Hebrews 9:9 Cross References - Armenian

9 որ նախատիպար մըն էր ներկայ ատենին համար: Անոր մէջ կը մատուցանուէին ընծաներ ու զոհեր, որոնք չէին կրնար կատարեալ ընել պաշտամունք կատարողը՝ խղճմտանքին հանդէպ. հապա՝ կերակուրներով, խմելիքներով

Romans 5:14

14 Սակայն մահը թագաւորեց Ադամէն մինչեւ Մովսէս, նոյնիսկ Ադամի օրինազանցութեան նման չմեղանչողներուն վրայ. ինք նախատիպն էր անոր՝ որ յետոյ պիտի գար:

Galatians 3:21

21 Ուրեմն Օրէնքը հակառա՞կ է Աստուծոյ խոստումներուն: Ամե՛նեւին. քանի որ եթէ տրուած ըլլար այնպիսի Օրէնք մը՝ որ կարենար կեանք տալ, այն ատեն ի՛րապէս արդարութիւնը Օրէնքով կ՚ըլլար:

Hebrews 5:1

1 Արդարեւ, մարդոց մէջէն առնուած ամէն քահանայապետ՝ նշանակուած է մարդո՛ց համար, որպէսզի Աստուծոյ մատուցանէ ընծաներ ու մեղքերու համար զոհեր:

Hebrews 7:11

11 Ուրեմն, եթէ կատարելութիւնը Ղեւտացիներու քահանայութեամբ ըլլար, (քանի որ ժողովուրդը Օրէնքին տակ դրուեցաւ անոր ատենը,) ա՛լ ի՞նչ պէտք կար որ ուրի՛շ քահանայ մը ելլէր՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ, եւ չկոչուէր Ահարոնի կարգին համեմատ:

Hebrews 7:18-19

18 Արդարեւ նախկին պատուէրը կը ջնջուի իր տկարութեան ու անշահեկանութեան համար,19 (որովհետեւ Օրէնքը ոչի՛նչ կատարեալ ըրաւ,) եւ անոր տեղ կը մտնէ լաւագոյն յոյս մը՝ որով կը մօտենանք Աստուծոյ:

Hebrews 9:13-14

13 Որովհետեւ եթէ ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը, եւ պիղծերուն վրայ սրսկուող երինջին մոխիրը, կը սրբացնէին՝ մարմինի մաքրութեան համար,14 ա՛լ ո՜րչափ աւելի Քրիստոսի արիւնը, որ յաւիտենական Հոգիին միջոցով մատուցանեց ինքզինք Աստուծոյ՝ իբր անարատ զոհ, պիտի մաքրէ ձեր խղճմտանքը մեռած գործերէն՝ պաշտելու համար ապրող Աստուածը:

Hebrews 9:24

24 Քանի որ Քրիստոս մտաւ ո՛չ թէ ձեռակերտ սրբարանը, որ ճշմարիտին կրկնատիպն էր, հապա նոյնինքն երկինքը, որպէսզի հիմա Աստուծոյ առջեւ երեւնայ մեզի համար.

Hebrews 10:1-4

1 Արդարեւ Օրէնքը, ունենալով գալիք բարիքներուն շուքը, ո՛չ թէ այդ բաներուն բո՛ւն պատկերը, երբեք չի կրնար կատարեալ ընել անոնք՝ որ կը մօտենան, շարունակ ամէն տարի մատուցանուած նոյն զոհերով:2 Այլապէս՝ պիտի չդադրէի՞ն մատուցանուելէ, քանի որ պաշտամունք կատարողները՝ մէ՛կ անգամ մաքրուելէն ետք՝ ա՛լ խղճահարութիւն պիտի չունենային մեղքերու համար:3 Բայց ամէն տարի մեղքերու յիշատակութիւն կ՚ըլլայ անոնցմով.4 որովհետեւ նոխազներուն ու ցուլերուն արիւնը անկարող է քաւել մեղքերը:

Hebrews 10:11

11 Ամէն քահանայ ամէն օր կը կայնի՝ պաշտօն կատարելու եւ նոյն զոհերը յաճախ մատուցանելու, որոնք երբեք չեն կրնար քաւել մեղքերը:

Hebrews 11:19

19 որովհետեւ կը մտածէր թէ Աստուած կարող է յարուցանել զայն, նոյնիսկ մեռելներէն. ուրկէ ալ ստացաւ զայն՝ որպէս նախատիպար:

Hebrews 11:39-40

39 Ասոնք բոլորն ալ ընդունեցին բարի վկայութիւն մը իրենց հաւատքին համար, սակայն խոստումը չստացան,40 քանի որ Աստուած մեզի համար նախատեսած էր աւելի լաւ բան մը, որպէսզի անոնք չհասնին խոստումին իրագործումին՝՝ առանց մեզի:

1 Peter 1:11-12

11 Կը զննէին թէ ի՛նչ կամ ինչպիսի՛ ատեն կը բացայայտէր իրենց մէջ եղած Քրիստոսի Հոգին, երբ կանխաւ կը վկայէր Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ անոնց հետեւող փառքին մասին:12 Անոնց յայտնուեցաւ թէ ո՛չ թէ իրե՛նց՝ հապա մեզի՛ կը սպասարկէին այն բաները, որոնք հիմա հաղորդուեցան ձեզի անո՛նց միջոցով՝ որ աւետարանեցին ձեզի երկինքէն ղրկուած Սուրբ Հոգիով: Այդ բաներո՛ւն է որ հրեշտակները կը ցանկան ակնկառոյց նայիլ:

1 Peter 3:21

21 Անոր կրկնատիպը եղող մկրտութիւնն ալ հիմա կը փրկէ մեզ, (ո՛չ թէ մարմինին աղտը լքելը, հապա Աստուծոյ հանդէպ բարի խղճմտանքի մը յանձնառութիւնը,) Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.