Luke 18:3 Cross References - Armenian

3 Նոյն քաղաքին մէջ այրի մըն ալ կար, որ կու գար անոր եւ կ՚ըսէր. “Պաշտպանէ՛ իմ իրաւունքս՝ ոսոխիս դէմ”:

Luke 18:7-8

7 Հապա Աստուած պիտի չպաշտպանէ՞ իր ընտրեալներուն իրաւունքը, որոնք կը գոչեն իրեն ցերեկ ու գիշեր, թէեւ համբերատար ըլլայ անոնց հանդէպ:8 Կը յայտարարեմ ձեզի թէ շուտո՛վ պիտի պաշտպանէ անոնց իրաւունքը. բայց երբ մարդու Որդին գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»:

Romans 13:3-4

3 Քանի որ իշխանները՝ բարի գործերու համար վախ չեն ազդեր, հապա՝ չար գործերու: Ուստի կ՚ուզե՞ս չվախնալ իշխանութենէն. բարի՛ն գործէ, եւ գովեստ պիտի ընդունիս անկէ:4 Որովհետեւ ան Աստուծոյ սպասարկուն է քեզի համար՝ որ բարի՛ն գործես. բայց եթէ չա՛րը գործես՝ վախցի՛ր, քանի որ զուր տեղը չէ որ սուր կը կրէ մէջքը. որովհետեւ Աստուծոյ սպասարկուն է, եւ վրէժխնդիր՝ բարկութիւն հասցնելու անոր վրայ՝ որ չարիք կը գործէ:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.