38 Այն ատեն դպիրներէն ու Փարիսեցիներէն ոմանք ըսին իրեն. «Վարդապե՛տ, նշա՛ն մը կ՚ուզենք տեսնել քեզմէ»:
Matthew 12:38 Cross References - Armenian
Matthew 16:1-4
1 Փարիսեցիներն ու Սադուկեցիները քովը եկան՝ փորձելու համար զինք, եւ կը խնդրէին իրմէ որ երկինքէն նշան մը ցոյց տայ իրենց:2 Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Երբ իրիկուն ըլլայ՝ կ՚ըսէք. “Վաղը լաւ օդ պիտի ըլլայ, որովհետեւ երկինքը շառագունած է”,3 իսկ առտուն. “Այսօր մրրիկ պիտի ըլլայ, որովհետեւ երկինքը շառագունած ու մթագնած է”: Կեղծաւորնե՛ր, գիտէ՛ք զննել երկինքի երեսը, բայց չէ՞ք կրնար գիտնալ ժամանակներուն նշանները:4 Չար ու շնացող սերունդը նշան կը խնդրէ: Սակայն ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, բայց միայն Յովնան մարգարէին նշանը»: Եւ ձգեց զանոնք ու գնաց:
Mark 8:11-12
Luke 11:16
16 Ուրիշներ ալ՝ փորձելու համար՝ կը խնդրէին իրմէ նշան մը երկինքէն:
Luke 11:29
29 Երբ բազմութիւնները կը խռնուէին անոր շուրջ, ինք ըսաւ. «Այս սերունդը չար է, նշան կը խնդրէ. սակայն ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, բայց միայն Յովնան մարգարէին նշանը:
John 2:18
18 Հետեւաբար Հրեաները ըսին անոր. «Ի՞նչ նշան ցոյց կու տաս մեզի՝ քանի կ՚ընես այդ բաները»:
John 4:48
48 Իսկ Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ նշաններ ու սքանչելիքներ չտեսնէք՝ բնա՛ւ պիտի չհաւատաք»:
John 6:30
30 Ուստի ըսին իրեն. «Բայց դուն ի՞նչ նշան կ՚ընես, որ տեսնենք ու հաւատանք քեզի. ի՞նչ կը գործես:
1 Corinthians 1:22
22 որովհետեւ Հրեաները նշան կը պահանջեն, եւ Յոյները իմաստութիւն կը փնտռեն,