւորութեան.

Colossians 1:15

15 Ան անտեսանելի Աստուծոյ պատկերն է, բոլոր արարածներուն անդրանիկը,16 որովհետեւ անո՛վ ստեղծուեցաւ ամէն բան, ինչ որ երկինքի մէջ է եւ ինչ որ երկրի վրայ կայ, տեսանելի կամ անտեսանելի. թէ՛ գահերը, թէ՛ տէրութիւնները, թէ՛ պետութիւնները, թէ՛ իշխանութիւնները: Բոլոր բաները ստեղծուեցան անով եւ անոր համար:17 Ան ամէն բանէ առաջ է, ու անո՛վ ամէն բան հաստատ կը կենայ:18 Ա՛ն է մարմինին, այսինքն՝ եկեղեցիին գլուխը. ա՛ն է սկիզբը, մեռելներէն անդրանիկը, որպէսզի նախապատիւ ըլլայ ամէն բանի մէջ.

Colossians 1:20

20 եւ անո՛վ հաշտեցնէ իրեն հետ բոլորը, թէ՛ երկրի վրայ ու թէ՛ երկինքի մէջ եղողները, խաղաղութիւն ընելով անոր արիւնով, որ թափուեցաւ խաչին վրայ:21 Եւ ձեզ ալ, որ ժամանակին ուծացած ու ձեր միտքով թշնամիներ էիք՝ չար գործերով,22 հիմա հաշտեցուց անոր բուն մարմինով՝ մահուան միջոցով, որպէսզի անոր առջեւ սուրբ, անարատ եւ անմեղադրելի ներկայացնէ ձեզ,

Colossians 1:22

22 հիմա հաշտեցուց անոր բուն մարմինով՝ մահուան միջոցով, որպէսզի անոր առջեւ սուրբ, անարատ եւ անմեղադրելի ներկայացնէ ձեզ,23 եթէ հիմնուած ու հաստատուած մնաք հաւատքին վրայ, առանց խախտելու յոյսէն այն աւետարանին՝ որ դուք լսեցիք. ան քարոզուեցաւ երկինքի տակ եղած բոլոր արարածներուն, ու ես՝ Պօղոս՝ սպասարկու եղայ անոր:24 Հիմա ուրախ եմ ձեզի համար կրած չարչարանքներուս մէջ, ու Քրիստոսի կրած տառապանքներուն պակասը կը լրացնեմ իմ մարմինիս մէջ՝ անոր մարմինին համար, որ եկեղեցին է:25 Ես սպասարկու եղայ անոր Աստուծոյ տնտեսութեամբ՝ որ տրուեցաւ ինծի ձեզի համար, որպէսզի լիովին քարոզեմ Աստուծոյ խօսքը,

Colossians 1:27

27 որոնց Աստուած ուզեց գիտցնել թէ ի՛նչ է այս խորհուրդին փառքին ճոխութիւնը հեթանոսներուն մէջ, այսինքն՝ Քրիստոս ձեր մէջ, փառքի յոյսը:

Colossians 2:1

1 Արդարեւ կ՚ուզեմ որ գիտնաք թէ ի՛նչպէս մեծ պայքար կը մղեմ ձեզի, Լաւոդիկեցիներուն ու բոլոր անոնց համար՝ որ չեն տեսեր իմ երեսս մարմինով,2 որպէսզի անոնց սիրտերը մխիթարուին՝ սիրով իրարու կցուած, եւ ըմբռնեն լման վստահութեան ամբողջ ճոխութիւնը, այսինքն գիտակցին Հայր Աստուծոյ ու Քրիստոսի խորհուրդին,3 որուն մէջ պահուած են իմաստութեան եւ գիտութեան բոլոր գանձերը:

Colossians 2:6

6 Ուրեմն, ի՛նչպէս ընդունեցիք Քրիստոս Յիսուս Տէրը՝ ա՛յնպէս ընթացէք անով,7 արմատացած ու շինուած անոր վրայ, եւ հաստատուած հաւատքին մէջ՝ ինչպէս սորվեցաք, ու ճոխացէ՛ք անոր մէջ շնորհակալութեամբ:

Colossians 2:9

9 որովհետեւ Աստուածութեան ամբողջ լիութիւնը կը բնակի անոր մէջ մարմնապէս,10 ու դուք ալ ամբողջացած էք անով՝ որ գլուխն է ամէն պետութեան եւ իշխանութեան:

Colossians 2:10-14

10 ու դուք ալ ամբողջացած էք անով՝ որ գլուխն է ամէն պետութեան եւ իշխանութեան:11 Անո՛վ ալ թլփատուեցաք՝ անձեռակերտ թլփատութեամբ, մերկանալով մեղքերու մարմինէն՝՝ Քրիստոսի թլփատութեամբ:12 Անոր հետ թաղուեցաք մկրտութեամբ, նաեւ անով եւ անոր հետ յարութիւն առիք՝ հաւատալով Աստուծոյ ներգործութեան, որ մեռելներէն յարուցանեց զայն,13 եւ ձեզի՛ ալ՝ որ ժամանակին մեռած էիք յանցանքներու մէջ ու ձեր մարմինին անթլփատութեան մէջ՝ կեանք տուաւ անոր հետ: Մեր բոլոր յանցանքները ներեց մեզի,

Colossians 2:13-14

13 եւ ձեզի՛ ալ՝ որ ժամանակին մեռած էիք յանցանքներու մէջ ու ձեր մարմինին անթլփատութեան մէջ՝ կեանք տուաւ անոր հետ: Մեր բոլոր յանցանքները ներեց մեզի,14 եւ մեզի դէմ հրամաններով եղած պարտամուրհակը՝ որ հակառակ էր մեզի՝ ջնջեց, ու մէջտեղէն վերցուց զայն՝ գամելով խաչափայտին վրայ.15 եւ մերկացուց պետութիւններն ու իշխանութիւնները, եւ հանրութեան նշաւակ դարձուց՝ անով յաղթելով անոնց:

Colossians 2:19

19 եւ չբռնելով գլուխը՝ որմէ ամբողջ մարմինը, յօդերով ու յօդակապերով հայթայթուած եւ իրարու կցուած, կ՚աճի Աստուծոյ աճումով:

Colossians 3:11

11 եւ որուն մէջ ո՛չ Յոյն կայ, ո՛չ ալ Հրեայ, թլփատութիւն կամ անթլփատութիւն, օտար, Սկիւթացի, ստրուկ կամ ազատ. հապա Քրիստոս է ամէն ինչ, եւ բոլորին մէջ:

Colossians 3:13

13 հանդուրժելով իրարու եւ ներելով իրարու՝ եթէ մէկը տրտունջ մը ունենայ միւսին դէմ. ինչպէս Քրիստոս ներեց ձեզի, նոյնպէս ալ դո՛ւք ներեցէք:

Colossians 3:15

15 Ձեր սիրտերուն մէջ թող հովանաւորէ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որուն ալ կանչուեցաք՝ մէկ մարմինով, ու շնորհակա՛լ եղէք:16 Քրիստոսի խօսքը ճոխութեա՛մբ թող բնակի ձեր մէջ, որպէսզի ամբողջ իմաստութեամբ սորվեցնէք իրարու եւ խրատէք զիրար՝ սաղմոսներով, օրհներգերով ու հոգեւոր երգերով, շնորհակալութեամբ երգելով Աստուծոյ՝ ձեր սիրտերուն մէջ:17 Եւ ամէն ինչ որ կ՚ընէք, թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով, ըրէ՛ք Տէր Յիսուսի անունով, շնորհակալ ըլլալով Աստուծմէ ու Հօրմէն՝ անոր միջոցով:

Colossians 3:20

20 Զաւակնե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ծնողներուն ամէն բանի մէջ, որովհետեւ ա՛յդ է Տէրոջ հաճելին:

Colossians 4:5

5 Իմաստութեա՛մբ վարուեցէք դուրսիններուն հետ՝ գնելով ժամանակը:

Colossians 4:7

7 Իմ մասիս ամէն ինչ պիտի գիտցնէ ձեզի Տիւքիկոս՝ սիրելի եղբայրը, հաւատարիմ սպասարկուն եւ ծառայակիցը Տէրոջմով:

Colossians 4:12

12 Կը բարեւէ ձեզ Եպափրաս՝ Քրիստոսի ծառան, որ ձեզմէ է. ամէն ատեն աղօթքի մէջ կը պայքարի ձեզի համար, որպէսզի դուք կատարեալ ու լման կենաք՝ Աստուծոյ ամբողջ կամքին մէջ:

1 Thessalonians 1:1

1 Պօղոս, Սիղուանոս եւ Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով.2 շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ: Ամէն ատեն շնորհակալ կ՚ըլլանք Աստուծմէ՝ ձեր բոլորին համար, յիշելով ձեզ մեր աղօթքներուն մէջ,3 անդադար յիշելով ձեր հաւատքին գործը, սիրոյ աշխատանքը, եւ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի յոյսին համբերութիւնը՝ Աստուծոյ ու մեր Հօր առջեւ,

1 Thessalonians 1:5

5 Որովհետեւ մեր աւետարանը քարոզուեցաւ ձեզի ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ զօրութեամբ, Սուրբ Հոգիով ու լման վստահութեամբ: Դո՛ւք ալ գիտէք թէ ի՛նչպէս կեցանք ձեր մէջ՝ ձեզի համար,

1 Thessalonians 2:9

9 Կը յիշէք, եղբայրնե՛ր, մեր աշխատանքն ու տաժանքը. գիշեր ու ցերեկ գործելով քարոզեցինք ձեզի Աստուծոյ աւետարանը, չծանրաբեռնելու համար ձեզմէ ոեւէ մէկը:

1 Thessalonians 2:12

12 յորդորեցինք եւ սփոփեցինք, ու վկայեցինք որպէսզի ձեր ընթացքը արժանավայել ըլլայ Աստուծոյ՝ որ կանչեց ձեզ իր թագաւորութեան եւ փառքին:13 Հետեւաբար մենք ալ անդադար շնորհակալ կ՚ըլլանք Աստուծմէ, որովհետեւ երբ ընդունեցիք Աստուծոյ խօսքը՝ որ մեզմէ լսեցիք, ընդունեցիք զայն ո՛չ թէ իբր մարդոց խօսք, հապա - ինչ որ ան ճշմա՛րտապէս է - որպէս Աստուծոյ խօսք. եւ ան կը ներգործէ նաեւ ձեր մէջ՝ որ կը հաւատաք:

1 Thessalonians 3:2

2 եւ ղրկեցինք Տիմոթէո՛սը - մեր եղբայրը, Աստուծոյ սպասարկուն ու մեր գործակիցը Քրիստոսի աւետարանին մէջ -, ամրացնելու ձեզ եւ յորդորելու ձեր հաւատքին մէջ.3 որպէսզի այս տառապանքներուն մէջ ձեզմէ ո՛չ մէկը խախտի, որովհետեւ դուք ձեզմէ գիտէք թէ մենք սահմանուած ենք ատոնց համար:

1 Thessalonians 3:3

3 որպէսզի այս տառապանքներուն մէջ ձեզմէ ո՛չ մէկը խախտի, որովհետեւ դուք ձեզմէ գիտէք թէ մենք սահմանուած ենք ատոնց համար:4 Քանի որ երբ մենք ձեր քով էինք, կանխաւ կ՚ըսէինք ձեզի թէ տառապանքներ պիտի կրենք, ինչպէս եղաւ ալ ու դուք գիտէք:5 Հետեւաբար ես ալ, չկարենալով աւելի դիմանալ, մարդ ղրկեցի՝ գիտնալու ձեր հաւատքը, թէ արդեօք Փորձիչը փորձա՛ծ է ձեզ, ու մեր աշխատանքը ընդունայն եղա՛ծ է:6 Բայց հիմա Տիմոթէոս ձեզմէ եկաւ մեզի եւ ձեր հաւատքին ու սիրոյն աւետիսը տուաւ մեզի, եւ ըսաւ թէ ամէն ատեն լաւ յիշատակ ունիք մեզմէ՝ տենչալով տեսնել մեզ, ինչպէս մենք ալ՝ ձեզ:

1 Thessalonians 3:10-13

10 գիշեր ու ցերեկ չափազանց կ՚աղերսենք, որպէսզի տեսնենք ձեր երեսը եւ լրացնենք ինչ որ կը պակսի ձեր հաւատքին:11 Նոյնինքն Աստուած՝ մեր Հայրը, ու մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, թող ուղղեն մեր ճամբան դէպի ձեզ:12 Տէրը թող աճեցնէ եւ առատացնէ ձեր սէրը իրարու հանդէպ ու բոլորին հանդէպ, ինչպէս մենք ունինք ձեզի հանդէպ,13 որպէսզի ամրացնէ ձեր սիրտերը՝ սրբութեան մէջ անմեղադրելի ըլլալու Աստուծոյ եւ մեր Հօր առջեւ, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի գալուստին ատենը՝ իր բոլոր սուրբերուն հետ:

1 Thessalonians 4:1

1 Ուրեմն, եղբայրնե՛ր, կը թախանձենք ձեզի ու կը յորդորենք ձեզ Տէր Յիսուսով, որպէսզի՝ ինչպէս ընդունեցիք մեզմէ թէ ի՛նչպէս պէտք է ընթանաք եւ հաճեցնէք Աստուած՝ ա՛լ աւելի ճոխանաք անոր մէջ,

1 Thessalonians 4:6

6 Ո՛չ մէկը թող չափազանցէ այդ բանին՝՝ մէջ ու կեղեքէ իր եղբայրը, քանի որ Տէրը վրէժխնդիր է այդ բոլորին համար, ինչպէս մենք ալ նախապէս ըսինք ձեզի եւ վկայեցինք.7 որովհետեւ Աստուած կանչեց մեզ ո՛չ թէ անմաքրութեան, հապա՝ սրբութեան:

1 Thessalonians 4:9-10

9 Իսկ եղբայրսիրութեան մասին պէտք չունիք որ գրեմ ձեզի, որովհետեւ դուք արդէն Աստուծմէ սորված էք սիրել զիրար,10 եւ արդարեւ ատիկա կ՚ընէք ամբողջ Մակեդոնիայի մէջ եղող բոլոր եղբայրներուն հանդէպ: Սակայն կ՚աղաչե՛նք ձեզի, եղբայրնե՛ր, որ ա՛լ աւելի ճոխանաք,

1 Thessalonians 5:8

8 Իսկ մենք՝ որ ցերեկուան որդիներն ենք, զգա՛ստ ըլլանք՝ հագնելով հաւատքի ու սիրոյ զրահը, եւ իբր սաղաւարտ՝ փրկութեան յոյսը:

1 Thessalonians 5:12-14

12 Կը թախանձենք ձեզի, եղբայրնե՛ր, որ ճանչնաք ձեր մէջ աշխատողները, Տէրոջմով վերակացուներն ու ձեզ խրատողները:13 Պատուեցէ՛ք զանոնք մեծ սիրով՝ իրենց գործին համար: Խաղաղութի՛ւն ունեցէք իրարու հետ:14 Կը յորդորե՛նք ձեզ, եղբայրնե՛ր, խրատեցէ՛ք անկարգները, սփոփեցէ՛ք թուլասիրտները, ձեռնտո՛ւ եղէք տկարներուն, համբերատա՛ր եղէք բոլորին հանդէպ:

1 Thessalonians 5:17

17 Անդադար աղօթեցէ՛ք:

2 Thessalonians 1:1

1 Պօղոս, Սիղուանոս ու Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ մեր Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով.

2 Thessalonians 1:3

3 Պարտական ենք ամէն ատեն Աստուծմէ շնորհակալ ըլլալ ձեզի համար, եղբայրնե՛ր, ինչպէս որ արժանավայել է. քանի որ ձեր հաւատքը շատ կ՚աճի, եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին սէրը կ՚աւելնայ իրարու հանդէպ:

2 Thessalonians 1:11

11 Հետեւաբար ամէն ատեն կ՚աղօթենք ձեզի համար, որ մեր Աստուածը արժանացնէ ձեզ ձեր կոչումին, եւ զօրութեամբ իրագործէ իր բարութեան ամբողջ բարեհաճութիւնն ու հաւատքին գործը.

