1 Տեսայ թէ գազան մը կը բարձրանար ծովէն. ան ունէր եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր: Անոր եղջիւրներուն վրայ տասը թագ կար, եւ անոր գլուխներուն վրայ՝ հայհոյութեան անուններ:2 Այդ գազանը նման էր ընձառիւծի. անոր ոտքերը՝ արջի ոտքերու պէս էին, եւ անոր երախը՝ առիւծի երախի պէս: Վիշապը տուաւ անոր իր զօրութիւնը, իր գահն ու մեծ իշխանութիւն:3 Անոր գլուխներէն մէկը մորթուածի պէս էր. բայց անոր մահացու վէրքը բուժուեցաւ, եւ ամբողջ երկիրը սքանչանալով գազանին հետեւեցաւ՝՝:4 Անոնք երկրպագեցին վիշապին՝ որ իշխանութիւն տուաւ գազանին, ու երկրպագեցին գազանին՝ ըսելով. «Ո՞վ նման է գազանին. ո՞վ կրնայ պատերազմիլ անոր հետ»:5 Անոր տրուեցաւ բերան մը՝ մեծ բաներ եւ հայհոյութիւններ խօսող, ու իշխանութիւն տրուեցաւ անոր՝ ընելու իր կամքը քառասուներկու ամիս:6 Հայհոյութեամբ բացաւ իր բերանը Աստուծոյ դէմ, եւ հայհոյեց անոր անունին, խորանին ու երկինքը բնակողներուն դէմ:7 Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ սուրբերուն հետ պատերազմելու եւ յաղթելու անոնց: Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ բոլոր տոհմերուն (եւ ժողովուրդներուն) ու լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ:8 Անոր պիտի երկրպագեն բոլոր անոնք որ կը բնակին երկրի վրայ եւ որոնց անունը աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր գրուած չէ մորթուած Գառնուկին կեանքի գիրքին մէջ՝՝:9 Ո՛վ որ ականջ ունի, թող լսէ:10 Ա՛ն որ գերեվարէ, ի՛նք գերի պիտի տարուի. ա՛ն որ սուրով սպաննէ, պէտք է որ սուրո՛վ սպաննուի: Հո՛ս է սուրբերուն համբերութիւնն ու հաւատքը:11 Տեսայ նաեւ ուրիշ գազան մը, որ կը բարձրանար երկրէն. ունէր երկու եղջիւր՝ գառնուկի նման, եւ կը խօսէր վիշապի պէս:12 Կը վարէր առաջին գազանին ամբողջ իշխանութիւնը՝ անոր առջեւ, ու կը ստիպէր երկիրը եւ անոր բնակիչները՝ որ երկրպագեն առաջին գազանին, որուն մահացու վէրքը բուժուած էր:13 Մեծ նշաններ կ՚ընէր, եւ մինչեւ անգամ երկինքէն կրակ կ՚իջեցնէր երկրի վրայ՝ մարդոց առջեւ:14 Կը մոլորեցնէր երկրի բնակիչները այն նշաններով՝ որ ընելու կարողութիւն տրուած էր իրեն՝ գազանին առջեւ: Կ՚ըսէր երկրի բնակիչներուն որ շինեն պատկերը այն գազանին՝ որ սուրով վիրաւորուած էր բայց ապրեցաւ:15 Եւ կարողութիւն տրուեցաւ իրեն՝ որ հոգի տայ գազանին պատկերին, որպէսզի գազանին պատկերը խօսի, նաեւ մեռցնել տայ բոլոր անոնք՝ որ չեն երկրպագեր գազանին պատկերին:16 Կը ստիպէր բոլո՛րն ալ, պզտիկ թէ մեծ, հարուստ թէ աղքատ, ազատ թէ ստրուկ, որ դրոշմ ընդունին իրենց աջ ձեռքին վրայ կամ իրենց ճակատին վրայ,17 որպէսզի ո՛չ մէկը կարենայ գնել կամ ծախել, բայց միայն ա՛ն՝ որ ունի դրոշմը, կամ գազանին անունը, կամ անոր անունին թիւը:18 Հո՛ս է իմաստութիւնը. ո՛վ որ միտք ունի, թող հաշուէ գազանին թիւը, քանի որ մարդու մը թիւն է, եւ անոր թիւը՝ վեց հարիւր վաթսունվեց է:
Revelation 13 Cross References - Armenian
2 Thessalonians 2:3-4
3 Ո՛չ մէկը թող խաբէ ձեզ որեւէ կերպով. որովհետեւ այդ օրը պիտի չգայ՝ եթէ նախ չգայ ուխտադրժումը ու չյայտնուի մեղքի մարդը, կորուստի որդին,4 որ պիտի հակառակի եւ պանծացնէ ինքզինք ամէն բանէ վեր՝ որ Աստուած կը կոչուի կամ կը պաշտուի. մինչեւ անգամ պիտի բազմի Աստուծոյ տաճարին մէջ՝ ներկայացնելով ինքզինք իբր Աստուած:
Revelation 11:7
7 Երբ աւարտեն իրենց վկայութիւնը, այն ատեն անդունդէն բարձրացող գազանը պիտի պատերազմի անոնց հետ, պիտի յաղթէ անոնց եւ պիտի մեռցնէ զանոնք:
Revelation 12:3
3 Ուրիշ նշան մըն ալ երեւցաւ երկինքի մէջ. ահա՛ մեծ շառագոյն վիշապ մը կար, որ ունէր եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր, եւ իր գլուխներուն վրայ՝ եօթը թագ:
Revelation 13:5-6
Revelation 15:2
2 Տեսայ նաեւ որպէս թէ ապակեղէն ծով մը՝ կրակով խառնուած. անոնք որ յաղթած էին գազանին, անոր պատկերին եւ անոր անունին թիւին, կայնած էին ապակեղէն ծովուն վրայ՝ ունենալով Աստուծոյ քնարները:
Revelation 17:3
3 Զիս առաւ՝ հոգիով տարաւ անապատը, ու տեսայ կին մը՝ որ բազմած էր որդան կարմիր գազանի մը վրայ: Այդ գազանը լեցուն էր հայհոյութեան անուններով, եւ ունէր եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր:
Revelation 17:5
5 Անոր ճակատին վրայ գրուած էր անուն մը. «Խորհուրդ, Մեծ Բաբելոն, պոռնիկներուն ու երկրի գարշութիւններուն մայրը»:
Revelation 17:7-12
