20 Այսպէս, պատիւ համարեցի աւետարանել հո՛ն՝ ուր Քրիստոս քարոզուած չէր, որպէսզի ուրիշի մը դրած հիմին վրայ չկառուցանեմ, հապա՝ ինչպէս գրուած է.
Romans 15:20 Cross References - Armenian
1 Corinthians 3:9-15
9 որովհետեւ մենք Աստուծոյ գործակից ենք. դուք Աստուծոյ մշակութիւնն էք, Աստուծոյ շինուածքն էք:10 Աստուծոյ շնորհքին համեմատ՝ որ տրուեցաւ ինծի, հիմ դրի իմաստուն ճարտարապետի մը պէս, բայց ուրիշ մը կը շինէ անոր վրայ. սակայն իւրաքանչիւրը թող զգուշանայ թէ ի՛նչպէս կը շինէ անոր վրայ:11 Արդարեւ ո՛չ մէկը ա՛լ ուրիշ հիմ կրնայ դնել՝ դրուածէն զատ, որ Յիսուս Քրիստոսն է:12 Եթէ մէկը այս հիմին վրայ շինէ ոսկիով, արծաթով, պատուական քարերով, փայտով, խարով, խոզանով,13 իւրաքանչիւրին գործը բացայայտ պիտի ըլլայ. քանի որ օրը պիտի բացայայտէ, որովհետեւ կրակով պիտի յայտնուի եւ իւրաքանչիւրին գործին ի՛նչպէս ըլլալը կրա՛կը պիտի փորձարկէ:14 Եթէ մէկուն գործը՝ որ շինած է անոր վրայ՝ մնայ, ինք վարձատրութիւն պիտի ստանայ.15 եթէ մէկուն գործը այրի՝ պիտի կորսնցնէ, իսկ ինք պիտի փրկուի, սակայն իբր թէ կրակի մէջէն:
2 Corinthians 10:13-16
13 իսկ մենք չափէ դուրս պիտի չպարծենանք, հապա չափին համեմատ այն սահմանին՝ որ Աստուած բաշխեց մեզի, որպէսզի հասնինք մինչեւ ձեզ:14 Արդարեւ մենք մեզ չենք ընդարձակեր մեր չափէն աւելի, որպէս թէ հասած չըլլայինք ձեզի. քանի որ ի՛րապէս հասանք մինչեւ ձեզ՝ Քրիստոսի աւետարանով:15 Մեր չափէն դուրս պիտի չպարծենանք՝ ուրիշներուն աշխատանքներով, հապա յոյս ունինք որ՝ երբ ձեր հաւատքը աճի՝ առատօրէն մեծարուինք ձեզմով, մեր սահմանին համեմատ.16 որպէսզի ձեզմէ անդին ալ աւետարանենք, եւ ո՛չ թէ պարծենանք ուրիշի սահմանին մէջ եղած պատրաստ բաներով: