13 Նոյն ժամուն հզօր երկրաշարժ մը եղաւ, եւ քաղաքին մէկ տասներորդը կործանեցաւ: Եօթը հազար մարդիկ սպաննուեցան այդ երկրաշարժէն. մնացողները վախցան ու փառք տուին երկինքի Աստուծոյն:
Revelation 11:13 Cross References - Armenian
Acts 1:15
15 Այդ օրերը՝ Պետրոս կանգնեցաւ աշակերտներուն մէջ, (հաւաքուած բազմութիւնը հարիւր քսան հոգիի չափ էր,) եւ ըսաւ.
Revelation 3:4
4 Սակայն Սարդիկէի մէջ ունիս քանի մը մարդոց անուններ, որոնք չպղծեցին իրենց հանդերձները եւ ճերմակներով պիտի շրջին ինծի հետ, քանի որ արժանի են:
Revelation 6:12
12 Տեսայ՝ երբ բացաւ վեցերորդ կնիքը, եւ ահա՛ մեծ երկրաշարժ մը եղաւ: Արեւը սեւցաւ՝ մազեղէն քուրձի մը պէս, լուսինը (բոլորովին) արիւնի գոյնի պէս եղաւ,
Revelation 8:5
5 Ապա հրեշտակը առաւ խնկանոցը, լեցուց զայն զոհասեղանին կրակէն, ու նետեց երկրի վրայ. եւ ձայներ, որոտումներ, փայլակներ ու երկրաշարժ եղան:
Revelation 8:9-12
9 ծովուն մէջ ապրող արարածներուն մէկ երրորդը մեռաւ, ու նաւերուն մէկ երրորդը փճացաւ:10 Երրորդ հրեշտակը հնչեցուց փողը, ու երկինքէն մեծ աստղ մը ինկաւ՝ ջահի պէս վառելով. ան ինկաւ գետերուն մէկ երրորդին եւ ջուրերու աղբիւրներուն վրայ:11 Այդ աստղին անունը Օշինդր էր, ու ջուրերուն մէկ երրորդը օշինդր եղաւ, եւ շատ մարդիկ մեռան ջուրերէն՝ քանի որ դառնացած էին:12 Չորրորդ հրեշտակը հնչեցուց փողը, ու արեւին մէկ երրորդը զարնուեցաւ, նաեւ լուսինին մէկ երրորդը եւ աստղերուն մէկ երրորդը. հետեւաբար անոնց մէկ երրորդը խաւարեցաւ, օրուան մէկ երրորդը չլուսաւորուեցաւ, նմանապէս՝ գիշերուան:
Revelation 11:11
11 Երեք ու կէս օր ետք, Աստուծմէ եկող կեանքի հոգի մտաւ անոնց մէջ, կայնեցան իրենց ոտքերուն վրայ, ու մեծ վախ համակեց զիրենք տեսնողները՝՝:
Revelation 11:19
19 Եւ Աստուծոյ տաճարը բացուեցաւ երկինքի մէջ. անոր ուխտին տապանակը երեւցաւ իր տաճարին մէջ, ու եղան փայլակներ, ձայներ, որոտումներ, երկրաշարժ եւ խոշոր կարկուտ:
Revelation 13:1-3
1 Տեսայ թէ գազան մը կը բարձրանար ծովէն. ան ունէր եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր: Անոր եղջիւրներուն վրայ տասը թագ կար, եւ անոր գլուխներուն վրայ՝ հայհոյութեան անուններ:2 Այդ գազանը նման էր ընձառիւծի. անոր ոտքերը՝ արջի ոտքերու պէս էին, եւ անոր երախը՝ առիւծի երախի պէս: Վիշապը տուաւ անոր իր զօրութիւնը, իր գահն ու մեծ իշխանութիւն:3 Անոր գլուխներէն մէկը մորթուածի պէս էր. բայց անոր մահացու վէրքը բուժուեցաւ, եւ ամբողջ երկիրը սքանչանալով գազանին հետեւեցաւ՝՝:
Revelation 14:7
7 Ան բարձրաձայն կ՚ըսէր. «Վախցէ՛ք Աստուծմէ եւ փա՜ռք տուէք անոր, որովհետեւ անոր դատաստանին ժամը հասաւ. երկրպագեցէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը, երկիրը, ծովն ու ջուրերուն աղբիւրները»:
Revelation 15:4
4 Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ եւ չփառաւորէ քու անունդ, որովհետեւ միակ սուրբը դո՛ւն ես. արդարեւ բոլոր ազգերը պիտի գան ու երկրպագեն քու առջեւդ, քանի որ քու արդար դատավճիռներդ յայտնաբերուեցան»:
Revelation 16:9-11
9 ու զօրութիւն տրուեցաւ անոր՝ որ կրակով տօթակէզ ընէ մարդիկը: Մարդիկ տօթակէզ եղան սաստիկ տօթէն, եւ հայհոյեցին անունը Աստուծոյ՝ որ իշխանութիւն ունի այս պատուհասներուն վրայ. բայց չապաշխարեցին՝ որ փառք տան անոր:10 Հինգերորդ հրեշտակը թափեց իր սկաւառակը գազանին գահին վրայ, ու անոր թագաւորութիւնը խաւարեցաւ: Ցաւէն՝ մարդիկ կը ծամէին իրենց լեզուն,11 ու հայհոյեցին երկինքի Աստուծոյն՝ իրենց ցաւերուն եւ պալարներուն պատճառով. բայց չապաշխարեցին իրենց գործերէն:
Revelation 16:18-19
18 Եւ փայլակներ, ձայներ ու որոտումներ՝՝ եղան: Հզօր երկրաշարժ մըն ալ եղաւ. այդպիսի մեծ ու հզօր երկրաշարժ եղած չէր երկրի վրայ՝ մարդոց ըլլալէն ի վեր:19 Մեծ քաղաքը երեք մաս եղաւ, եւ ազգերուն քաղաքները կործանեցան: Մեծ Բաբելոնը յիշուեցաւ Աստուծոյ առջեւ, որպէսզի տայ անոր իր զայրագին բարկութեան գինիին բաժակը:
Revelation 19:7
7 Ուրախանա՛նք, ցնծա՛նք ու փա՜ռք տանք անոր, քանի որ Գառնուկին հարսանիքը հասաւ եւ իր կինը պատրաստեց ինքզինք: