43 ուր անոնց որդը չի վախճանիր եւ կրակը չի մարիր:
Mark 9:43 Cross References - Armenian
Matthew 3:12
12 Անոր հեծանոցը իր ձեռքն է. իր կալը պիտի մաքրէ եւ իր ցորենը պիտի ժողվէ ամբարը, իսկ յարդը պիտի այրէ անշէջ կրակով»:
Matthew 5:22
22 Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ զուր տեղը բարկանայ իր եղբօր դէմ՝ արժանի պիտի ըլլայ դատաստանի: Ո՛վ որ "ապուշ" ըսէ իր եղբօր՝ արժանի պիտի ըլլայ ատեանի դատապարտութեան: Ո՛վ որ "յիմար" ըսէ իր եղբօր՝ արժանի պիտի ըլլայ գեհենի կրակին”:
Matthew 5:29-30
29 Ուստի եթէ աջ աչքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, հանէ՛ զայն ու նետէ՛ քեզմէ. որովհետեւ աւելի օգտակար է քեզի՝ որ անդամներէդ մէկը կորսուի, բայց ամբողջ մարմինդ չնետուի գեհենը:30 Եթէ աջ ձեռքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, կտրէ՛ զայն ու նետէ՛ քեզմէ. որովհետեւ աւելի օգտակար է քեզի՝ որ անդամներէդ մէկը կորսուի, ու ամբողջ մարմինդ չնետուի գեհենը»:
Matthew 15:30-31
30 Ու մեծ բազմութիւններ եկան իրեն, որոնք ունէին իրենց հետ կաղեր, կոյրեր, համրեր, հաշմանդամներ եւ շատ ուրիշներ, ու ձգեցին զանոնք Յիսուսի ոտքը: Ան ալ բուժեց զանոնք.31 այնպէս որ բազմութիւնը զմայլեցաւ՝ տեսնելով որ համրերը կը խօսէին, հաշմանդամները կը բժշկուէին, կաղերը կը քալէին եւ կոյրերը կը տեսնէին. ու կը փառաբանէին Իսրայէլի Աստուածը:
Matthew 18:8-9
8 Ուրեմն եթէ ձեռքդ կամ ոտքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, կտրէ՛ զայն ու նետէ՛ քեզմէ. աւելի լաւ է քեզի՝ կա՛ղ կամ պակասաւո՛ր մտնել կեանքը, քան երկու ձեռք կամ երկու ոտք ունենալ եւ նետուիլ յաւիտենական կրակին մէջ:9 Եթէ աչքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, հանէ՛ զայն ու նետէ՛ քեզմէ. աւելի լաւ է քեզի՝ մէ՛կ աչքով մտնել կեանքը, քան երկու աչք ունենալ եւ նետուիլ գեհենի կրակին մէջ»:
Matthew 25:41
41 Այն ատեն պիտի ըսէ նաեւ իր ձախ կողմը եղողներուն. “Հեռացէ՛ք ինձմէ, անիծեալնե՛ր, յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Չարախօսին եւ իր հրեշտակներուն համար:
Mark 9:45-48
45 ուր անոնց որդը չի վախճանիր եւ կրակը չի մարիր:46 Եթէ աչքդ կը գայթակղեցնէ քեզ՝ հանէ՛ զայն. աւելի լաւ է քեզի՝ մէ՛կ աչքով մտնել Աստուծոյ թագաւորութիւնը, քան երկու աչք ունենալ ու նետուիլ գեհենի կրակը,47 ուր անոնց որդը չի վախճանիր եւ կրակը չի մարիր:48 Որովհետեւ իւրաքանչիւրը կրակո՛վ պիտի աղուի, ու ամէն զոհ աղո՛վ պիտի աղուի:
Luke 14:13
13 Հապա երբ կոչունք կը սարքես՝ հրաւիրէ՛ աղքատները, պակասաւորները, կաղերը եւ կոյրերը,
Luke 14:21
21 Ծառան եկաւ ու պատմեց իր տիրոջ այս բաները: Այդ ատեն տանուտէրը բարկացաւ եւ ըսաւ իր ծառային. “Շուտո՛վ դուրս ելիր՝ դէպի քաղաքին հրապարակներն ու փողոցները, եւ հո՛ս բեր աղքատները, պակասաւորները, կաղերն ու կոյրերը”:
Romans 8:13
13 Որովհետեւ եթէ մարմինին համաձայն ապրիք՝ պիտի մեռնիք, իսկ եթէ Հոգիով մարմինին գործերը մեռցնէք՝ պիտի ապրիք:
1 Corinthians 9:27
27 բայց կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ մարմինս, որպէսզի՝ ուրիշներուն քարոզելէ ետք՝ ես ինքս խոտելի չըլլամ:
Galatians 5:24
24 Անոնք որ Քրիստոսիններն են, իրենց մարմինը խաչեցին՝ բնական կիրքերուն ու ցանկութիւններուն հետ:
Colossians 3:5
5 Ուրեմն մեռցուցէ՛ք ձեր երկրաւոր անդամները.- պոռնկութիւնը, անմաքրութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է:
Titus 2:12
12 կրթելով մեզ՝ որ ուրանանք ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները, եւ ապրինք խոհեմութեամբ, արդարութեամբ ու բարեպաշտութեամբ՝ այս ներկայ աշխարհին մէջ,
Hebrews 12:1
1 Ուստի մե՛նք ալ, քանի որ շրջապատուած ենք ա՛յսչափ շատ վկաներու բազմութեամբ, թօթափե՛նք ամէն ծանրաբեռնում, եւ մեղքը՝ որ դիւրաւ կը պաշարէ մեզ, ու համբերութեա՛մբ վազենք մեզի առաջարկուած մրցարշաւը՝
1 Peter 2:1
1 Ուրեմն, թօթափելով ամէն չարամտութիւն եւ ամէն նենգութիւն, կեղծաւորութիւնները, նախանձներն ու բոլոր բամբասանքները,