7 Հրեշտակը ըսաւ ինծի. «Ինչո՞ւ զարմացար. քեզի պիտի ըսեմ խորհուրդը այդ կնոջ ու այդ գազանին՝ որ կը կրէ զայն իր վրայ, եւ ունի եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր:8 Այդ գազանը որ տեսար՝ կար, բայց չկայ. սակայն պիտի բարձրանայ անդունդէն ու երթայ դէպի կորուստ: Երկրի բնակիչները, որոնց անունը գրուած չէ կեանքի գիրքին մէջ՝ աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր, պիտի զարմանան՝ երբ տեսնեն այդ գազանը որ կար, բայց չկայ, թէպէտ կայ՝՝:9 Հո՛ս պէտք է իմաստութիւն ունեցող միտք մը: Այդ եօթը գլուխները՝ եօթը լեռներ են, որոնց վրայ կը բազմի կինը. նաեւ եօթը թագաւորներ են:10 Հինգը ինկած են, մէկը կայ, իսկ միւսը դեռ եկած չէ. երբ գայ՝ պէտք է որ կարճ ատեն մը մնայ:11 Այդ գազանը՝ որ կար, բայց չկայ, ան ալ ութերորդն է. եօթնէն է, ու կ՚երթայ դէպի կորուստ:12 Տասը եղջիւրները՝ որ տեսար, տասը թագաւորներ են, որոնք դեռ թագաւորութիւն ստացած չեն. սակայն գազանին հետ մէկ ժամու չափ թագաւորներու պէս իշխանութիւն պիտի առնեն:
Revelation 17:16
16 Այն տասը եղջիւրները՝ որ տեսար գազանին վրայ, անոնք պիտի ատեն պոռնիկը. ամայի ու մերկ պիտի ընեն զայն, պիտի ուտեն անոր մարմինը եւ կրակով պիտի այրեն զայն:
2 Timothy 4:17
17 Սակայն Տէ՛րը կայնեցաւ քովս ու զօրացուց զիս, որպէսզի քարոզութիւնը լման ըլլայ իմ միջոցովս եւ բոլոր հեթանոսները լսեն, ու ես ազատեցայ առիւծին երախէն:
1 Peter 5:8
8 Զգա՛ստ եղէք, արթո՛ւն կեցէք. որովհետեւ ձեր ոսոխը՝ Չարախօսը՝ կը շրջի մռնչող առիւծի պէս, փնտռելով թէ ո՛վ կլլէ:
Revelation 12:3-4
3 Ուրիշ նշան մըն ալ երեւցաւ երկինքի մէջ. ահա՛ մեծ շառագոյն վիշապ մը կար, որ ունէր եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր, եւ իր գլուխներուն վրայ՝ եօթը թագ:4 Անոր պոչը կը քաշէր երկինքի աստղերուն մէկ երրորդը, ու նետեց զանոնք երկրի վրայ: Վիշապը կայնեցաւ այն կնոջ առջեւ՝ որ ծնանելու մօտ էր, որպէսզի լափէ անոր զաւակը՝ երբ ծնի:
Revelation 12:9
9 Ուստի վտարուեցաւ մեծ վիշապը, այն նախկին օձը՝ Չարախօս ու Սատանայ կոչուած, որ մոլորեցուց ամբողջ երկրագունդը. վտարուեցաւ դէպի երկիր, եւ իր հրեշտակները վտարուեցան իրեն հետ:
Revelation 12:13
13 Երբ վիշապը տեսաւ թէ ինք նետուեցաւ երկրի վրայ, հալածեց արու զաւակ ծնանող կինը:
Revelation 12:15
15 Իսկ օձը իր բերանէն հեղեղի պէս ջուր թափեց կնոջ ետեւէն, որպէսզի հեղեղով ընկղմէ զայն:
Revelation 13:4
4 Անոնք երկրպագեցին վիշապին՝ որ իշխանութիւն տուաւ գազանին, ու երկրպագեցին գազանին՝ ըսելով. «Ո՞վ նման է գազանին. ո՞վ կրնայ պատերազմիլ անոր հետ»:
Revelation 16:10
10 Հինգերորդ հրեշտակը թափեց իր սկաւառակը գազանին գահին վրայ, ու անոր թագաւորութիւնը խաւարեցաւ: Ցաւէն՝ մարդիկ կը ծամէին իրենց լեզուն,
Revelation 17:12
12 Տասը եղջիւրները՝ որ տեսար, տասը թագաւորներ են, որոնք դեռ թագաւորութիւն ստացած չեն. սակայն գազանին հետ մէկ ժամու չափ թագաւորներու պէս իշխանութիւն պիտի առնեն:
Revelation 19:20
20 Գազանը բռնուեցաւ, եւ անոր հետ՝ սուտ մարգարէն, որ անոր առջեւ ըրաւ նշաններ՝ որոնցմով մոլորեցուց գազանին դրոշմը ընդունողներն ու անոր պատկերին երկրպագողները: Երկուքն ալ ողջ-ողջ նետուեցան ծծումբով վառող կրակի լիճը:
Revelation 20:2
2 Ան բռնեց վիշապը, այն նախկին օձը՝ որ Չարախօսն ու Սատանան է, եւ կապեց զայն հազար տարի:
Luke 2:1
1 Այդ օրերը Օգոստոս կայսրէն հրամանագիր ելաւ, որ ամբողջ երկրագունդը արձանագրուի:
John 12:19
19 Իսկ Փարիսեցիները կ՚ըսէին իրարու. «Կը նշմարէ՞ք թէ անօգուտ է. ահա՛ ամբողջ աշխարհը կը հետեւի անոր՝՝»:
Acts 8:10-11
Acts 8:13
13 Սիմոն ինք ալ հաւատաց, ու մկրտուելով՝ չէր թողուր Փիլիպպոսը՝՝, եւ կը զմայլէր՝ տեսնելով կատարուած հրաշքներն ու մեծ նշանները:
2 Thessalonians 2:9-12
9 Անօրէնը պիտի գայ Սատանային ներգործութեամբ՝ ամէն տեսակ հրաշքներով, նշաններով ու սուտ սքանչելիքներով,10 եւ անիրաւութեան ամբողջ խաբէութեամբ, անոնց համար՝ որ կը կորսուին, քանի որ անոնք չընդունեցին ճշմարտութեան սէրը՝ որպէսզի փրկուին:11 Այս պատճառով Աստուած ալ պիտի ղրկէ անոնց ազդեցիկ մոլորութիւն մը՝ որ հաւատան ստութեան,12 որպէսզի դատապարտուին բոլոր անոնք՝ որ չհաւատացին ճշմարտութեան, հապա յօժարեցան անիրաւութեան:
Revelation 13:1-2
1 Տեսայ թէ գազան մը կը բարձրանար ծովէն. ան ունէր եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր: Անոր եղջիւրներուն վրայ տասը թագ կար, եւ անոր գլուխներուն վրայ՝ հայհոյութեան անուններ:2 Այդ գազանը նման էր ընձառիւծի. անոր ոտքերը՝ արջի ոտքերու պէս էին, եւ անոր երախը՝ առիւծի երախի պէս: Վիշապը տուաւ անոր իր զօրութիւնը, իր գահն ու մեծ իշխանութիւն:
Revelation 13:12
12 Կը վարէր առաջին գազանին ամբողջ իշխանութիւնը՝ անոր առջեւ, ու կը ստիպէր երկիրը եւ անոր բնակիչները՝ որ երկրպագեն առաջին գազանին, որուն մահացու վէրքը բուժուած էր:
Revelation 13:14
14 Կը մոլորեցնէր երկրի բնակիչները այն նշաններով՝ որ ընելու կարողութիւն տրուած էր իրեն՝ գազանին առջեւ: Կ՚ըսէր երկրի բնակիչներուն որ շինեն պատկերը այն գազանին՝ որ սուրով վիրաւորուած էր բայց ապրեցաւ:
Revelation 17:6
6 Տեսայ այդ կինը, որ արբեցած էր սուրբերուն արիւնով եւ Յիսուսի վկաներուն արիւնով: Երբ տեսայ զայն՝ մեծապէս զարմացայ:
Revelation 17:8
8 Այդ գազանը որ տեսար՝ կար, բայց չկայ. սակայն պիտի բարձրանայ անդունդէն ու երթայ դէպի կորուստ: Երկրի բնակիչները, որոնց անունը գրուած չէ կեանքի գիրքին մէջ՝ աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր, պիտի զարմանան՝ երբ տեսնեն այդ գազանը որ կար, բայց չկայ, թէպէտ կայ՝՝:
Revelation 17:10
10 Հինգը ինկած են, մէկը կայ, իսկ միւսը դեռ եկած չէ. երբ գայ՝ պէտք է որ կարճ ատեն մը մնայ:
Revelation 17:13
13 Ասոնք միեւնոյն նպատակը ունին.- իրենց զօրութիւնն ու իշխանութիւնը տալ գազանին:
Revelation 17:17
17 Որովհետեւ Աստուած դրդեց զանոնք՝՝ գործադրելու իր նպատակը, միեւնոյն նպատակը.- իրենց թագաւորութիւնը տալ գազանին, մինչեւ որ իրագործուին Աստուծոյ խօսքերը:
1 Corinthians 10:20-22
20 Բայց սա՛ կ՚ըսեմ, թէ այն բաները՝ որ հեթանոսները կը զոհեն, կը զոհեն դեւերո՛ւն, եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ. ուստի չեմ ուզեր որ դուք հաղորդակից ըլլաք դեւերուն: Չէք կրնար խմել Տէրոջ բաժակը ու դեւերուն բաժակը.21 չէք կրնար բաժնեկցիլ Տէրոջ սեղանին եւ դեւերու սեղանին:22 Նախանձի՞ գրգռենք Տէրը. միթէ մենք իրմէ ուժե՞ղ ենք:
2 Corinthians 4:4
4 որոնց մէջ այս աշխարհի աստուածը կուրցուց անհաւատներուն միտքերը, որպէսզի Քրիստոսի՝ Աստուծոյ պատկերին՝ փառքի աւետարանին լոյսը անոնց վրայ չշողայ:
2 Thessalonians 2:4
4 որ պիտի հակառակի եւ պանծացնէ ինքզինք ամէն բանէ վեր՝ որ Աստուած կը կոչուի կամ կը պաշտուի. մինչեւ անգամ պիտի բազմի Աստուծոյ տաճարին մէջ՝ ներկայացնելով ինքզինք իբր Աստուած:
Revelation 9:20
20 Միւս մարդիկը՝ որ չսպաննուեցան այս պատուհասներէն, չապաշխարեցին իրենց ձեռքերուն գործերէն՝ որ չերկրպագեն դեւերուն, նաեւ ոսկիէ, արծաթէ, պղինձէ, քարէ ու փայտէ շինուած կուռքերուն, որոնք ո՛չ կրնան տեսնել, ո՛չ լսել, ո՛չ ալ քալել:
Revelation 13:2
2 Այդ գազանը նման էր ընձառիւծի. անոր ոտքերը՝ արջի ոտքերու պէս էին, եւ անոր երախը՝ առիւծի երախի պէս: Վիշապը տուաւ անոր իր զօրութիւնը, իր գահն ու մեծ իշխանութիւն:
Revelation 13:12-13
Revelation 13:15
15 Եւ կարողութիւն տրուեցաւ իրեն՝ որ հոգի տայ գազանին պատկերին, որպէսզի գազանին պատկերը խօսի, նաեւ մեռցնել տայ բոլոր անոնք՝ որ չեն երկրպագեր գազանին պատկերին:
Revelation 17:14
14 Ասոնք պիտի պատերազմին Գառնուկին հետ, եւ Գառնուկը պիտի յաղթէ անոնց. քանի որ ան տէրերուն Տէրն է, ու թագաւորներուն Թագաւորը, եւ անոր հետ եղողները՝ կանչուած, ընտրուած ու հաւատարիմ են»:
Revelation 18:18
18 ու աղաղակեցին՝ երբ տեսան անոր հրդեհին ծուխը. «Ո՞ր քաղաքը նման էր այս մեծ քաղաքին»:
Revelation 11:2-3
Revelation 12:6
6 Կինն ալ փախաւ անապատը, ուր Աստուծմէ տեղ պատրաստուած էր անոր, որպէսզի հոն կերակրուի հազար երկու հարիւր վաթսուն օր:
Revelation 12:14
14 Մեծ արծիւի երկու թեւեր տրուեցան այդ կնոջ, որպէսզի թռչի դէպի անապատ, իր տեղը՝ ուր պիտի կերակրուէր ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ՝ հեռու օձին երեսէն:
Revelation 13:7
7 Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ սուրբերուն հետ պատերազմելու եւ յաղթելու անոնց: Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ բոլոր տոհմերուն (եւ ժողովուրդներուն) ու լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ:
Matthew 12:34
34 Իժերո՛ւ ծնունդներ, ի՞նչպէս կրնաք՝ չար ըլլալով՝ բարի բաներ խօսիլ. որովհետեւ բերանը կը խօսի սիրտին լիութենէն:
Matthew 15:19
19 Որովհետեւ սիրտէ՛ն կ՚ելլեն չար մտածումներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ:
John 1:14
14 Եւ Խօսքը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, (եւ դիտեցինք անոր փառքը՝ Հօրը միածինի փառքին պէս,) շնորհքով ու ճշմարտութեամբ լեցուն:
Romans 3:13
13 «Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է, իրենց լեզուով նենգաւոր եղան»: «Իժերու թոյն կայ անոնց շրթունքներուն տակ»:
Colossians 1:19
19 որովհետեւ Հայրը բարեհաճեցաւ որ Աստուածութեան ամբողջ լիութիւնը բնակի անոր մէջ,
Colossians 2:9
9 որովհետեւ Աստուածութեան ամբողջ լիութիւնը կը բնակի անոր մէջ մարմնապէս,
Hebrews 9:2
2 որովհետեւ խորան մը կառուցանուած էր: Առաջինը, որուն մէջ կային աշտանակը, սեղանը եւ առաջադրութեան հացը, Սրբութիւն կը կոչուէր:
Hebrews 9:11-12
Hebrews 9:24
24 Քանի որ Քրիստոս մտաւ ո՛չ թէ ձեռակերտ սրբարանը, որ ճշմարիտին կրկնատիպն էր, հապա նոյնինքն երկինքը, որպէսզի հիմա Աստուծոյ առջեւ երեւնայ մեզի համար.