2 Thessalonians 2:13

13 Բայց մենք պարտական ենք ամէն ատեն շնորհակալ ըլլալ Աստուծմէ՝ ձեզի համար, Տէրոջմէն սիրուած եղբայրնե՛ր, քանի որ Աստուած սկիզբէն ընտրեց ձեզ փրկութեան համար՝ Հոգիին սրբացումով եւ ճշմարտութեան հաւատքով,

2 Thessalonians 2:16-17

16 Եւ մեր Տէրը՝ նոյնինքն Յիսուս Քրիստոս, ու մեր Հայրը՝ Աստուած, որ սիրեց մեզ եւ տուաւ մեզի յաւիտենական մխիթարութիւն ու բարի յոյս՝ շնորհքով,

2 Thessalonians 2:16

16 Եւ մեր Տէրը՝ նոյնինքն Յիսուս Քրիստոս, ու մեր Հայրը՝ Աստուած, որ սիրեց մեզ եւ տուաւ մեզի յաւիտենական մխիթարութիւն ու բարի յոյս՝ շնորհքով,17 թող մխիթարեն ձեր սիրտերը եւ ամրացնեն ձեզ ամէն բարի խօսքի ու գործի մէջ:

2 Thessalonians 3:8

8 ո՛չ ալ ձրի կերանք մէկուն հացը, այլ գիշեր ու ցերեկ կը գործէինք՝ աշխատանքով եւ տաժանքով, ձեզմէ ո՛չ մէկը ծանրաբեռնելու համար:

1 Timothy 1:1

1 Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ մեր Փրկիչ Աստուծոյ եւ մեր յոյսը եղող Քրիստոս Յիսուսի՝՝ հրամանով,

1 Timothy 1:12

12 Շնորհապարտ եմ զիս զօրացնող Քրիստոս Յիսուսի՝ մեր Տէրոջ, քանի որ հաւատարիմ համարեց զիս ու դրաւ այս սպասարկութեան մէջ:

1 Timothy 1:15

15 Սա՛ վստահելի եւ բոլորովին ընդունուելու արժանի խօսք մըն է, թէ Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ՝ փրկելու մեղաւորները, որոնց գլխաւորը ես եմ:

1 Timothy 1:17

17 Ուրեմն յաւիտենական Թագաւորին՝ որ անեղծ եւ անտեսանելի է, միա՛կ Աստուծոյն՝ պատի՜ւ ու փա՜ռք դարէ դար՝՝: Ամէն:

1 Timothy 2:6

6 որ ինքզինք իբր փրկանք ընծայեց բոլորին տեղը՝ յատուկ ատենին վկայութիւն ըլլալու:7 Ես անոր քարոզիչ եւ առաքեալ նշանակուեցայ, (ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ Քրիստոսով, չեմ ստեր,) ու հեթանոսներուն վարդապետ եղայ՝ հաւատքով եւ ճշմարտութեամբ:

1 Timothy 3:2

2 Ուստի եպիսկոպոսը պէտք է ըլլայ անարատ, մէկ կնոջ ամուսին, զգաստ, խոհեմ, համեստ, հիւրասէր, սորվեցնելու ընդունակ,

1 Timothy 3:16

16 Անվիճելիօրէն մեծ է բարեպաշտութեան խորհուրդը. Աստուած երեւցաւ մարմինով, արդարացաւ Հոգիով, տեսնուեցաւ հրեշտակներէն, քարոզուեցաւ հեթանոսներուն մէջ, հաւատացուեցաւ աշխարհի մէջ, եւ համբարձաւ փառքով:

1 Timothy 4:6

6 Եթէ թելադրես այս բաները եղբայրներուն, պիտի ըլլաս Յիսուս Քրիստոսի բարի սպասարկու մը, սնած խօսքերով հաւատքին ու բարի վարդապետութեան՝ որուն հետեւեցար:

1 Timothy 6:16

16 Միայն ի՛նք ունի անմահութիւն, եւ կը բնակի անմերձենալի լոյսի մէջ: Մարդոցմէ ո՛չ մէկը տեսեր է զինք, ո՛չ ալ կրնայ տեսնել: Իրե՛ն պատիւ ու զօրութիւն յաւիտեան: Ամէն:

2 Timothy 1:3

3 Շնորհապարտ եմ Աստուծոյ, որ կը պաշտեմ նախնիքներուս նման՝ մաքուր խղճմտանքով, (անդադար կը յիշեմ քեզ իմ աղերսանքներուս մէջ՝ գիշեր ու ցերեկ,

2 Timothy 1:3-4

3 Շնորհապարտ եմ Աստուծոյ, որ կը պաշտեմ նախնիքներուս նման՝ մաքուր խղճմտանքով, (անդադար կը յիշեմ քեզ իմ աղերսանքներուս մէջ՝ գիշեր ու ցերեկ,4 տենչալով տեսնել քեզ, եւ յիշելով արցունքներդ, որպէսզի լեցուիմ ուրախութեամբ,)

2 Timothy 1:7

7 որովհետեւ Աստուած տուաւ մեզի ո՛չ թէ երկչոտութեան՝ այլ զօրութեան, սիրոյ ու խոհեմութեան Հոգին:8 Ուրեմն մի՛ ամչնար մեր Տէրոջ վկայութեան համար, ո՛չ ալ ինծի՝ անոր բանտարկեալին համար. հապա մասնակցէ՛ աւետարանին չարչարանքներուն՝ Աստուծոյ զօրութեան համեմատ:

2 Timothy 1:10

10 բայց հիմա բացայայտուեցաւ՝ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի երեւումով: Ան ոչնչացուց մահը, եւ լուսաւորեց կեանքն ու անմահութիւնը՝ աւետարանով,11 որուն նշանակուեցայ քարոզիչ, առաքեալ, եւ հեթանոսներու վարդապետ:12 Այս պատճառով ալ կը կրեմ այս չարչարանքները. բայց չեմ ամչնար, որովհետեւ գիտեմ թէ որո՛ւն հաւատացած եմ, ու համոզուած եմ թէ ան կարող է պահել իմ իրեն յանձնած աւանդս մինչեւ այն օրը:

2 Timothy 2:1-3

1 Ուրեմն դո՛ւն, որդեա՛կս, զօրացի՛ր այն շնորհքով՝ որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ է,2 եւ ինչ որ լսեցիր ինձմէ շատ վկաներով՝ աւանդէ՛ հաւատարիմ մարդոց, որոնք ընդունակ ըլլան սորվեցնել նաեւ ուրիշներուն:

2 Timothy 2:2-3

2 եւ ինչ որ լսեցիր ինձմէ շատ վկաներով՝ աւանդէ՛ հաւատարիմ մարդոց, որոնք ընդունակ ըլլան սորվեցնել նաեւ ուրիշներուն:3 Չարչարա՛նք կրէ Յիսուս Քրիստոսի բարի զինուորի մը պէս:4 Ո՛չ մէկ զինուորագրեալ կը կաշկանդուի այս կեանքին գործառնութիւններով, որպէսզի հաճեցնէ իր զօրավարը.

2 Timothy 2:9-10

9 որուն մէջ կը չարչարուիմ չարագործի մը պէս՝ մինչեւ անգամ կապերով. բայց Աստուծոյ խօսքը կապուած չէ:10 Ուստի կը տոկամ ամէն բանի՝ ընտրեալներուն համար, որպէսզի անոնք ալ հասնին այն փրկութեան՝ որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ է՝ յաւիտենական փառքով:

2 Timothy 2:10

10 Ուստի կը տոկամ ամէն բանի՝ ընտրեալներուն համար, որպէսզի անոնք ալ հասնին այն փրկութեան՝ որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ է՝ յաւիտենական փառքով:

2 Timothy 2:24-25

24 Տէրոջ ծառան պէտք չէ կռուի, հապա՝ ըլլայ հեզահամբոյր բոլորին հանդէպ, սորվեցնելու ընդունակ, անոխակալ,25 ընդդիմացողները հեզութեամբ կրթող, որ թերեւս Աստուած ապաշխարութիւն տայ անոնց՝ ճշմարտութիւնը գիտնալու համար,

2 Timothy 4:2-5

2 քարոզէ՛ խօսքը, պնդէ՛ ժամանակին թէ անժամանակ, կշտամբէ՛, յանդիմանէ՛, յորդորէ՛ ամբողջ համբերատարութեամբ եւ ուսուցումով:3 Որովհետեւ պիտի գայ ատենը՝ երբ պիտի չհանդուրժեն ողջամիտ վարդապետութեան. հապա՝ իրենց ականջներուն մարմաջով ու ցանկութիւններուն համաձայն վարդապետներ պիտի կուտակեն իրենց համար.4 իրենց ականջները պիտի դարձնեն ճշմարտութենէն, եւ պիտի խոտորին՝ հետեւելով առասպելներու:5 Բայց դուն արթո՛ւն եղիր ամէն բանի մէջ, տոկա՛ չարչարանքներու, աւետարանիչի գո՛րծ ըրէ, լմա՛ն կատարէ քու սպասարկութիւնդ.

2 Timothy 4:5-5

5 Բայց դուն արթո՛ւն եղիր ամէն բանի մէջ, տոկա՛ չարչարանքներու, աւետարանիչի գո՛րծ ըրէ, լմա՛ն կատարէ քու սպասարկութիւնդ.6 որովհետեւ ես արդէն ընծայուած եմ զոհ ըլլալու, եւ իմ մեկնումիս ատենը հասած է:

2 Timothy 4:8

8 Ասկէ ետք վերապահուած է ինծի արդարութեան պսակը, որ Տէրը՝ արդար Դատաւորը՝ պիտի տայ ինծի այն օրը. եւ ո՛չ միայն ինծի, այլ նաեւ բոլոր անոնց՝ որ կը սիրեն անոր երեւումը:

Titus 1:2

2 յաւիտենական կեանքի յոյսով՝ որ անսուտն Աստուած խոստացաւ դարերու ժամանակներէն առաջ

Titus 1:15-16

15 Մաքուրներուն՝ ամէն բան մաքուր է. բայց պիղծերուն եւ անհաւատներուն՝ ոչինչ մաքուր է, հապա անոնց միտքն ալ, խղճմտանքն ալ պղծուած են:16 Կը դաւանին թէ կը ճանչնան Աստուած. բայց կ՚ուրանան զայն իրենց գործերով, ըլլալով գարշելի եւ անհնազանդ, ու խոտելի՝ ամէն բարի գործի հանդէպ:

Titus 2:11-12

11 Քանի որ Աստուծոյ փրկարար շնորհքը երեւցաւ բոլոր մարդոց,12 կրթելով մեզ՝ որ ուրանանք ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները, եւ ապրինք խոհեմութեամբ, արդարութեամբ ու բարեպաշտութեամբ՝ այս ներկայ աշխարհին մէջ,

Titus 2:14

14 Ան ընծայեց ինքզինք մեզի համար, որպէսզի ազատագրէ մեզ ամէն անօրէնութենէ, եւ մաքրելով՝ ընէ իր սեփական ժողովուրդը, նախանձախնդիր բարի գործերու:

Titus 3:1

1 Յիշեցո՛ւր անոնց՝ որ հպատակին պետութիւններուն եւ իշխանութիւններուն, անսան պետութեան, ու պատրաստ ըլլան ամէն բարի գործի.

Titus 3:3-6

3 Որովհետեւ մե՛նք ալ ժամանակին անմիտ էինք, անհնազանդ, մոլորեալ, ու կը ծառայէինք զանազան ցանկութիւններու եւ հաճոյքներու. կը վարուէինք չարամտութեամբ ու նախանձով, հակակրելի էինք եւ կ՚ատէինք զիրար:

Titus 3:3-7

3 Որովհետեւ մե՛նք ալ ժամանակին անմիտ էինք, անհնազանդ, մոլորեալ, ու կը ծառայէինք զանազան ցանկութիւններու եւ հաճոյքներու. կը վարուէինք չարամտութեամբ ու նախանձով, հակակրելի էինք եւ կ՚ատէինք զիրար:4 Բայց երբ մեր Փրկիչ Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու մարդասիրութիւնը երեւցան,

Titus 3:4-7

4 Բայց երբ մեր Փրկիչ Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու մարդասիրութիւնը երեւցան,5 ան փրկեց մեզ - ո՛չ թէ մեր ըրած արդարութեան գործերով, հապա իր ողորմութեան համաձայն - աւազանին վերստին ծնունդով եւ Սուրբ Հոգիին նորոգութեամբ:

Titus 3:5-7

5 ան փրկեց մեզ - ո՛չ թէ մեր ըրած արդարութեան գործերով, հապա իր ողորմութեան համաձայն - աւազանին վերստին ծնունդով եւ Սուրբ Հոգիին նորոգութեամբ:6 Զայն ճոխութեամբ թափեց մեր վրայ՝ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով,

Titus 3:6-7

6 Զայն ճոխութեամբ թափեց մեր վրայ՝ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով,7 որպէսզի՝ անոր շնորհքով արդարացած ըլլալով՝ ժառանգորդ դառնանք, յաւիտենական կեանքի յոյսին համաձայն:

Titus 3:7

7 որպէսզի՝ անոր շնորհքով արդարացած ըլլալով՝ ժառանգորդ դառնանք, յաւիտենական կեանքի յոյսին համաձայն:

Titus 3:14

14 Մերիննե՛րն ալ թող սորվին մատակարար ըլլալ բարի գործերու՝ հարկաւոր կարիքներու համար, որպէսզի անպտուղ չըլլան:

Philemon 1:1

1 Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի բանտարկեալը, եւ Տիմոթէոս եղբայրը, Փիլիմոնի՝ մեր սիրելիին ու գործակիցին,

Philemon 1:4

4 Շնորհակալ կ՚ըլլամ իմ Աստուծմէս՝ ամէն ատեն յիշելով քեզ իմ աղօթքներուս մէջ,5 երբ կը լսեմ քու սիրոյդ եւ հաւատքիդ մասին՝ որ ունիս Տէր Յիսուսի ու բոլոր սուրբերուն հանդէպ,

Philemon 1:23

23 Կը բարեւէ քեզ Եպափրաս՝ գերութեան ընկերս Քրիստոս Յիսուսով.

Hebrews 1:2

2 այս վերջին օրերը խօսեցաւ մեզի իր Որդիով, որ ժառանգորդ նշանակեց ամէն բանի եւ տիեզերքն ալ ստեղծեց անով:3 Ան իր փառքին շողն է ու իր էութեան նկարագրութիւնը, եւ իր զօրութեան խօսքով հաստատ կը բռնէ ամէն բան: Ի՛նք էր որ՝ մաքրելէ ետք մեր մեղքերը՝ բազմեցաւ բարձրերը, Աստուծոյ մեծափառութեան աջ կողմը,

Hebrews 1:5-6

5 Արդարեւ հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ երբեք. «Դուն իմ Որդիս ես, ա՛յսօր ծնայ քեզ»: Եւ դարձեալ. «Ես Հայր պիտի ըլլամ անոր, ան ալ Որդի պիտի ըլլայ ինծի»:6 Դարձեալ՝ երբ Անդրանիկը կը մտցնէ երկրագունդը՝ կ՚ըսէ. «Աստուծոյ բոլոր հրեշտակներն ալ թող երկրպագեն անոր»:

Hebrews 1:6-6

6 Դարձեալ՝ երբ Անդրանիկը կը մտցնէ երկրագունդը՝ կ՚ըսէ. «Աստուծոյ բոլոր հրեշտակներն ալ թող երկրպագեն անոր»:

Hebrews 1:10-12

10 Նաեւ. «Տէ՛ր, դո՛ւն սկիզբէն դրիր երկրի հիմերը, ու քո՛ւ ձեռքերուդ գործն է երկինքը:11 Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն կը մնաս. բոլորը պիտի մաշին հանդերձի պէս:12 Պիտի ոլորես զանոնք ծածկոցի պէս, եւ պիտի փոխուին. իսկ դուն՝ միշտ նո՛յնն ես, ու քու տարիներդ պիտի չպակսին»:

Hebrews 2:10

10 Որովհետեւ կը պատշաճէր անոր,- որուն համար է ամէն բան, եւ անո՛վ եղած է ամէն բան,- որ շատ որդիներ փառքի մէջ մտցնելու համար՝ չարչարանքներո՛վ կատարեալ ընէ անոնց փրկութեան Ռահվիրան:

Hebrews 2:14

14 Ուրեմն, քանի որ զաւակները հաղորդակցեցան մարմինին ու արիւնին, ինք ալ նմանապէս բաժնեկից եղաւ անոնց, որպէսզի իր մահով ոչնչացնէ ա՛ն՝ որ մահուան իշխանութիւնը ունէր, այսինքն՝ Չարախօսը,

Hebrews 2:17

17 Ուստի պարտաւոր էր բոլորովին նմանիլ իր եղբայրներուն, որպէսզի ըլլար ողորմած ու հաւատարիմ քահանայապետ մը Աստուծոյ քով՝ քաւելու համար ժողովուրդին մեղքերը:

Hebrews 3:1

1 Ուստի, սո՛ւրբ եղբայրներ, երկնային կոչումին բաժնեկիցնե՛ր, ուշադի՛ր եղէք մեր դաւանութեան Առաքեալին ու Քահանայապետին՝ Քրիստոս Յիսուսի,2 որ հաւատարիմ էր զինք նշանակողին, ինչպէս Մովսէս ալ՝ անոր ամբողջ տան մէջ:3 Որովհետեւ ինք արժանացաւ Մովսէսէն ա՛յնքան աւելի փառքի, որքան աւելի պատիւ կ՚ունենայ տուն կառուցանողը՝ քան տունը:4 Քանի որ ամէն տուն ունի կառուցանող մը. բայց ա՛ն որ կառուցանեց բոլոր բաները՝ Աստուա՛ծ է:

Hebrews 3:6

6 բայց Քրիստոս՝ իբր որդի կը տիրէ իր իսկ տան վրայ: Մե՛նք ենք անոր տունը, եթէ գէթ մինչեւ վախճանը ամուր բռնենք համարձակութիւնը եւ յոյսին պարծանքը:

Hebrews 3:14

14 Արդարեւ մենք բաժնեկից եղած ենք Քրիստոսի, եթէ գէթ մինչեւ վախճանը հաստատ բռնենք մեր սկիզբի վստահութիւնը,

Hebrews 4:14

14 Ուրեմն, քանի որ ունինք երկինքը անցած մեծ Քահանայապետ մը, Յիսուսը՝ Աստուծոյ Որդին, ամո՛ւր բռնենք մեր դաւանութիւնը:

Hebrews 6:10

10 Քանի որ Աստուած անիրաւ չէ՝ որ մոռնայ ձեր գործը, եւ այն սէրը՝ որ ցոյց տուիք իր անունին համար, երբ սպասարկեցիք սուրբերուն ու կը սպասարկէք ալ:

Hebrews 6:19

19 Մենք ունինք զայն որպէս ապահով եւ հաստատ խարիսխ մեր անձին. ան կը մտնէ վարագոյրին ներսի կողմն ալ,

Hebrews 7:19

19 (որովհետեւ Օրէնքը ոչի՛նչ կատարեալ ըրաւ,) եւ անոր տեղ կը մտնէ լաւագոյն յոյս մը՝ որով կը մօտենանք Աստուծոյ:

Hebrews 9:12

12 եւ ի՛ր իսկ արիւնով - ո՛չ թէ նոխազներու եւ զուարակներու արիւնով - մէ՛կ անգամ ընդմիշտ մտաւ սրբարանը, յաւիտենական ազատագրութիւն ստանալով:

Hebrews 9:22

22 Օրէնքին համաձայն՝ գրեթէ ամէն բան կը մաքրուի արիւնով. եւ առանց արիւն թափելու՝ ներում չ՚ըլլար:

Hebrews 10:10

10 Այդ կամքով է որ մենք սրբացանք՝ Յիսուս Քրիստոսի մարմինին մէ՛կ անգամ ընդմիշտ պատարագուելով:

Hebrews 10:12-14

12 Մինչդեռ ասիկա մշտնջենապէս Աստուծոյ աջ կողմը բազմեցաւ՝ մեղքերու համար մէ՛կ զոհ մատուցանելով,13 եւ անկէ ետք կը սպասէ, մինչեւ որ իր թշնամիները պատուանդան դրուին իր ոտքերուն.14 որովհետեւ մէ՛կ պատարագով մշտնջենապէս կատարեալ ըրաւ սրբացածները:

Hebrews 10:14

14 որովհետեւ մէ՛կ պատարագով մշտնջենապէս կատարեալ ըրաւ սրբացածները:

Hebrews 10:20

20 նոր ու կենարար ճամբայով մը - որուն բացումը կատարեց մեզի համար - վարագոյրին մէջէն, որ իր մարմինն է.

Hebrews 10:34-38

34 Որովհետեւ իմ կապերուս մէջ ինծի՝՝ կարեկցեցաք, եւ ձեր ինչքին յափշտակուիլը ընդունեցիք ուրախութեամբ, գիտնալով թէ ձեզի համար լաւագոյն ու մնայուն ինչքեր ունիք երկինքը:35 Ուրեմն մի՛ լքէք ձեր համարձակութիւնը, որ ունի մեծ վարձատրութիւն:36 Որովհետեւ համբերութիւն պէտք է ձեզի, որպէսզի ստանաք խոստումը՝ գործադրած ըլլալով Աստուծոյ կամքը:

Hebrews 10:36-38

36 Որովհետեւ համբերութիւն պէտք է ձեզի, որպէսզի ստանաք խոստումը՝ գործադրած ըլլալով Աստուծոյ կամքը:37 Քանի որ «քիչ մը ատենէն պիտի գայ ա՛ն՝ որ գալիք է, ու պիտի չուշանայ:38 Եւ արդարը հաւատքո՛վ պիտի ապրի. իսկ եթէ մէկը ընկրկի, իմ անձս պիտի չբարեհաճի անոր»:

Hebrews 10:38

38 Եւ արդարը հաւատքո՛վ պիտի ապրի. իսկ եթէ մէկը ընկրկի, իմ անձս պիտի չբարեհաճի անոր»:

Hebrews 11:5

5 Հաւատքո՛վ Ենովք փոխադրուեցաւ երկրէն՝ որպէսզի մահ չտեսնէ, ու ո՛չ մէկ տեղ կը գտնուէր, որովհետեւ Աստուած փոխադրեց զայն, քանի որ անոր փոխադրուելէն առաջ վկայուեցաւ թէ հաճելի էր Աստուծոյ:

Hebrews 11:27

27 Հաւատքո՛վ ձգեց Եգիպտոսը՝ առանց վախնալու թագաւորին զայրոյթէն, որովհետեւ հաստատ մնաց որպէս թէ տեսնելով Անտեսանելին:

Hebrews 11:34-38

34 կրակի զօրութիւն մարեցին, սուրի բերանէ խուսափեցան, տկարութենէ զօրացան, պատերազմի մէջ ուժեղացան, օտարներու բանակներ ընկճեցին:35 Կիներ ընդունեցին իրենց մեռելները՝ յարութիւն առած. իսկ ուրիշներ գանակոծուեցան՝ չընդունելով ազատագրութիւնը, որպէսզի հասնին լաւագոյն յարութեան մը:36 Ուրիշներ ալ փորձառութիւնը ունեցան ծաղրանքի եւ խարազանի, նաեւ կապերու ու բանտերու.37 քարկոծուեցան, սղոցուեցան, տանջուեցան, սուրով սպաննուեցան, ոչխարի մորթերով եւ այծի մորթերով շրջեցան, զրկուելով, տառապելով, չարչարուելով,38 (որոնց արժանի չէր աշխարհը,) մոլորելով անապատներու, լեռներու, քարայրներու եւ երկրի խոռոչներուն մէջ:

Hebrews 12:1-2

1 Ուստի մե՛նք ալ, քանի որ շրջապատուած ենք ա՛յսչափ շատ վկաներու բազմութեամբ, թօթափե՛նք ամէն ծանրաբեռնում, եւ մեղքը՝ որ դիւրաւ կը պաշարէ մեզ, ու համբերութեա՛մբ վազենք մեզի առաջարկուած մրցարշաւը՝2 նայելով Յիսուսի, մեր հաւատքի ռահվիրային եւ իրագործողին. իրեն առաջարկուած ուրախութեան համար՝ ան տոկաց խաչին, արհամարհեց ամօթը, ու բազմեցաւ Աստուծոյ գահին աջ կողմը:

Hebrews 12:4

4 Տակաւին արիւն թափելու չափ չդիմադրեցիք՝ պայքարելով մեղքին դէմ,

Hebrews 12:23

23 երկինքը արձանագրուած անդրանիկներու համախմբումին, Աստուծոյ՝ որ բոլորին Դատաւորն է, արդարներուն հոգիներուն՝ որոնք կատարելութեան հասած՝՝ են,

Hebrews 13:8

8 Յիսուս Քրիստոս նոյնն է՝ երէկ, այսօր ու յաւիտեան:

Hebrews 13:16

16 Բայց մի՛ մոռնաք բարեգործութիւնն ու կարօտեալներուն հաղորդակցութիւնը, քանի որ այդպիսի՛ զոհեր հաճելի են Աստուծոյ:

Hebrews 13:20-21

20 Խաղաղութեան Աստուածը, որ մեռելներէն վեր հանեց մեր Տէրը՝ Յիսուսը - ոչխարներուն մեծ Հովիւը՝ յաւիտենական ուխտին արիւնով -,21 ամէն բարի գործի մէջ հաստատէ ձեզ՝ իր կամքը գործադրելու, ձեր մէջ իրագործելով իր առջեւ հաճելի եղածը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որուն փա՜ռք դարէ դար՝՝: Ամէն:

Hebrews 13:21-21

21 ամէն բարի գործի մէջ հաստատէ ձեզ՝ իր կամքը գործադրելու, ձեր մէջ իրագործելով իր առջեւ հաճելի եղածը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որուն փա՜ռք դարէ դար՝՝: Ամէն:

James 1:2-4

2 Եղբայրնե՛րս, բոլորովին ուրախութի՛ւն համարեցէք՝ երբ զանազան փորձութիւններու մէջ իյնաք,

James 1:2

2 Եղբայրնե՛րս, բոլորովին ուրախութի՛ւն համարեցէք՝ երբ զանազան փորձութիւններու մէջ իյնաք,3 գիտնալով թէ ձեր հաւատքին փորձը համբերութիւն կ՚իրագործէ:4 Բայց համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը, որպէսզի կատարեալ եւ ամբողջ ըլլաք, եւ ոչինչ պակսի ձեզի:5 Իսկ եթէ իմաստութիւն կը պակսի ձեզմէ մէկուն, թող խնդրէ Աստուծմէ՝ որ բոլորին կու տայ առատապէս՝ առանց կշտամբելու, եւ պիտի տրուի անոր:

James 3:9

9 Անո՛վ կ՚օրհնաբանենք Աստուած ու Հայրը, եւ անո՛վ կ՚անիծենք մարդիկ՝ որ ստեղծուած են Աստուծոյ նմանութեամբ:

James 3:17

17 Բայց վերէն եղող իմաստութիւնը՝ նախ անկեղծ է, յետոյ՝ խաղաղարար, ազնիւ, հլու, լի ողորմութեամբ ու բարի պտուղներով, անկողմնակալ եւ անկեղծ:

James 4:4

4 Շնացողնե՛ր, չէ՞ք գիտեր թէ այս աշխարհի բարեկամութիւնը՝ Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. ուրեմն ո՛վ որ կը փափաքի բարեկամ ըլլալ աշխարհի, ինքզինք թշնամի կ՚ընէ Աստուծոյ:

James 5:7-8

7 Ուրեմն համբերատա՛ր եղէք, եղբայրնե՛ր, մինչեւ Տէրոջ գալուստը: Ահա՛ մշակը կը սպասէ երկրի պատուական պտուղին՝ համբերատար ըլլալով անոր համար, մինչեւ որ ստանայ առաջին անձրեւն ու վերջին անձրեւը:8 Դո՛ւք ալ համբերատար եղէք եւ ամրացուցէ՛ք ձեր սիրտերը, որովհետեւ Տէրոջ գալուստը կը մօտենայ:

1 Peter 1:2

2 որոնք ընտրուած են Հայր Աստուծոյ կանխագիտութեան համաձայն՝ Հոգիին սրբացումով, Յիսուս Քրիստոսի հնազանդութեան եւ արիւնին սրսկումին համար. շնորհք ու խաղաղութիւն թող շատնան ձեր վրայ:

1 Peter 1:2-3

2 որոնք ընտրուած են Հայր Աստուծոյ կանխագիտութեան համաձայն՝ Հոգիին սրբացումով, Յիսուս Քրիստոսի հնազանդութեան եւ արիւնին սրսկումին համար. շնորհք ու խաղաղութիւն թող շատնան ձեր վրայ:

1 Peter 1:2-5

2 որոնք ընտրուած են Հայր Աստուծոյ կանխագիտութեան համաձայն՝ Հոգիին սրբացումով, Յիսուս Քրիստոսի հնազանդութեան եւ արիւնին սրսկումին համար. շնորհք ու խաղաղութիւն թող շատնան ձեր վրայ:3 Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ իր առատ ողորմութեան համաձայն վերստին ծնաւ մեզ կենարար յոյսի մը համար՝ Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն յարութեամբ,

1 Peter 1:3-3

3 Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ իր առատ ողորմութեան համաձայն վերստին ծնաւ մեզ կենարար յոյսի մը համար՝ Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն յարութեամբ,

1 Peter 1:3-5

3 Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ իր առատ ողորմութեան համաձայն վերստին ծնաւ մեզ կենարար յոյսի մը համար՝ Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն յարութեամբ,

1 Peter 1:3

3 Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ իր առատ ողորմութեան համաձայն վերստին ծնաւ մեզ կենարար յոյսի մը համար՝ Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն յարութեամբ,4 եւ անեղծանելի, անարատ ու անթառամ ժառանգութեան մը համար՝ որ երկինքը վերապահուած է ձեզի:

1 Peter 1:4-5

4 եւ անեղծանելի, անարատ ու անթառամ ժառանգութեան մը համար՝ որ երկինքը վերապահուած է ձեզի:5 Դուք Աստուծոյ զօրութեամբ ու հաւատքով պահպանուած էք փրկութեան համար, որ պատրաստ է յայտնուելու վերջին ատենը.

1 Peter 1:5

5 Դուք Աստուծոյ զօրութեամբ ու հաւատքով պահպանուած էք փրկութեան համար, որ պատրաստ է յայտնուելու վերջին ատենը.

1 Peter 1:19-20

19 հապա Քրիստոսի պատուական արիւնով՝ որպէս անարատ եւ անբիծ գառի մը արիւնը:20 Արդարեւ ան նախապէս ճանչցուած էր՝ աշխարհի հիմնադրութենէն առաջ, բայց այս վերջին ժամանակները երեւցաւ ձեզի համար:21 Անոր միջոցով հաւատացիք Աստուծոյ, որ մեռելներէն յարուցանեց զայն եւ փառաւորեց զայն, որպէսզի ձեր հաւատքն ու յոյսը ըլլան Աստուծոյ վրայ:22 Մաքուր սիրտով՝ ջերմեռանդութեա՛մբ սիրեցէք զիրար, քանի որ մաքրագործեցիք ձեր անձերը անկեղծ եղբայրսիրութեան համար՝ ճշմարտութեան հնազանդելով Հոգիին միջոցով,

1 Peter 1:22

22 Մաքուր սիրտով՝ ջերմեռանդութեա՛մբ սիրեցէք զիրար, քանի որ մաքրագործեցիք ձեր անձերը անկեղծ եղբայրսիրութեան համար՝ ճշմարտութեան հնազանդելով Հոգիին միջոցով,23 ու վերստին ծնած ըլլալով՝ ո՛չ թէ ապականացու հունտէն, հապա՝ անապականէն - Աստուծոյ խօսքով՝ որ կ՚ապրի ու կը մնայ յաւիտեան:

1 Peter 2:2

2 նորածին երախաներու պէս տենչացէ՛ք Աստուծոյ խօսքին անխարդախ կաթին, որպէսզի աճիք անով (մինչեւ փրկութիւնը),

1 Peter 2:9

9 Բայց դուք ընտրուած ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն մը, սուրբ ազգ մը, սեփական ժողովուրդ մը, որպէսզի հռչակէք առաքինութիւնները անո՛ր՝ որ կանչեց ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին:

1 Peter 2:15

15 Որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է որ պապանձեցնէք անմիտ մարդոց անգիտութիւնը՝ բարիք գործելով,

1 Peter 3:15

15 Հապա սրբացուցէ՛ք Տէր Աստուածը ձեր սիրտերուն մէջ, եւ միշտ պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ ջատագովական ներկայացնելու ամէն մէկուն՝ որ կը խնդրէ ձեզմէ ձեր մէջ եղած յոյսին պատճառը.

1 Peter 3:18

18 Արդարեւ Քրիստո՛ս ալ մէ՛կ անգամ չարչարուեցաւ՝ մեղքերու համար, Արդարը՝ անարդարներուն համար, որպէսզի մօտեցնէ մեզ Աստուծոյ: Ան մարմինով մեռցուեցաւ, բայց Հոգիով կեանք ստացաւ,

1 Peter 3:22

22 Ան երկինք գացած՝ Աստուծոյ աջ կողմն է, եւ հրեշտակները, իշխանութիւններն ու զօրութիւնները հպատակած են իրեն:

1 Peter 4:2

2 որպէսզի՝ իր մարմինին մէջ մնացած ժամանակը՝ այլեւս ապրի ո՛չ թէ մարդոց ցանկութիւններուն համաձայն, հապա՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն:

1 Peter 5:1

1 Կը յորդորեմ ձեր մէջ եղող երէցները, ե՛ս ալ ըլլալով երէց իրենց պէս, Քրիստոսի չարչարանքներուն վկայ, նաեւ հաղորդակից այն փառքին՝ որ պիտի յայտնուի.-

1 Peter 5:12

12 Սիղուանոսի միջոցով, որ՝ ինչպէս կը սեպեմ՝ հաւատարիմ եղբայր մըն է, գրեցի ձեզի համառօտաբար, յորդորելով ու վկայելով թէ ա՛յս է Աստուծոյ ճշմարիտ շնորհքը, որուն մէջ հաստատ կեցած էք:

2 Peter 1:2

2 շնորհք եւ խաղաղութիւն թող շատնան ձեր վրայ Աստուծոյ եւ մեր Տէրոջ՝ Յիսուսի ճանաչումով:

2 Peter 1:2-3

2 շնորհք եւ խաղաղութիւն թող շատնան ձեր վրայ Աստուծոյ եւ մեր Տէրոջ՝ Յիսուսի ճանաչումով:3 Արդարեւ իր աստուածային զօրութիւնը պարգեւեց մեզի ամէն ինչ՝ որ կը վերաբերի կեանքի ու բարեպաշտութեան, ճանչցնելով ա՛ն՝ որ կանչեց մեզ փառքի եւ առաքինութեան:

2 Peter 1:6

6 գիտութեան վրայ՝ ժուժկալութիւն, ժուժկալութեան վրայ՝ համբերութիւն, համբերութեան վրայ՝ բարեպաշտութիւն,

2 Peter 1:8

8 Որովհետեւ եթէ այս բաները ըլլան ձեր մէջ եւ աւելնան, անգործ ու անպտուղ չեն ըներ ձեզ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ճանաչումով:

2 Peter 1:11

11 արդարեւ ա՛յսպէս է որ ճոխութեամբ պիտի հայթայթուի ձեզի մեր Տէրոջ ու Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի յաւիտենական թագաւորութեան մուտքը:

2 Peter 2:18-22

18 Քանի որ երբ կը խօսին ունայնութեան յոխորտաբանութիւններ, մարմինի ցանկութիւններով, ցոփութիւններով կը խաբեն անո՛նք՝ որ հազիւ փախեր էին մոլորութեան մէջ ընթացողներէն:19 Ազատութիւն կը խոստանան անոնց, մինչդեռ իրե՛նք ստրուկներ են ապականութեան. որովհետեւ մէկը ինչ բանէ որ պարտուի, ստրուկ կ՚ըլլայ անոր:20 Արդարեւ եթէ իրենք, փախչելէ ետք աշխարհի պղծութիւններէն՝ Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի ճանաչումով, դարձեալ կաշկանդուին ու պարտուին անոնցմէ, իրենց վախճանը աւելի գէշ կ՚ըլլայ առաջին վիճակէն:21 Որովհետեւ աւելի լաւ կ՚ըլլար իրենց՝ որ բնա՛ւ չգիտնային արդարութեան ճամբան, քան թէ՝ գիտնալէ ետք՝ հեռանային իրենց աւանդուած սուրբ պատուիրանէն:22 Սակայն իրենց պատահեցաւ ինչ որ ճշմարիտ առակը կ՚ըսէ. «Շունը կը վերադառնայ իր փսխածին, ու լուացուած խոզը՝ ցեխին մէջ թաւալելու»:

2 Peter 3:14

14 Ուստի, սիրելինե՛ր, սպասելով ասոնց՝ փութացէ՛ք որ ան գտնէ ձեզ խաղաղութեան մէջ, անբիծ եւ անարատ.15 փրկութի՛ւն համարեցէք մեր Տէրոջ համբերատարութիւնը, ինչպէս մեր սիրելի եղբայրը՝ Պօղոս ալ գրեց ձեզի, իրեն տրուած իմաստութեամբ:

2 Peter 3:18

18 Հապա աճեցէ՛ք շնորհքով, եւ մեր Տէրոջ ու Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի գիտութեամբ: Անոր փա՜ռք թէ՛ հիմա, թէ՛ մինչեւ յաւիտենական օրը: Ամէն:

1 John 1:1

1 Կեանքի Խօսքին մասին - որ սկիզբէն էր, որ մենք լսեցինք, որ մեր աչքերով տեսանք, որ դիտեցինք ու մեր ձեռքերը շօշափեցին.

1 John 1:3

3 ինչ որ տեսանք ու լսեցինք՝ կը պատմենք ձեզի, որպէսզի դո՛ւք ալ հաղորդութիւն ունենաք մեզի հետ: Մեր հաղորդութիւնը Հօրը հետ է, եւ իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ:

1 John 1:9

9 Իսկ եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը, ան հաւատարիմ եւ արդար է՝ ներելու մեր մեղքերը, ու մաքրելու մեզ ամէն անիրաւութենէ:

1 John 2:2

2 Ա՛ն է մեր մեղքերուն քաւութիւնը. եւ ո՛չ միայն մեր, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մեղքերուն:

1 John 2:8

8 Դարձեալ՝ կը գրեմ ձեզի նոր պատուիրան մը, որ ճշմարիտ է անոր մէջ եւ ձեր մէջ. որովհետեւ խաւարը կ՚անցնի ու ճշմարիտ լոյսը արդէն կը փայլի:

1 John 2:12

12 Կը գրեմ ձեզի, որդեակնե՛ր, որովհետեւ ձեր մեղքերը ներուած են ձեզի՝ անոր անունին համար:

1 John 2:17

17 Աշխա՛րհն ալ կ՚անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ա՛ն որ կը գործադրէ Աստուծոյ կամքը՝ կը մնայ յաւիտեան:

1 John 2:27

27 Այն օծութիւնը որ ստացաք իրմէ՝ կը բնակի ձեր մէջ. ուստի պէտք չկայ որ մէկը սորվեցնէ ձեզի: Իսկ քանի որ այդ նոյն օծութիւնը կը սորվեցնէ ձեզի ամէն բան, ու ճշմարիտ է եւ ո՛չ թէ սուտ, ի՛ր մէջ բնակեցէք՝ ի՛նչպէս ան սորվեցուց ձեզի:

1 John 3:1-3

1 Տեսէ՛ք թէ Հայրը ինչպիսի՜ սէր շնորհեց մեզի, որպէսզի մենք Աստուծոյ զաւակներ կոչուինք. ուստի աշխարհը չի ճանչնար մեզ, որովհետեւ չճանչցաւ զինք:2 Սիրելինե՛ր, հիմա մենք Աստուծոյ զաւակներն ենք, եւ տակաւին բացայայտ չէ թէ ի՛նչ պիտի ըլլանք. բայց գիտենք թէ երբ ինք երեւնայ՝ իրեն պէս պիտի ըլլանք, որովհետեւ պիտի տեսնենք զինք՝ ինչպէս որ է:3 Ո՛վ որ այս յոյսը ունի անոր վրայ, կը մաքրագործէ ինքզինք՝ ինչպէս ան մաքուր է:

1 John 3:3-3

3 Ո՛վ որ այս յոյսը ունի անոր վրայ, կը մաքրագործէ ինքզինք՝ ինչպէս ան մաքուր է:

1 John 3:8

8 Ո՛վ որ մեղք կը գործէ՝ Չարախօսէն է, որովհետեւ Չարախօսը կը մեղանչէ սկիզբէն ի վեր. Աստուծոյ Որդին յայտնուեցաւ՝ որպէսզի քանդէ Չարախօսին գործերը:

1 John 3:14

14 Մենք գիտենք թէ անցանք մահէն կեանքի, որովհետեւ կը սիրենք եղբայրները. ա՛ն որ չի սիրեր եղբայրը՝ կը բնակի մահուան մէջ:

1 John 3:22

22 եւ ի՛նչ որ խնդրենք՝ կը ստանանք անկէ, որովհետեւ կը պահենք անոր պատուիրանները, ու կ՚ընենք անոր առջեւ հաճելի եղած բաները:23 Սա՛ է անոր պատուիրանը, որ հաւատանք իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի անունին, ու սիրենք զիրար՝ ինչպէս պատուիրեց մեզի:

1 John 4:4

4 Դուք Աստուծմէ էք, որդեակնե՛ր, եւ յաղթեցիք անոնց. որովհետեւ ա՛ն որ ձեր մէջ է՝ աւելի մեծ է, քան ա՛ն՝ որ աշխարհի մէջ է:

1 John 4:9-10

9 Աստուծոյ սէրը սա՛պէս բացայայտուեցաւ մեզի հանդէպ. Աստուած աշխարհ ղրկեց իր միածին Որդին, որպէսզի ապրինք անոր միջոցով:10 Սէրը ասո՛ր մէջ է. ո՛չ թէ մենք սիրեցինք Աստուած, հապա ա՛ն սիրեց մեզ եւ ղրկեց իր Որդին՝ իբր քաւութիւն մեր մեղքերուն:

1 John 4:16

16 Մենք գիտցանք Աստուծոյ մեզի հանդէպ ունեցած սէրը, ու հաւատացինք: Աստուած սէր է. ա՛ն որ կը բնակի սիրոյ մէջ՝ կը բնակի Աստուծոյ մէջ, եւ Աստուած՝ անոր մէջ:

1 John 5:20

20 Նաեւ գիտենք թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ, եւ ուշիմութիւն տուաւ մեզի՝ որպէսզի ճանչնանք Ճշմարիտը: Ու մենք այդ Ճշմարիտին մէջ ենք, անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի մէջ. ի՛նքն է ճշմարիտ Աստուածը եւ յաւիտենական կեանքը:

3 John 1:3-4

3 Որովհետեւ մեծապէս ուրախացայ, երբ քանի մը եղբայրներ եկան ու վկայեցին քու ճշմարտութեանդ մասին, թէ կ՚ընթանաս ճշմարտութեամբ:4 Ամենամեծ ուրախութիւնս է լսել՝ թէ իմ զաւակներս կ՚ընթանան ճշմարտութեամբ:

Jude 1:2

2 ողորմութիւն, խաղաղութիւն եւ սէր թող շատնան ձեր վրայ:

Jude 1:24

24 Անոր՝ որ կարող է զերծ պահել ձեզ անկումէ, եւ անարատ կեցնել իր փառքին առջեւ՝ ցնծութեամբ,25 մեր Փրկիչին՝ միա՛կ Աստուծոյ, (մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով) փա՜ռք ու մեծափառութի՜ւն, զօրութի՜ւն եւ իշխանութի՜ւն (բոլոր դարերէն առաջ,) հիմա ու բոլոր դարերուն մէջ: Ամէն:

Revelation 1:4

4 Յովհաննէս՝ եօթը եկեղեցիներուն, որոնք Ասիայի մէջ են. շնորհք ու խաղաղութիւն ձեզի անկէ՝ որ է, որ էր եւ որ պիտի գայ, ու եօթը Հոգիներէն՝ որոնք անոր գահին առջեւ են,5 եւ Յիսուս Քրիստոս հաւատարիմ վկայէն, որ մեռելներուն անդրանիկն է ու երկրի թագաւորներուն իշխանը: Անոր՝ որ սիրեց մեզ, իր արիւնով լուաց մեզ մեր մեղքերէն,

Revelation 1:8

8 «Ե՛ս եմ Ալֆան ու Օմեղան», կ՚ըսէ Տէր (Աստուած), ա՛ն՝ որ է, որ էր եւ որ պիտի գայ, Ամենակալը:

Revelation 1:11

11 «Ինչ որ կը տեսնես՝ գրէ՛ գիրքի մը մէջ, ու ղրկէ՛ զայն եօթը եկեղեցիներուն՝ որոնք Եփեսոսի, Զմիւռնիայի, Պերգամոնի, Թիւատիրի, Սարդիկէի, Ֆիլատելֆիայի եւ Լաւոդիկէի մէջ են»:

Revelation 1:17

17 Երբ տեսայ զայն, անոր ոտքը ինկայ՝ մեռելի պէս. իսկ ան՝ իր աջ ձեռքը դրաւ իմ վրաս ու ըսաւ ինծի. «Մի՛ վախնար. ե՛ս եմ Առաջինը եւ Վերջինը:18 Ես ա՛ն եմ ՝ որ կ՚ապրի՛. ես մեռած էի, ու ահա՛ կ՚ապրի՛մ դարէ դար. ե՛ս ունիմ մահուան եւ դժոխքին բանալիները:

Revelation 2:3

3 Համբերութիւն ունեցար, տառապանք կրեցիր իմ անունիս համար՝՝ ու չթուլցար:

Revelation 2:8

8 «Գրէ՛ նաեւ Զմիւռնիայի եկեղեցիին հրեշտակին.- “Սա՛ կ՚ըսէ Առաջինը եւ Վերջինը, որ մեռաւ ու կ՚ապրի՛.

Revelation 2:10

10 Բնաւ մի՛ վախնար այն չարչարանքներէն՝ որ պիտի կրես. ահա՛ Չարախօսը բանտը պիտի նետէ ձեզմէ ոմանք՝ որպէսզի փորձուիք, եւ տասը օր տառապանք պիտի ունենաք: Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղիր, ու պիտի տամ քեզի կեանքի պսակը"”:

Revelation 3:14

14 «Գրէ՛ նաեւ Լաւոդիկէի եկեղեցիին հրեշտակին.- “Սա՛ կ՚ըսէ Ամէնը, հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան, Աստուծոյ արարչութեան Սկիզբը.

Revelation 3:20

20 Ահա՛ կայնած եմ դրան առջեւ ու կը բախեմ. եթէ մէկը լսէ իմ ձայնս եւ բանայ դուռը, պիտի մտնեմ անոր քով ու պիտի ընթրեմ անոր հետ, ան ալ՝ ինծի հետ:

Revelation 5:9

9 Անոնք կ՚երգէին նոր երգ մը՝ ըսելով. «Դուն արժանի ես առնելու այդ գիրքը եւ քակելու ատոր կնիքները. որովհետեւ մորթուեցար, ու քու արիւնովդ գնեցիր մեզ Աստուծոյ համար՝ ամէն տոհմէ, լեզուէ, ժողովուրդէ եւ ազգէ,

Revelation 5:9-13

9 Անոնք կ՚երգէին նոր երգ մը՝ ըսելով. «Դուն արժանի ես առնելու այդ գիրքը եւ քակելու ատոր կնիքները. որովհետեւ մորթուեցար, ու քու արիւնովդ գնեցիր մեզ Աստուծոյ համար՝ ամէն տոհմէ, լեզուէ, ժողովուրդէ եւ ազգէ,10 թագաւորներ ու քահանաներ ըրիր մեզ մեր Աստուծոյն, եւ երկրի վրայ պիտի թագաւորենք»:11 Տեսայ, ու լսեցի ձայնը շատ հրեշտակներու՝ որոնք գահին, էակներուն եւ երէցներուն շուրջն էին. անոնց թիւը բիւրերով բիւր ու հազարներով հազար էր:12 Անոնք բարձրաձայն կ՚ըսէին. «Այդ մորթուած Գառնուկը արժանի է ընդունելու զօրութիւն, հարստութիւն, իմաստութիւն, ոյժ, պատիւ, փառք եւ օրհնաբանութիւն»:13 Ու լսեցի բոլոր արարածները՝ երկինքի մէջ, երկրի վրայ, երկրի ներքեւ եւ ծովու մէջ եղող, ու ամէն ինչ որ անոնց մէջ կայ, որոնք կ՚ըսէին. «Գահին վրայ բազմողին եւ Գառնուկին՝ օրհնաբանութի՜ւն, պատի՜ւ, փա՜ռք ու զօրութի՜ւն դարէ դար՝՝»:

Revelation 5:13-13

13 Ու լսեցի բոլոր արարածները՝ երկինքի մէջ, երկրի վրայ, երկրի ներքեւ եւ ծովու մէջ եղող, ու ամէն ինչ որ անոնց մէջ կայ, որոնք կ՚ըսէին. «Գահին վրայ բազմողին եւ Գառնուկին՝ օրհնաբանութի՜ւն, պատի՜ւ, փա՜ռք ու զօրութի՜ւն դարէ դար՝՝»:14 Եւ չորս էակները կ՚ըսէին. «Ամէն»: Ու երէցները ինկան եւ երկրպագեցին:

Revelation 11:15

15 Եօթներորդ հրեշտակը հնչեցուց փողը, ու երկինքի մէջ եղան հզօր ձայներ՝ որ կ՚ըսէին. «Աշխարհի թագաւորութիւնները եղան մեր Տէրոջ եւ իր Օծեալին, ու ան պիտի թագաւորէ դարէ դար՝՝»:

Revelation 14:4

4 Ասոնք անո՛նք են՝ որ չպղծուեցան կիներու հետ, քանի որ կոյս են: Ասոնք անո՛նք են՝ որ կը հետեւին Գառնուկին, ո՛ւր որ ան երթայ. ասոնք գնուեցան մարդոց մէջէն՝ երախայրիք ըլլալու Աստուծոյ ու Գառնուկին:

Revelation 14:12

12 Հո՛ս է համբերութիւնը սուրբերուն, որոնք կը պահեն Աստուծոյ պատուիրաններն ու Յիսուսի հաւատքը:

Revelation 21:6

6 Նաեւ ըսաւ ինծի. «Եղա՛ւ. ե՛ս եմ Ալֆան եւ Օմեղան, Սկիզբն ու Վախճանը. ես ծարաւին ձրի՛ պիտի տամ կեանքի ջուրին աղբիւրէն:

Revelation 21:23

23 Քաղաքը պէտք չունի արեւի, ո՛չ ալ լուսինի, որ լուսաւորեն զայն. որովհետեւ Աստուծոյ փառքը կը լուսաւորէ զայն, եւ Գառնուկն է անոր ճրագը:

Revelation 21:23-24

23 Քաղաքը պէտք չունի արեւի, ո՛չ ալ լուսինի, որ լուսաւորեն զայն. որովհետեւ Աստուծոյ փառքը կը լուսաւորէ զայն, եւ Գառնուկն է անոր ճրագը:24 (Փրկուած) ազգերը պիտի ընթանան անոր լոյսով, ու երկրի թագաւորները իրենց փառքը եւ պատիւը պիտի բերեն անոր մէջ:

Revelation 22:5

5 Հոն ա՛լ գիշեր պիտի չըլլայ. անոնք պէտք չունին ճրագի, ո՛չ ալ արեւի լոյսի, քանի որ Տէր Աստուած պիտի լուսաւորէ զանոնք, ու պիտի թագաւորեն դարէ դար՝՝:

Revelation 22:13

13 Ե՛ս եմ Ալֆան եւ Օմեղան, Սկիզբն ու Վախճանը, Առաջինը եւ Վերջինը»:14 «Երանի՜ անոնց՝ որ կը գործադրեն անոր պատուիրանները, որպէսզի իրաւունք ունենան ուտելու կեանքի ծառէն, ու դռներէն ներս՝ քաղաքը մտնեն:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.