Hebrews 12:22-23
Revelation 4:1
1 Ասկէ ետք՝ նայեցայ, եւ ահա՛ դուռ մը բացուած էր երկինքի մէջ, ու ինծի հետ խօսող առաջին ձայնը - փողի մը պէս - որ լսած էի՝ ըսաւ. «Հո՛ս բարձրացիր, եւ ցոյց պիտի տամ քեզի ինչ որ պէտք է ըլլայ ասկէ ետք»:
Revelation 4:4
4 Գահին շուրջը կային քսանչորս գահեր, եւ այդ գահերուն վրայ բազմած էին՝՝ քսանչորս երէցներ. ճերմակ հանդերձներ հագած էին, ու ոսկիէ պսակներ ունէին իրենց գլուխին վրայ:
Revelation 5:13
13 Ու լսեցի բոլոր արարածները՝ երկինքի մէջ, երկրի վրայ, երկրի ներքեւ եւ ծովու մէջ եղող, ու ամէն ինչ որ անոնց մէջ կայ, որոնք կ՚ըսէին. «Գահին վրայ բազմողին եւ Գառնուկին՝ օրհնաբանութի՜ւն, պատի՜ւ, փա՜ռք ու զօրութի՜ւն դարէ դար՝՝»:
Revelation 7:9
9 Ասկէ ետք տեսայ, եւ ահա՛ մեծ բազմութիւն մը կար, որ ո՛չ մէկը կրնար համրել, բոլոր ազգերէն, տոհմերէն, ժողովուրդներէն ու լեզուներէն: Անոնք կայնած էին գահին առջեւ եւ Գառնուկին առջեւ՝ հագած ճերմակ պարեգօտներ ու արմաւենիներ բռնած իրենց ձեռքերուն մէջ,
Revelation 11:12
12 Լսեցին երկինքէն հզօր ձայն մը ՝ որ կ՚ըսէր իրենց. «Հո՛ս բարձրացէք»: Եւ ամպով մը երկինք բարձրացան, ու իրենց թշնամիներն ալ տեսան զիրենք:
Revelation 12:12
12 Ուստի ուրախացէ՛ք, երկի՛նք, եւ դո՛ւք՝ որ կը բնակիք անոր մէջ. վա՜յ երկրին ու ծովուն, որովհետեւ Չարախօսը իջաւ ձեզի՝ սաստիկ զայրոյթով, քանի որ գիտէ թէ ունի կարճ ժամանակ»:
Revelation 18:20
20 Ուրախացէ՛ք անոր համար, երկի՛նք, եւ դո՛ւք՝ սո՛ւրբ առաքեալներ ու մարգարէներ, քանի որ Աստուած ձեր վրէժը առաւ՝՝ անկէ»:
Revelation 19:1-6
1 Ասկէ ետք լսեցի երկինքէն մեծ բազմութեան հզօր ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր. «Ալէլուիա՜. փրկութի՜ւն, փա՜ռք, պատի՜ւ ու զօրութի՜ւն մեր Աստուծոյն.2 որովհետեւ ճշմարիտ եւ արդար են անոր դատաստանները, քանի որ դատեց այն մեծ պոռնիկը՝ որ իր պոռնկութեամբ ապականեց երկիրը, ու վրէժը առաւ իր ծառաներուն արիւնին՝ պահանջելով զայն անոր ձեռքէն»:3 Եւ կրկին ըսին. «Ալէլուիա՜. անոր ծուխը կը բարձրանայ դարէ դար՝՝»:4 Քսանչորս երէցները եւ չորս էակները ինկան ու երկրպագեցին Աստուծոյ՝ որ կը բազմի գահին վրայ, ըսելով. «Ամէ՛ն. ալէլուիա՜ »:5 Եւ գահէն ելաւ ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր. «Գովաբանեցէ՛ք մեր Աստուածը, դո՛ւք՝ իր բոլոր ծառաները, ու դո՛ւք որ կը վախնաք իրմէ՝ թէ՛ պզտիկներ, թէ՛ մեծեր»:6 Լսեցի նաեւ ձայն մը՝ մեծ բազմութեան ձայնի պէս, յորդառատ ջուրերու ձայնի պէս եւ սաստիկ որոտումներու ձայնի պէս, որ կ՚ըսէր. «Ալէլուիա՜, որովհետեւ Տէրը, (մեր) Ամենակալ Աստուածը թագաւորեց:
Revelation 21:3
3 Ու լսեցի երկինքէն հզօր ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը՝ մարդոց մէջ: Ի՛նք պիտի բնակի հոն, եւ անոնք պիտի ըլլան իր ժողովուրդը. Աստուած ի՛նք պիտի ըլլայ անոնց հետ՝ իբր անոնց Աստուածը:
Luke 4:6
6 ու Չարախօսը ըսաւ անոր. «Այս ամբողջ իշխանութիւնը եւ անոնց փառքը պիտի տամ քեզի. որովհետեւ ինծի յանձնուած է, ու որո՛ւն որ ուզեմ՝ կու տամ զայն:
John 19:11
11 Յիսուս պատասխանեց. «Դուն ո՛չ մէկ իշխանութիւն կ՚ունենայիր իմ վրաս, եթէ վերէն տրուած չըլլար քեզի: Ուստի ա՛ն որ մատնեց զիս քեզի՝ աւելի՛ մեծ մեղք ունի»:
Revelation 5:9
9 Անոնք կ՚երգէին նոր երգ մը՝ ըսելով. «Դուն արժանի ես առնելու այդ գիրքը եւ քակելու ատոր կնիքները. որովհետեւ մորթուեցար, ու քու արիւնովդ գնեցիր մեզ Աստուծոյ համար՝ ամէն տոհմէ, լեզուէ, ժողովուրդէ եւ ազգէ,
Revelation 10:11
11 Ան ալ ըսաւ ինծի. «Պէտք է որ դուն դարձեալ մարգարէանաս շատ ժողովուրդներու, ազգերու, լեզուներու եւ թագաւորներու մասին»:
Revelation 11:18
18 Ազգերը բարկացան. քու բարկութիւնդ եկաւ, նաեւ մեռելներուն ատենը՝ որպէսզի դատուին, եւ դուն վարձատրես քու ծառաներդ՝ մարգարէները, սուրբերն ու քու անունէդ վախցողները, պզտիկ թէ մեծ, եւ ապականես երկիրը ապականողները»:
Revelation 12:17
17 Վիշապն ալ բարկացաւ կնոջ դէմ, ու գնաց պատերազմելու անոր զարմէն մնացողներուն հետ, որոնք կը պահէին Աստուծոյ պատուիրանները եւ ունէին Յիսուսի վկայութիւնը:
Revelation 17:15
15 Նաեւ ըսաւ ինծի. «Այն ջուրերը՝ որ տեսար, որոնց վրայ բազմած էր պոռնիկը, ժողովուրդներ են, բազմութիւններ, ազգեր եւ լեզուներ:
Matthew 25:34
34 Այն ատեն թագաւորը պիտի ըսէ իր աջ կողմը եղողներուն. “Եկէ՛ք իմ Հօրս օրհնածները, ժառանգեցէ՛ք այն թագաւորութիւնը, որ պատրաստուած է ձեզի համար՝ աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր:
Luke 10:20
20 Բայց դուք մի՛ ուրախանաք՝ որ չար ոգիները կը հպատակին ձեզի. այլ մանաւանդ ուրախացէ՛ք՝ որ ձեր անունները գրուած են երկի՛նքը»:
John 1:29
29 Հետեւեալ օրը Յովհաննէս տեսաւ Յիսուսը՝ որ իրեն կու գար, եւ ըսաւ. «Ահա՛ Աստուծոյ Գառը՝ որ կը քաւէ աշխարհի մեղքը:
Ephesians 1:4
4 ինչպէս անով ընտրեց մեզ աշխարհի հիմնադրութենէն առաջ, որպէսզի մենք իր առջեւ սուրբ եւ անարատ ըլլանք սիրոյ մէջ:
Philippians 4:3
3 Եւ կը խնդրեմ քեզմէ՛ ալ, իմ հարազատ լծակիցս, օգնէ՛ ասոնց՝ որ աւետարանին համար մարտնչեցան ինծի հետ, նաեւ Կղեմէսի եւ միւս գործակիցներուս հետ, որոնց անունները կեանքի գիրքին մէջ են:
Titus 1:2
2 յաւիտենական կեանքի յոյսով՝ որ անսուտն Աստուած խոստացաւ դարերու ժամանակներէն առաջ
1 Peter 1:19-20
Revelation 3:5
5 Ո՛վ որ յաղթէ՝ պիտի հագնի ճերմակ հանդերձ. ու ես պիտի չջնջեմ անոր անունը կեանքի գիրքէն, հապա պիտի դաւանիմ անոր անունը իմ Հօրս առջեւ եւ անոր հրեշտակներուն առջեւ"”:
Revelation 3:10
10 Քանի որ պահեցիր իմ համբերութեան խօսքս, ես ալ պիտի պահեմ քեզ փորձութեան ժամուն, որ պիտի գայ ամբողջ երկրագունդին վրայ՝ փորձելու համար երկրի բնակիչները:
Revelation 3:20
20 Ահա՛ կայնած եմ դրան առջեւ ու կը բախեմ. եթէ մէկը լսէ իմ ձայնս եւ բանայ դուռը, պիտի մտնեմ անոր քով ու պիտի ընթրեմ անոր հետ, ան ալ՝ ինծի հետ:
Revelation 5:6-9
6 Ու տեսայ թէ գահին եւ չորս էակներուն մէջտեղ, ու երէցներուն մէջտեղ, կայնած էր Գառնուկ մը՝ որպէս թէ մորթուած. ան ունէր եօթը եղջիւր ու եօթը աչք, որոնք Աստուծոյ եօթը Հոգիներն են՝ ղրկուած ամբողջ երկիրը:7 Ան եկաւ եւ առաւ գիրքը գահին վրայ բազմողին աջ ձեռքէն:8 Երբ առաւ գիրքը, չորս էակներն ու քսանչորս երէցները ինկան Գառնուկին առջեւ եւ երկրպագեցին. անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր քնար մը, ու ոսկիէ սկաւառակ մը՝ խունկերով լեցուն, որ սուրբերուն աղօթքներն են:9 Անոնք կ՚երգէին նոր երգ մը՝ ըսելով. «Դուն արժանի ես առնելու այդ գիրքը եւ քակելու ատոր կնիքները. որովհետեւ մորթուեցար, ու քու արիւնովդ գնեցիր մեզ Աստուծոյ համար՝ ամէն տոհմէ, լեզուէ, ժողովուրդէ եւ ազգէ,
Revelation 5:12
12 Անոնք բարձրաձայն կ՚ըսէին. «Այդ մորթուած Գառնուկը արժանի է ընդունելու զօրութիւն, հարստութիւն, իմաստութիւն, ոյժ, պատիւ, փառք եւ օրհնաբանութիւն»:
Revelation 13:3-4
Revelation 13:14-15
14 Կը մոլորեցնէր երկրի բնակիչները այն նշաններով՝ որ ընելու կարողութիւն տրուած էր իրեն՝ գազանին առջեւ: Կ՚ըսէր երկրի բնակիչներուն որ շինեն պատկերը այն գազանին՝ որ սուրով վիրաւորուած էր բայց ապրեցաւ:15 Եւ կարողութիւն տրուեցաւ իրեն՝ որ հոգի տայ գազանին պատկերին, որպէսզի գազանին պատկերը խօսի, նաեւ մեռցնել տայ բոլոր անոնք՝ որ չեն երկրպագեր գազանին պատկերին:
Revelation 21:27
27 Հոն բնաւ պղծութիւն մը պիտի չմտնէ, ո՛չ ալ գարշութիւն գործող կամ սուտ խօսող մը. հապա պիտի մտնեն միայն անոնք՝ որ արձանագրուած են Գառնուկին կեանքի գիրքին մէջ:
Revelation 2:7
7 Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն: Ո՛վ որ յաղթէ՝ անոր ուտել պիտի տամ կեանքի ծառէն, որ Աստուծոյ դրախտին մէջ է»:
Revelation 2:11
11 Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն: Ո՛վ որ յաղթէ՝ պիտի չվնասուի երկրորդ մահէն»:
Revelation 2:17
17 Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն: Ո՛վ որ յաղթէ՝ անոր ուտել պիտի տամ պահուած մանանայէն. նաեւ պիտի տամ անոր ճերմակ խիճ մը, եւ այդ խիճին վրայ գրուած նոր անուն մը՝ որ ո՛չ մէկը գիտէ, բայց միայն զայն ստացողը»:
Revelation 2:29
29 Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն»:
Matthew 7:2
2 Որովհետեւ ի՛նչ դատաստանով որ դատէք՝ անո՛վ պիտի դատուիք, եւ ի՛նչ չափով որ չափէք՝ անո՛վ պիտի չափուի ձեզի:
Matthew 26:52
52 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Վերադարձո՛ւր սուրդ իր տեղը, որովհետեւ բոլոր սուր առնողները՝ սուրո՛վ պիտի կորսուին:
Luke 18:1-8
1 Առակ մըն ալ ըսաւ անոնց, որ գիտնան թէ պէտք է ամէ՛ն ատեն աղօթել՝ առանց ձանձրանալու:2 Ըսաւ. «Քաղաքի մը մէջ դատաւոր մը կար, որ Աստուծմէ չէր վախնար ու մարդ չէր յարգեր:3 Նոյն քաղաքին մէջ այրի մըն ալ կար, որ կու գար անոր եւ կ՚ըսէր. “Պաշտպանէ՛ իմ իրաւունքս՝ ոսոխիս դէմ”:4 Ան ժամանակ մը չէր ուզեր անոր մտիկ ընել. բայց յետոյ ըսաւ ինքնիրեն. “Թէպէտ Աստուծմէ չեմ վախնար ու մարդ չեմ յարգեր,5 գո՛նէ պաշտպանեմ այս այրիին իրաւունքը՝ զիս անհանգստացնելուն համար, որպէսզի չգայ ամէն ատեն թախանձէ ինծի”»:6 Եւ Տէրը ըսաւ. «Լսեցէ՛ք ի՛նչ կ՚ըսէ անիրաւ դատաւորը:7 Հապա Աստուած պիտի չպաշտպանէ՞ իր ընտրեալներուն իրաւունքը, որոնք կը գոչեն իրեն ցերեկ ու գիշեր, թէեւ համբերատար ըլլայ անոնց հանդէպ:8 Կը յայտարարեմ ձեզի թէ շուտո՛վ պիտի պաշտպանէ անոնց իրաւունքը. բայց երբ մարդու Որդին գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»:
Luke 21:19
19 Ձեր համբերութեամբ պիտի տիրանաք ձեր անձերուն»:
Colossians 1:11
11 ու զօրացած ամբողջ ոյժով՝ իր փառաւոր զօրութեան համեմատ, ուրախութեամբ համբերող եւ համբերատար ըլլաք,
Hebrews 6:12
12 որպէսզի դուք անփոյթ չըլլաք, հապա նմանիք անոնց՝ որ հաւատքով ու համբերատարութեամբ ժառանգեցին խոստումները:
Hebrews 10:36-37
Hebrews 12:3-4
James 1:2-4
James 5:7-8
Revelation 1:9
9 Ես՝ Յովհաննէս, ձեր եղբայրը եւ հաղորդակիցը Յիսուս Քրիստոսի տառապանքին, թագաւորութեան ու համբերութեան, Պատմոս կոչուած կղզին էի՝ Աստուծոյ խօսքին համար եւ Յիսուս Քրիստոսի վկայութեան համար:
Revelation 2:2
2 "Գիտե՛մ քու գործերդ, աշխատանքդ ու համբերութիւնդ, եւ թէ չես կրնար հանդուրժել չարերուն: Փորձեցիր անոնք՝ որ կը հաւաստեն թէ իրենք առաքեալ են, բայց չեն, եւ գտար թէ ստախօս են:
Revelation 2:19
19 "Գիտե՛մ քու գործերդ, սէրդ, սպասարկութիւնդ, հաւատքդ ու համբերութիւնդ. եւ թէ քու վերջին գործերդ աւելի շատ են՝ քան առաջինները:
Revelation 3:3
3 Ուրեմն յիշէ՛ թէ ի՛նչպէս ընդունեցիր եւ լսեցիր, ու պահէ՛ եւ ապաշխարէ՛. իսկ եթէ արթուն չկենաս, գողի պէս պիտի գամ քու վրադ, ու բնաւ պիտի չգիտնաս թէ ո՛ր ժամուն պիտի գամ վրադ:
Revelation 14:12
12 Հո՛ս է համբերութիւնը սուրբերուն, որոնք կը պահեն Աստուծոյ պատուիրաններն ու Յիսուսի հաւատքը:
Revelation 16:6
6 որովհետեւ անոնք թափեցին սուրբերուն եւ մարգարէներուն արիւնը. դուն արիւն խմել տուիր անոնց՝ քանի որ արժանի են»:
Matthew 7:15
15 «Զգուշաց՛էք սուտ մարգարէներէն, որոնք կու գան ձեզի ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն՝ յափշտակող գայլեր են:
Romans 16:18
18 Որովհետեւ այդպիսիները կը ծառայեն ո՛չ թէ մեր Տէրոջ՝ Քրիստոսի, հապա իրենց որովայնին, եւ անմեղներուն սիրտերը կը խաբեն բարի խօսքերով ու գովեստներով:
2 Corinthians 11:13-15
13 Որովհետեւ այդպիսիները սուտ առաքեալներ են, նենգ գործաւորներ, որ իրենք զիրենք կը կերպարանափոխեն Քրիստոսի առաքեալներու:14 Եւ զարմանալի չէ, որովհետեւ նոյնինքն Սատանան լուսաւոր հրեշտակի կը կերպարանափոխուի:15 Ուրեմն մեծ բան մը չէ, որ անոր սպասարկուներն ալ արդարութեան սպասարկուներու կերպարանափոխուին: Անոնց վախճանը պիտի ըլլայ իրենց գործերուն համեմատ:
Revelation 12:17-13:1
17 Վիշապն ալ բարկացաւ կնոջ դէմ, ու գնաց պատերազմելու անոր զարմէն մնացողներուն հետ, որոնք կը պահէին Աստուծոյ պատուիրանները եւ ունէին Յիսուսի վկայութիւնը:
Revelation 13:17
17 որպէսզի ո՛չ մէկը կարենայ գնել կամ ծախել, բայց միայն ա՛ն՝ որ ունի դրոշմը, կամ գազանին անունը, կամ անոր անունին թիւը:
Revelation 16:13
13 Տեսայ թէ վիշապին բերանէն, գազանին բերանէն եւ սուտ մարգարէին բերանէն դուրս ելան երեք անմաքուր ոգիներ՝ գորտերու նմանող:
Revelation 13:14-17
14 Կը մոլորեցնէր երկրի բնակիչները այն նշաններով՝ որ ընելու կարողութիւն տրուած էր իրեն՝ գազանին առջեւ: Կ՚ըսէր երկրի բնակիչներուն որ շինեն պատկերը այն գազանին՝ որ սուրով վիրաւորուած էր բայց ապրեցաւ:15 Եւ կարողութիւն տրուեցաւ իրեն՝ որ հոգի տայ գազանին պատկերին, որպէսզի գազանին պատկերը խօսի, նաեւ մեռցնել տայ բոլոր անոնք՝ որ չեն երկրպագեր գազանին պատկերին:16 Կը ստիպէր բոլո՛րն ալ, պզտիկ թէ մեծ, հարուստ թէ աղքատ, ազատ թէ ստրուկ, որ դրոշմ ընդունին իրենց աջ ձեռքին վրայ կամ իրենց ճակատին վրայ,17 որպէսզի ո՛չ մէկը կարենայ գնել կամ ծախել, բայց միայն ա՛ն՝ որ ունի դրոշմը, կամ գազանին անունը, կամ անոր անունին թիւը:
Revelation 14:9
9 Երրորդ հրեշտակ մըն ալ հետեւեցաւ անոնց ու բարձրաձայն ըսաւ. «Ո՛վ որ երկրպագէ գազանին ու անոր պատկերին, եւ ընդունի անոր դրոշմը իր ճակատին կամ իր ձեռքին վրայ,
Revelation 14:11
11 Անոնց տանջանքին ծուխը պիտի բարձրանայ դարէ դար՝՝. ցերեկ ու գիշեր հանգստութիւն պիտի չունենան անոնք՝ որ կ՚երկրպագեն գազանին ու անոր պատկերին, եւ ո՛վ որ կ՚ընդունի անոր անունին դրոշմը»:
Revelation 17:10-11
Matthew 16:1
1 Փարիսեցիներն ու Սադուկեցիները քովը եկան՝ փորձելու համար զինք, եւ կը խնդրէին իրմէ որ երկինքէն նշան մը ցոյց տայ իրենց:
Matthew 24:24
24 Որովհետեւ սուտ Քրիստոսներ ու սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն, եւ ցոյց պիտի տան մեծ նշաններ ու սքանչելիքներ, որպէսզի՝ եթէ կարելի ըլլայ՝ մոլորեցնեն ընտրեալնե՛րն իսկ:
Mark 13:22
22 Որովհետեւ սուտ քրիստոսներ եւ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն, ու ցոյց պիտի տան նշաններ եւ սքանչելիքներ, որպէսզի եթէ կարելի ըլլայ՝ մոլորեցնեն նոյնիսկ ընտրեալնե՛րը:
Luke 9:54-56
54 Երբ իր աշակերտները՝ Յակոբոս ու Յովհաննէս՝ տեսան ասիկա, ըսին անոր. «Տէ՛ր, կ՚ուզե՞ս որ ըսենք, որպէսզի երկինքէն կրակ իջնէ եւ սպառէ զանոնք, ինչպէս Եղիա ալ ըրաւ»:55 Դարձաւ ու յանդիմանեց զանոնք՝ ըսելով. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ հոգիի տէր էք.56 որովհետեւ մարդու Որդին եկաւ ո՛չ թէ մարդոց անձերը կորսնցնելու, հապա՝ փրկելու՝՝»: Եւ ուրիշ գիւղ մը գացին:
Acts 8:9-11
9 Ուստի մեծ ուրախութիւն եղաւ այդ քաղաքին մէջ: Բայց մարդ մը կար՝ Սիմոն անունով, որ նախապէս մոգութիւն կ՚ընէր այդ քաղաքին մէջ եւ կը շշմեցնէր Սամարիայի ազգը, իր մասին ըսելով թէ մեծ մէկն է:
2 Thessalonians 2:9-10
2 Timothy 3:8
8 Հապա, ինչպէս Յանէս ու Յամրէս ընդդիմացան Մովսէսի, նոյնպէս ասոնք ալ կ՚ընդդիմանան ճշմարտութեան: Միտքով ապականած մարդիկ, որ խոտելի են հաւատքի մէջ.
Revelation 11:5
5 Եթէ մէկը ուզէ վնասել անոնց, կրակ պիտի ելլէ անոնց բերանէն եւ պիտի լափէ իրենց թշնամիները. եթէ մէկը ուզէ վնասել անոնց, պէտք է որ ա՛յսպէս մեռցուի:
Revelation 16:14
14 Արդարեւ անոնք դեւերու ոգիներ էին, որ նշաններ կ՚ընէին ու կ՚երթային ամբողջ երկրագունդի թագաւորներուն, որպէսզի հաւաքեն զանոնք Ամենակալ Աստուծոյ այդ մեծ օրուան պատերազմին համար:
Revelation 20:9
9 Սակայն երկինքէն՝ Աստուծմէ կրակ իջաւ ու լափեց զանոնք:
Revelation 13:8
8 Անոր պիտի երկրպագեն բոլոր անոնք որ կը բնակին երկրի վրայ եւ որոնց անունը աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր գրուած չէ մորթուած Գառնուկին կեանքի գիրքին մէջ՝՝:
Revelation 13:11-12
Revelation 16:2
2 Առաջին հրեշտակը գնաց եւ թափեց իր սկաւառակը երկրի վրայ. գէշ ու չարորակ պալար մը եղաւ այն մարդոց վրայ՝ որ ունէին գազանին դրոշմը, եւ անոնց վրայ՝ որ կ՚երկրպագէին անոր պատկերին:
Revelation 18:23
23 ճրագին լոյսը ա՛լ բնա՛ւ պիտի չփայլի քու մէջդ. փեսային ձայնը եւ հարսին ձայնը ա՛լ բնա՛ւ պիտի չլսուին քու մէջդ. քանի որ երկրի մեծամեծներն էին քու առեւտրականներդ, ու բոլոր ազգերը մոլորեցան քու կախարդութեամբդ»:
Revelation 20:3-4
3 Անդունդը նետեց զայն, գոցեց ու կնիք դրաւ անոր վրայ, որպէսզի ա՛լ չմոլորեցնէ ազգերը՝ մինչեւ որ աւարտի հազար տարին: Անկէ ետք՝ ան պէտք է արձակուի կարճ ժամանակուան մը համար:4 Տեսայ նաեւ գահեր, որոնց վրայ բազմեցան, եւ անո՛նց տրուեցաւ դատավարութիւնը: Տեսայ նաեւ Յիսուսի վկայութեան համար ու Աստուծոյ խօսքին համար գլխատուածներուն անձերը: Անոնք չերկրպագեցին գազանին, ո՛չ ալ անոր պատկերին. չընդունեցին անոր դրոշմը իրենց ճակատին կամ իրենց ձեռքին վրայ: Ուստի ապրեցան ու հազար տարի թագաւորեցին Քրիստոսի հետ:
Revelation 20:10
10 Իսկ Չարախօսը՝ որ մոլորեցուց զանոնք, նետուեցաւ կրակի եւ ծծումբի լիճին մէջ: Հո՛ն էին գազանն ու սուտ մարգարէն, եւ պիտի տանջուին ցերեկ ու գիշեր՝ դարէ դար՝՝:
James 2:26
26 Արդարեւ ինչպէս մարմինը մեռած է առանց հոգիի, այդպէս ալ հաւատքը մեռած է առանց գործերու:
Revelation 16:5
5 Լսեցի ջուրերուն հրեշտակը՝ որ կ՚ըսէր. «Արդա՛ր ես, դուն՝ որ ես եւ որ էիր, ու սո՛ւրբ ես՝ որ ա՛յսպէս դատեցիր,
Revelation 18:24
24 Եւ մարգարէներուն, սուրբերուն ու երկրի վրայ բոլոր մորթուածներուն արիւնը գտնուեցաւ անոր մէջ:
Revelation 20:4
4 Տեսայ նաեւ գահեր, որոնց վրայ բազմեցան, եւ անո՛նց տրուեցաւ դատավարութիւնը: Տեսայ նաեւ Յիսուսի վկայութեան համար ու Աստուծոյ խօսքին համար գլխատուածներուն անձերը: Անոնք չերկրպագեցին գազանին, ո՛չ ալ անոր պատկերին. չընդունեցին անոր դրոշմը իրենց ճակատին կամ իրենց ձեռքին վրայ: Ուստի ապրեցան ու հազար տարի թագաւորեցին Քրիստոսի հետ:
Acts 26:22
22 Սակայն Աստուծմէ հասած օգնութեամբ՝ մինչեւ այսօր ողջ մնացի, պզտիկին թէ մեծին վկայելով, ոչինչ ըսելով այն բաներէն դուրս՝ որ մարգարէները եւ Մովսէս խօսեցան թէ պիտի ըլլային.
1 Corinthians 12:13
13 Քանի որ մենք բոլորս մկրտուեցանք մէ՛կ Հոգիով՝ մէ՛կ մարմին ըլլալու, թէ՛ Հրեաներ, թէ՛ Յոյներ, թէ՛ ստրուկներ, թէ՛ ազատներ, եւ բոլորս ալ մէ՛կ Հոգիէն խմեցինք:
Galatians 3:28
28 Ա՛լ ո՛չ Հրեայ կայ, ո՛չ Յոյն. ո՛չ ստրուկ կայ, ո՛չ ազատ. ո՛չ արու կայ, ո՛չ էգ. որովհետեւ դուք բոլորդ մէկ էք Քրիստոս Յիսուսով:
Galatians 6:17
17 Ասկէ ետք ո՛չ մէկը թող անհանգստացնէ զիս. որովհետեւ ես մարմինիս վրայ կը կրեմ Տէր Յիսուսի վէրքին սպիները:
Ephesians 6:8
8 գիտնալով թէ իւրաքանչիւրը՝ ի՛նչ բարիք որ գործէ, նո՛յնը պիտի ստանայ Տէրոջմէն, ստրուկ ըլլայ թէ ազատ:
Colossians 3:11
11 եւ որուն մէջ ո՛չ Յոյն կայ, ո՛չ ալ Հրեայ, թլփատութիւն կամ անթլփատութիւն, օտար, Սկիւթացի, ստրուկ կամ ազատ. հապա Քրիստոս է ամէն ինչ, եւ բոլորին մէջ:
Revelation 6:15
15 Երկրի թագաւորները, մեծամեծները, հարուստները, հազարապետները, զօրաւորները, եւ բոլոր ստրուկներն ու բոլոր ազատները պահուըտեցան քարայրներու եւ լեռներու ժայռերուն մէջ,
Revelation 7:3
3 «Մի՛ վնասէք՝ ո՛չ երկրին, ո՛չ ծովուն, ո՛չ ալ ծառերուն, մինչեւ որ կնքենք մեր Աստուծոյն ծառաներուն ճակատը»:
Revelation 14:9-11
9 Երրորդ հրեշտակ մըն ալ հետեւեցաւ անոնց ու բարձրաձայն ըսաւ. «Ո՛վ որ երկրպագէ գազանին ու անոր պատկերին, եւ ընդունի անոր դրոշմը իր ճակատին կամ իր ձեռքին վրայ,10 անիկա՛ պիտի խմէ Աստուծոյ զայրոյթի գինիէն, որ անխառն լեցուած է անոր բարկութեան բաժակին մէջ, ու կրակով եւ ծծումբով պիտի տանջուի սուրբ հրեշտակներուն առջեւ ու Գառնուկին առջեւ:11 Անոնց տանջանքին ծուխը պիտի բարձրանայ դարէ դար՝՝. ցերեկ ու գիշեր հանգստութիւն պիտի չունենան անոնք՝ որ կ՚երկրպագեն գազանին ու անոր պատկերին, եւ ո՛վ որ կ՚ընդունի անոր անունին դրոշմը»:
Revelation 19:5
5 Եւ գահէն ելաւ ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր. «Գովաբանեցէ՛ք մեր Աստուածը, դո՛ւք՝ իր բոլոր ծառաները, ու դո՛ւք որ կը վախնաք իրմէ՝ թէ՛ պզտիկներ, թէ՛ մեծեր»:
Revelation 19:18
18 որպէսզի ուտէք թագաւորներուն մարմինները, հազարապետներուն մարմինները, հզօրներուն մարմինները, ձիերուն եւ անոնց վրայ հեծնողներուն մարմինները, ու բոլորին մարմինները, ազատներուն թէ ստրուկներուն, պզտիկներուն թէ մեծերուն»:
Revelation 20:12
12 Տեսայ նաեւ մեռելները, պզտիկ ու մեծ, որոնք կայնած էին Աստուծոյ առջեւ: Գիրքերը բացուեցան. բացուեցաւ նաեւ ուրիշ գիրք մը՝ որ կեանքի գիրքն է. ու մեռելները դատուեցան գիրքերուն մէջ գրուածներուն համաձայն, իրենց արարքներուն համեմատ:
Revelation 3:12
12 Ո՛վ որ յաղթէ, սիւն մը պիտի ընեմ զայն իմ Աստուծոյս տաճարին մէջ, եւ ա՛լ դուրս պիտի չելլէ: Անոր վրայ պիտի գրեմ իմ Աստուծոյս անունը, ու իմ Աստուծոյս քաղաքին անունը, այսինքն՝ Նոր Երուսաղէմ,- որ կ՚իջնէ երկինքէն՝ իմ Աստուծոյս քովէն,- եւ իմ նոր անունս"”:
Revelation 13:16
16 Կը ստիպէր բոլո՛րն ալ, պզտիկ թէ մեծ, հարուստ թէ աղքատ, ազատ թէ ստրուկ, որ դրոշմ ընդունին իրենց աջ ձեռքին վրայ կամ իրենց ճակատին վրայ,
Revelation 13:18
18 Հո՛ս է իմաստութիւնը. ո՛վ որ միտք ունի, թող հաշուէ գազանին թիւը, քանի որ մարդու մը թիւն է, եւ անոր թիւը՝ վեց հարիւր վաթսունվեց է:
Revelation 22:4
4 պիտի տեսնեն անոր երեսը, եւ անոր անունը պիտի ըլլայ իրենց ճակատին վրայ:
Mark 13:14
14 Երբ տեսնէք թէ աւերողին պղծութիւնը՝՝ - որու մասին Դանիէլ մարգարէին միջոցով խօսուած է - հաստատուած է հո՛ն ուր պէտք չէ ըլլար, (ո՛վ որ կարդայ՝ թող հասկնայ,) այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռնե՛րը թող փախչին:
Romans 3:5
5 Ուրեմն եթէ մեր անիրաւութիւնը կ՚ապացուցանէ Աստուծոյ արդարութիւնը, ի՞նչ ըսենք. միթէ անիրա՞ւ է Աստուած, որ բարկութիւն կը ցուցաբերէ
Revelation 1:3
3 Երանի՜ անոր՝ որ կը կարդայ, ու անոնց՝ որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը, եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է. որովհետեւ ատենը մօտ է:
Revelation 17:9
9 Հո՛ս պէտք է իմաստութիւն ունեցող միտք մը: Այդ եօթը գլուխները՝ եօթը լեռներ են, որոնց վրայ կը բազմի կինը. նաեւ եօթը թագաւորներ են:
Revelation 21:17
17 Չափեց նաեւ անոր պարիսպը՝ հարիւր քառասունչորս կանգուն, մարդու չափով, այսինքն՝ հրեշտակին չափով: