Bible verses about "wholeness" | Armenian

Luke 8:1-56

1 Անկէ ետք, ինք կը քարոզէր՝ քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ շրջելով, եւ կ՚աւետէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Տասներկուքը իրեն հետ էին,2 նաեւ քանի մը կիներ՝ որոնք չար ոգիներէ ու հիւանդութիւններէ բուժուած էին.- Մարիամ՝ որ կը կոչուէր Մագդաղենացի եւ որմէ եօթը դեւ ելեր էր,3 Յովհաննա, Հերովդէսի տան վերակացուին՝ Քուզայի կինը, Շուշան ու շատ ուրիշներ, որոնք կը սպասարկէին անոր իրենց ինչքով:4 Երբ մեծ բազմութիւն հաւաքուեցաւ եւ ամէն քաղաքէ իրեն եկան, առակ մը ըսաւ անոնց.5 «Սերմնացան մը գնաց իր հունտը ցանելու: Մինչ կը ցանէր, քանի մը հունտեր ինկան ճամբային եզերքը եւ կոխկռտուեցան, ու երկինքի թռչունները լափեցին զանոնք:6 Ուրիշներ ինկան ժայռի վրայ, եւ հազիւ բուսած՝ չորցան, քանի բուսահող չկար:7 Ուրիշներ ալ ինկան փուշերու մէջ, ու փուշերը բուսնելով անոնց հետ՝ խեղդեցին զանոնք:8 Իսկ ուրիշներ ինկան լաւ հողի մէջ, ու բուսնելով՝ հարիւրապատիկ պտուղ տուին»: Երբ ըսաւ այս բաները՝ գոչեց. «Ա՛ն որ ականջ ունի լսելու՝ թող լսէ»:9 Իր աշակերտները հարցուցին իրեն. «Ի՞նչ է իմաստը այս առակին»:10 Ան ալ ըսաւ. «Ձեզի՛ տրուած է հասկնալ Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդները, բայց ուրիշներուն՝ առակներով կը խօսիմ. որպէսզի նայելով՝ չտեսնեն, ու լսելով՝ չհասկնան»:11 «Ուրեմն սա՛ է առակին իմաստը. հունտը՝ Աստուծոյ խօսքն է:12 Ճամբային եզերքը եղողները անոնք են՝ որ կը լսեն. յետոյ Չարախօսը կու գայ եւ կը վերցնէ անոնց սիրտէն խօսքը, որպէսզի չհաւատան ու չփրկուին:13 Ժայռի վրայինները անոնք են, որ երբ լսեն՝ ուրախութեամբ կ՚ընդունին խօսքը: Բայց արմատ չունին. ատեն մը կը հաւատան, եւ փորձութեան ժամանակ կը հեռանան:14 Փուշերու մէջ ինկածները անոնք են, որ լսելէ ետք՝ կ՚երթան, բայց կը խեղդուին այս կեանքին հոգերով, հարստութեամբ ու հաճոյքներով, եւ պտուղ չեն հասունցներ:15 Իսկ լաւ հողի մէջ ցանուածները անոնք են, որ խօսքը լսելով՝ պարկեշտ ու բարի սիրտի մը մէջ կը պահեն զայն, եւ համբերութեամբ պտուղ կ՚արտադրեն»:16 «Ո՛չ մէկը՝ ճրագ մը վառելէ ետք՝ կը ծածկէ զայն անօթով մը, կամ կը դնէ մահիճի մը ներքեւ. հապա կը դնէ աշտանակի՛ մը վրայ, որպէսզի ներս մտնողները տեսնեն լոյսը:17 Որովհետեւ չկայ գաղտնիք մը՝ որ բացայայտ պիտի չըլլայ, ո՛չ ալ պահուած բան մը՝ որ պիտի չգիտցուի ու երեւան չելլէ:18 Ուրեմն զգուշացէ՛ք թէ ի՛նչպէս կը լսէք. որովհետեւ ո՛վ որ ունի՝ պիտի տրուի անոր, իսկ ո՛վ որ չունի՝ անկէ պիտի առնուի նոյնիսկ ինչ որ ինք կը կարծէ թէ ունի»:19 Անոր մայրն ու եղբայրները եկան իրեն, բայց բազմութենէն չէին կրնար մօտենալ իրեն:20 Անոր լուր տուին՝ ըսելով. «Քու մայրդ ու եղբայրներդ դուրսը կայնած են եւ կ՚ուզեն տեսնել քեզ»:21 Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Իմ մայրս ու եղբայրներս անո՛նք են, որ կը լսեն Աստուծոյ խօսքը եւ կը գործադրեն զայն»:22 Օր մը՝ ինք նաւ մտաւ իր աշակերտներուն հետ, եւ ըսաւ անոնց. «Ծովակին միւս եզերքը անցնինք»: Մեկնեցան.23 բայց մինչ կը նաւարկէին՝ ինք քնացաւ: Հովի փոթորիկ մը իջաւ ծովակին վրայ. նաւը կը լեցուէր ջուրով, եւ իրենք վտանգի մէջ էին:24 Մօտեցան, արթնցուցին զինք ու ըսին. «Վարդապե՛տ, վարդապե՛տ, կը կորսուինք»: Ան ալ ոտքի ելաւ, սաստեց հովն ու ալիքները. եւ անոնք հանդարտեցան ու խաղաղութիւն եղաւ:25 Ըսաւ անոնց. «Ո՞ւր է ձեր հաւատքը»: Անոնք՝ վախով համակուած՝ զարմացան, եւ կ՚ըսէին իրարու. «Արդեօք ո՞վ է ասիկա, որ կը հրամայէ նոյնիսկ հովերուն ու ջուրին, եւ կը հնազանդին իրեն»:26 Նաւարկելով իջան Գադարացիներուն երկիրը, որ Գալիլեայի դիմացն է:27 Երբ ինք ցամաք ելաւ, քաղաքէն մարդ մը հանդիպեցաւ իրեն: Ան դեւեր ունէր ներսը՝ երկար ժամանակէ ի վեր. հանդերձ չէր հագներ, ո՛չ ալ տան մէջ կը բնակէր, հապա՝ գերեզմաններու մէջ:28 Տեսնելով Յիսուսը՝ աղաղակեց, ինկաւ անոր առջեւ եւ ըսաւ բարձրաձայն. «Դուն ի՞նչ գործ ունիս ինծի հետ, Յիսո՛ւս, Ամենաբա՛րձր Աստուծոյ Որդի. կ՚աղերսե՛մ քեզի, մի՛ տանջեր զիս»:29 (Որովհետեւ հրամայեց անմաքուր ոգիին՝ որ ելլէ այդ մարդէն. արդարեւ երկար ատեն էր որ գրաւած էր զայն, եւ ան կապուած կը պահուէր՝ շղթաներով ու ոտնակապերով, բայց կը կոտրտէր կապերը եւ դեւէն կը քշուէր անապատը:)30 Յիսուս հարցուց անոր. «Ի՞նչ է անունդ»: Ան ալ ըսաւ. «Լեգէոն». որովհետեւ շատ դեւեր մտած էին անոր մէջ:31 Անոնք կ՚աղաչէին իրեն, որ չհրամայէ իրենց՝ անդունդը երթալ:32 Հոն խոզերու մեծ երամակ մը կար, որ լեռը կ՛արածէր: Աղաչեցին անոր՝ որ արտօնէ իրենց անոնց մէջ մտնել. եւ արտօնեց իրենց:33 Ուստի դեւերը՝ դուրս ելլելով մարդէն՝ մտան խոզերուն մէջ. ու երամակը գահավէժ տեղէն ծովակը վազեց եւ խեղդուեցաւ:34 Խոզարածները տեսնելով պատահածը՝ փախան, ու պատմեցին քաղաքը եւ արտերը:35 Մարդիկ դուրս ելան՝ պատահածը տեսնելու: Եկան Յիսուսի քով, ու գտան այն մարդը՝ որմէ դեւերը ելած էին, նստած Յիսուսի ոտքերուն քով, հագուած եւ սթափած. ու վախցան:36 Անոնք որ տեսեր էին պատահածը, պատմեցին անոնց թէ ի՛նչ կերպով դիւահարը բուժուեցաւ:37 Գադարացիներուն շրջակայքը եղող ամբողջ բազմութիւնը կը թախանձէր անոր՝ որ երթայ իրենցմէ, որովհետեւ մեծ վախով համակուած էին: Ան ալ նաւ մտնելով վերադարձաւ:38 Մարդը՝ որմէ դեւերը ելած էին, կ՚աղերսէր անոր որ ընկերանայ իրեն: Բայց Յիսուս արձակեց զայն եւ ըսաւ.39 «Վերադարձի՛ր տունդ, ու պատմէ՛ ամէն ինչ որ Աստուած ըրաւ քեզի»: Ան ալ գնաց, եւ ամբողջ քաղաքին մէջ հրապարակեց ամէն ինչ որ Յիսուս ըրաւ իրեն:40 Երբ Յիսուս վերադարձաւ, բազմութիւնը ընդունեց զինք, որովհետեւ բոլորը կը սպասէին իրեն:41 Եւ ահա՛ Յայրոս անունով մարդ մը եկաւ, որ ժողովարանի պետ էր: Յիսուսի ոտքը իյնալով՝ կ՚աղաչէր անոր որ իր տունը մտնէ,42 որովհետեւ ունէր մէկ հատիկ աղջիկ մը, գրեթէ տասներկու տարեկան, որ մահամերձ էր: Երբ Յիսուս կ՚երթար, բազմութիւնը կը սեղմէր զինք:43 Կին մը, որ արիւնահոսութիւն ունէր տասներկու տարիէ ի վեր, եւ իր ամբողջ ունեցածը ծախսած էր բժիշկներուն, բայց ո՛չ մէկէն կրցած էր բուժուիլ,44 ետեւէն մօտենալով՝ անոր հանդերձին քղանցքին դպաւ, եւ իր արիւնահոսութիւնը անմի՛ջապէս դադրեցաւ:45 Ու Յիսուս ըսաւ. «Ո՞վ էր ան՝ որ դպաւ ինծի»: Երբ բոլորը կ՚ուրանային, Պետրոս եւ իրեն հետ եղողները ըսին. «Վարդապե՛տ, բազմութիւնը քեզ կը սեղմէ ու կը ճնշէ, եւ կ՚ըսես. “Ո՞վ դպաւ ինծի”»:46 Յիսուս ըսաւ. «Մէ՛կը դպաւ ինծի, որովհետեւ գիտակցեցայ թէ զօրութիւն մը դուրս ելաւ ինձմէ»:47 Երբ կինը տեսաւ թէ ըրածը անկէ թաքուն չմնաց, դողալով եկաւ, անոր առջեւ ինկաւ, եւ ամբողջ ժողովուրդին առջեւ յայտարարեց անոր թէ ի՛նչ պատճառով դպեր էր անոր, եւ թէ ի՛նչպէս անմի՛ջապէս բժշկուեցաւ:48 Յիսուս ըսաւ անոր. «Քաջալերուէ՛, աղջի՛կ, հաւատքդ բժշկեց քեզ. գնա՛ խաղաղութեամբ»:49 Երբ ինք դեռ կը խօսէր, ժողովարանի պետին տունէն մէկը եկաւ եւ ըսաւ. «Աղջիկդ մեռաւ, ա՛լ մի՛ անհանգստացներ վարդապետը»:50 Բայց երբ Յիսուս լսեց ասիկա՝ ըսաւ անոր. «Մի՛ վախնար, միա՛յն հաւատա, ու պիտի ապրի»:51 Երբ տունը մտաւ, ո՛չ մէկուն թոյլ տուաւ որ մտնէ, բայց միայն՝ Պետրոսի, Յակոբոսի ու Յովհաննէսի, եւ աղջիկին հօր ու մօր:52 Բոլորն ալ կու լային եւ կը հեծեծէին անոր վրայ. բայց ինք ըսաւ. «Մի՛ լաք. ան մեռած չէ, հապա կը քնանայ»:53 Անոնք ալ զինք ծաղրեցին, քանի գիտէին թէ մեռաւ:54 Իսկ ինք բոլորն ալ դուրս հանելով՝ բռնեց անոր ձեռքէն, ու գոչեց՝ ըսելով. «Աղջի՛կ, ոտքի՛ ելիր»:55 Անոր հոգին վերադարձաւ, եւ ան անմի՛ջապէս կանգնեցաւ: Յիսուս հրամայեց՝ որ անոր ուտելիք տան:56 Անոր ծնողները զմայլած մնացին, եւ ինք պատուիրեց անոնց՝ որ պատահածը ո՛չ մէկուն ըսեն:

Mark 16:17-18

17 Սա՛ նշանները պիտի հետեւին անոնց՝ որ կը հաւատան.- դեւե՛ր դուրս պիտի հանեն իմ անունովս, նո՛ր լեզուներ պիտի խօսին,18 օձե՛ր պիտի առնեն իրենց ձեռքերուն մէջ, ու եթէ խմեն մահառիթ դեղ մը՝ պիտի չվնասէ իրենց. ձեռք պիտի դնեն հիւանդներու վրայ, եւ անոնք պիտի առողջանան»:

1 Thessalonians 1:3-9

3 անդադար յիշելով ձեր հաւատքին գործը, սիրոյ աշխատանքը, եւ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի յոյսին համբերութիւնը՝ Աստուծոյ ու մեր Հօր առջեւ,4 գիտնալով՝ սիրելի եղբայրներ՝ թէ Աստուած ընտրեց ձեզ:5 Որովհետեւ մեր աւետարանը քարոզուեցաւ ձեզի ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ զօրութեամբ, Սուրբ Հոգիով ու լման վստահութեամբ: Դո՛ւք ալ գիտէք թէ ի՛նչպէս կեցանք ձեր մէջ՝ ձեզի համար,6 եւ դուք նմանեցաք մեզի ու Տէրոջ, ընդունելով խօսքը շատ տառապանքի մէջ՝ Սուրբ Հոգիին ուրախութեամբ:7 Հետեւաբար դուք տիպար եղաք բոլոր հաւատացեալներուն՝ որ Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի մէջ են,8 որովհետեւ ո՛չ միայն Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի մէջ հռչակուեցաւ Տէրոջ խօսքը ձեզմէ, այլ նաեւ ամէն տեղ տարածուեցաւ Աստուծոյ վրայ ձեր ունեցած հաւատքը, այնպէս որ պէտք չունինք որեւէ բան խօսելու.9 քանի որ իրենք իրենցմէ կը պատմեն մեր մասին, թէ ինչպիսի՛ մուտք ունեցանք ձեր մէջ, եւ ի՛նչպէս դուք կուռքերէն դարձաք Աստուծոյ՝ ապրող ու ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու համար,

Revelation 21:1-22:21

1 Ապա տեսայ նո՛ր երկինք մը եւ նո՛ր երկիր մը, որովհետեւ առաջին երկինքն ու առաջին երկիրը անցան, եւ ա՛լ ծով չկար:2 Տեսայ սուրբ քաղաքը՝ նո՛ր Երուսաղէմը, որ կ՚իջնէր երկինքէն՝ Աստուծմէ, իր ամուսինին համար զարդարուած հարսի մը պէս պատրաստուած:3 Ու լսեցի երկինքէն հզօր ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը՝ մարդոց մէջ: Ի՛նք պիտի բնակի հոն, եւ անոնք պիտի ըլլան իր ժողովուրդը. Աստուած ի՛նք պիտի ըլլայ անոնց հետ՝ իբր անոնց Աստուածը:4 Ի՛նք պիտի սրբէ անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները. ա՛լ մահ պիտի չըլլայ, ո՛չ սուգ, ո՛չ գոչիւն: Այլեւս բնա՛ւ ցաւ պիտի չըլլայ, որովհետեւ առաջուան բաները անցան»:5 Գահին վրայ բազմողը ըսաւ. «Ահա՛ նո՛ր կ՚ընեմ բոլոր բաները»: Եւ ըսաւ ինծի. «Գրէ՛, որովհետեւ այս խօսքերը ճշմարիտ ու վստահելի են»:6 Նաեւ ըսաւ ինծի. «Եղա՛ւ. ե՛ս եմ Ալֆան եւ Օմեղան, Սկիզբն ու Վախճանը. ես ծարաւին ձրի՛ պիտի տամ կեանքի ջուրին աղբիւրէն:7 Ա՛ն որ կը յաղթէ՝ պիտի ժառանգէ բոլոր բաները, ու ես Աստուած պիտի ըլլամ անոր, ան ալ որդի պիտի ըլլայ ինծի:8 Բայց երկչոտներուն, անհաւատներուն, գարշելիներուն, մարդասպաններուն, պոռնկողներուն, կախարդներուն, կռապաշտներուն եւ բոլոր ստախօսներուն բաժինը՝ պիտի ըլլայ կրակով ու ծծումբով վառող լիճին մէջ, որ երկրորդ մահն է»:9 Եօթը վերջին պատուհասներով լեցուն եօթը սկաւառակները ունեցող եօթը հրեշտակներէն մէկը եկաւ եւ ինծի հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Եկո՛ւր. ցոյց պիտի տամ քեզի հարսը՝ Գառնուկին կինը»:10 Ու հոգիով տարաւ զիս մեծ եւ բարձր լերան մը վրայ, ու ցոյց տուաւ ինծի սուրբ քաղաքը՝ Երուսաղէմը, որ կ՚իջնէր երկինքէն՝ Աստուծմէ,11 եւ ունէր Աստուծոյ փառքը: Անոր լուսաւորութիւնը շատ պատուական քարի նման էր, բիւրեղեայ յասպիս քարի պէս:12 Անոր պարիսպը մեծ ու բարձր էր, եւ ունէր տասներկու դուռ. տասներկու հրեշտակներ կային դռներուն քով, որոնց վրայ գրուած էին անուններ, այսինքն՝ Իսրայէլի որդիներուն տասներկու տոհմերուն անունները.13 արեւելքէն՝ երեք դուռ, հիւսիսէն՝ երեք դուռ, հարաւէն՝ երեք դուռ, արեւմուտքէն՝ երեք դուռ:14 Քաղաքին պարիսպը ունէր տասներկու հիմ, եւ անոնց վրայ գրուած էին Գառնուկին տասներկու առաքեալներուն (տասներկու) անունները:15 Ինծի հետ խօսողը ունէր ոսկիէ եղէգ մը, որպէսզի անով չափէ քաղաքը, անոր դռներն ու անոր պարիսպը:16 Քաղաքը քառակուսի կառուցանուած էր, եւ անոր երկայնքը լայնքին չափ էր. քաղաքը եղէգով չափեց՝ տասներկու հազար ասպարէզ: Անոր երկայնքը, լայնքն ու բարձրութիւնը նոյնչափ էին:17 Չափեց նաեւ անոր պարիսպը՝ հարիւր քառասունչորս կանգուն, մարդու չափով, այսինքն՝ հրեշտակին չափով:18 Անոր պարիսպը շինուած էր յասպիս քարէ, իսկ քաղաքը զուտ ոսկի էր՝ մաքուր ապակիի նման:19 Քաղաքին պարիսպին հիմերը զարդարուած էին ամէն տեսակ պատուական քարերով. առաջին հիմը յասպիս էր, երկրորդը՝ շափիւղայ, երրորդը՝ քաղկեդոն, չորրորդը՝ զմրուխտ,20 հինգերորդը՝ եղնգնաքար, վեցերորդը՝ սարդիոն, եօթներորդը՝ ոսկեքար, ութերորդը՝ վանակն, իններորդը՝ տպազիոն, տասներորդը՝ քրիսոպրասոս, տասնմէկերորդը՝ յակինթ, տասներկրորդը՝ մեղեսիկ:21 Տասներկու դռները՝ տասներկու մարգարիտ էին. իւրաքանչիւր դուռ՝ միակտուր մարգարիտ էր: Քաղաքին հրապարակը զուտ ոսկի էր՝ թափանցիկ ապակիի պէս:22 Անոր մէջ տաճար չտեսայ, որովհետեւ Տէրը՝ Ամենակալ Աստուածը, եւ Գառնուկն են անոր տաճարը:23 Քաղաքը պէտք չունի արեւի, ո՛չ ալ լուսինի, որ լուսաւորեն զայն. որովհետեւ Աստուծոյ փառքը կը լուսաւորէ զայն, եւ Գառնուկն է անոր ճրագը:24 (Փրկուած) ազգերը պիտի ընթանան անոր լոյսով, ու երկրի թագաւորները իրենց փառքը եւ պատիւը պիտի բերեն անոր մէջ:25 Անոր դռները բնաւ պիտի չգոցուին ցերեկը. (որովհետեւ հոն գիշեր պիտի չըլլայ.)26 ազգերուն փառքն ու պատիւը պիտի բերեն անոր մէջ:27 Հոն բնաւ պղծութիւն մը պիտի չմտնէ, ո՛չ ալ գարշութիւն գործող կամ սուտ խօսող մը. հապա պիտի մտնեն միայն անոնք՝ որ արձանագրուած են Գառնուկին կեանքի գիրքին մէջ:

Revelation 22:1-21

1 Նաեւ ցոյց տուաւ ինծի կեանքի ջուրի գետ մը՝ բիւրեղի պէս փայլուն, որ կը բխէր Աստուծոյ ու Գառնուկին գահէն:2 Այդ քաղաքին՝՝ հրապարակին մէջտեղը, եւ այդ գետին մէկ կողմն ու միւս կողմը կար կեանքի ծառը՝ որ կու տար տասներկու տեսակ պտուղ. ամէն ամիս կու տար իր պտուղը, իսկ ծառին տերեւները ազգերուն բուժումին համար էին:3 Ա՛լ բնաւ նզովք պիտի չըլլայ, հապա անոր մէջ պիտի ըլլայ Աստուծոյ ու Գառնուկին գահը: Անոր ծառաները պիտի պաշտեն զայն,4 պիտի տեսնեն անոր երեսը, եւ անոր անունը պիտի ըլլայ իրենց ճակատին վրայ:5 Հոն ա՛լ գիշեր պիտի չըլլայ. անոնք պէտք չունին ճրագի, ո՛չ ալ արեւի լոյսի, քանի որ Տէր Աստուած պիտի լուսաւորէ զանոնք, ու պիտի թագաւորեն դարէ դար՝՝:6 Եւ ըսաւ ինծի. «Այս խօսքերը վստահելի ու ճշմարիտ են: Տէրը, սուրբ մարգարէներուն՝՝ Աստուածը, ղրկեց իր հրեշտակը՝ իր ծառաներուն ցոյց տալու ինչ որ պէտք է շուտով ըլլայ»:7 «Ահա՛ շուտո՛վ կու գամ: Երանի՜ անոր՝ որ կը պահէ այս գիրքին մարգարէութեան խօսքերը»:8 Ես՝ Յովհաննէս՝ տեսայ այս բաները, ու լսեցի: Երբ լսեցի եւ տեսայ, ինկայ որ երկրպագեմ այն հրեշտակին ոտքերուն առջեւ՝ որ ասոնք ցոյց կու տար ինծի:9 Բայց ան ըսաւ ինծի. «Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. որովհետեւ ես ծառայակից եմ քեզի ու եղբայրներուդ՝ մարգարէներուն, եւ այս գիրքին խօսքերը պահողներուն: Աստուծո՛յ երկրպագէ»:10 Նաեւ ըսաւ ինծի. «Մի՛ կնքեր այս գիրքին մարգարէութեան խօսքերը, որովհետեւ ժամանակը մօտ է:11 Ա՛ն որ անիրաւ է՝ դարձեալ թող անիրաւ ըլլայ, ա՛ն որ աղտոտ է՝ դարձեալ թող աղտոտ ըլլայ, ա՛ն որ արդար է՝ դարձեալ թող արդար ըլլայ, եւ ա՛ն որ սուրբ է՝ դարձեալ թող սուրբ ըլլայ»:12 «Ահա՛ շուտո՛վ կու գամ, ու վարձատրութիւնս ինծի հետ է՝ իւրաքանչիւրին հատուցանելու իր արարքին համեմատ:13 Ե՛ս եմ Ալֆան եւ Օմեղան, Սկիզբն ու Վախճանը, Առաջինը եւ Վերջինը»:14 «Երանի՜ անոնց՝ որ կը գործադրեն անոր պատուիրանները, որպէսզի իրաւունք ունենան ուտելու կեանքի ծառէն, ու դռներէն ներս՝ քաղաքը մտնեն:15 Քանի որ դուրս պիտի մնան շուները, կախարդները, պոռնկողները, մարդասպանները, կռապաշտները, եւ ո՛վ որ սուտը կը սիրէ ու կը խօսի»:16 «Ես՝ Յիսուս, ղրկեցի իմ հրեշտակս՝ այս բաներուն մասին վկայելու ձեզի՝ եկեղեցիներուն մէջ: Ե՛ս եմ Դաւիթի արմատն ու ցեղը, առտուան պայծառ աստղը»:17 Հոգին ու հարսը կ՚ըսեն. «Եկո՛ւր», եւ ա՛ն որ կը լսէ՝ թող ըսէ. «Եկո՛ւր» : Ա՛ն որ ծարաւ է՝ թող գայ, եւ ո՛վ որ կ՚ուզէ՝ թող ձրի առնէ կեանքի ջուրը:18 Ես կը վկայեմ բոլոր անոնց՝ որ կը լսեն այս գիրքին մարգարէութեան խօսքերը. եթէ մէկը ասոնց վրայ աւելցնէ բա՛ն մը, Աստուած ալ իր վրայ պիտի աւելցնէ այն պատուհասները՝ որ գրուած են այս գիրքին մէջ:19 Ու եթէ մէկը վերցնէ բա՛ն մը այս մարգարէութեան գիրքին խօսքերէն, Աստուած ալ պիտի վերցնէ անոր բաժինը կեանքի գիրքէն եւ սուրբ քաղաքէն՝ որոնց մասին գրուած է այս գիրքին մէջ:20 Այս բաները վկայողը կ՚ըսէ. «Այո՛, շուտո՛վ կու գամ»: Ամէ՛ն. եկո՛ւր, Տէ՛ր Յիսուս:21 Մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին՝՝ հետ: Ամէն:

Matthew 10:1

1 Յետոյ, քովը կանչելով իր տասներկու աշակերտները, իշխանութիւն տուաւ անոնց՝ անմաքուր ոգիներուն վրայ, որպէսզի դուրս հանեն զանոնք, ու բուժեն ամէն տեսակ ախտ եւ ամէն տեսակ վատառողջութիւն:

John 14:12

12 Այլապէս՝ գոնէ գործերո՛ւն համար հաւատացէք ինծի: Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ա՛ն որ կը հաւատայ ինծի, ի՛նք ալ պիտի ընէ այն գործերը՝ որ ես կ՚ընեմ, եւ անոնցմէ աւելի՛ մեծ գործեր պիտի ընէ, որովհետեւ ես կ՚երթամ Հօրս քով”:

Colossians 1:17

17 Ան ամէն բանէ առաջ է, ու անո՛վ ամէն բան հաստատ կը կենայ:

1 Peter 5:10

10 Եւ ամէն շնորհքի Աստուածը, որ իր յաւիտենական փառքին կանչեց մեզ Քրիստոս Յիսուսի միջոցով, ձեզ կատարեալ պիտի ընէ, ամրացնէ, ուժովցնէ եւ անսասան հիմերու վրայ դնէ, երբ չարչարուիք քիչ մը ատեն:

John 12:25

25 Ա՛ն որ կը սիրէ իր անձը՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ա՛ն որ կ՚ատէ իր անձը այս աշխարհի մէջ՝ յաւիտենական կեանքին համար պիտի պահէ զայն:

Romans 12:1

1 Ուրեմն կ՚աղաչե՛մ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ կարեկցութեամբ, որ ձեր մարմինները ներկայացնէք որպէս ապրող զոհ մը՝ սուրբ, աստուածահաճոյ. ա՛յդ է ձեր բանական պաշտամունքը:

Philippians 4:13

13 Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զօրացուց զիս:

Colossians 2:9-10

9 որովհետեւ Աստուածութեան ամբողջ լիութիւնը կը բնակի անոր մէջ մարմնապէս,10 ու դուք ալ ամբողջացած էք անով՝ որ գլուխն է ամէն պետութեան եւ իշխանութեան:

John 16:13

13 Իսկ երբ ինք՝ Ճշմարտութեան Հոգին գայ, ամբո՛ղջ ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէ ձեզ. որովհետեւ պիտի չխօսի ինքնիրմէ, հապա ինչ որ լսէ՝ զայն պիտի ըսէ, ու գալիքները պիտի հաղորդէ ձեզի:

James 1:17

17 ամէն բարի նուէր եւ ամէն կատարեալ պարգեւ՝ վերէն է, ու կ՚իջնէ լոյսի Հօրմէն, որուն մէջ բնա՛ւ փոփոխութիւն չկայ, ո՛չ ալ դառնալու շուք:

John 10:10

10 Գողը ուրիշ բանի համար չի գար, բայց միայն՝ գողնալու, սպաննելու եւ կորսնցնելու համար: Ես եկայ որ կեա՛նք ունենան, եւ ճոխութեա՛մբ ունենան:

James 1:1-27

1 Յակոբոս, Աստուծոյ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծառայ, տասներկու տոհմերուն՝ որ ցրուած են ամէն կողմ. ողջո՜յն:2 Եղբայրնե՛րս, բոլորովին ուրախութի՛ւն համարեցէք՝ երբ զանազան փորձութիւններու մէջ իյնաք,3 գիտնալով թէ ձեր հաւատքին փորձը համբերութիւն կ՚իրագործէ:4 Բայց համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը, որպէսզի կատարեալ եւ ամբողջ ըլլաք, եւ ոչինչ պակսի ձեզի:5 Իսկ եթէ իմաստութիւն կը պակսի ձեզմէ մէկուն, թող խնդրէ Աստուծմէ՝ որ բոլորին կու տայ առատապէս՝ առանց կշտամբելու, եւ պիտի տրուի անոր:6 Բայց հաւատքո՛վ թող խնդրէ, առանց տատամսելու. որովհետեւ ա՛ն որ կը տատամսի՝ նման է ծովուն հողմակոծեալ ու տատանեալ ալիքներուն:7 Այդ մարդը թող չկարծէ թէ որեւէ բան պիտի ստանայ Տէրոջմէն.8 երկմիտ մարդը անհաստատ է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ:9 Նուաստ եղբայրը թող պարծենայ իր բարձրացումով,10 իսկ հարուստը՝ իր նուաստացումով, որովհետեւ ինք պիտի անցնի խոտի ծաղիկին պէս.11 քանի որ արեւը կը ծագի այրող տաքութեամբ ու կը չորցնէ խոտը, անոր ծաղիկը կը թափի, եւ անոր տեսքին վայելչութիւնն ալ կը կորսուի: Այդպէս ալ հարուստը պիտի թառամի իր ճամբաներուն մէջ:12 Երանի՜ այն մարդուն՝ որ կը տոկայ փորձութեան. որովհետեւ երբ փորձարկուի եւ ընտիր գտնուի՝ պիտի ստանայ կեանքի պսակը, որ Տէրը խոստացաւ զինք սիրողներուն:13 Ո՛չ մէկը թող ըսէ՝ երբ կը փորձուի. «Աստուծմէ՛ կը փորձուիմ». որովհետեւ Աստուած չարէն չի փորձուիր, ո՛չ ալ ի՛նք կը փորձէ ոեւէ մէկը:14 Սակայն իւրաքանչիւրը կը փորձուի՝ հրապուրուած ու խաբուած իր ցանկութենէն.15 Յետոյ՝ ցանկութիւնը յղանալով մեղք կը ծնանի, իսկ երբ մեղքը կատարուի՝ մահ կը ծնանի:16 Մի՛ մոլորիք, սիրելի՛ եղբայրներս.17 ամէն բարի նուէր եւ ամէն կատարեալ պարգեւ՝ վերէն է, ու կ՚իջնէ լոյսի Հօրմէն, որուն մէջ բնա՛ւ փոփոխութիւն չկայ, ո՛չ ալ դառնալու շուք:18 Ան ի՛ր փափաքով ծնաւ մեզ՝ ճշմարտութեան խօսքով, որպէսզի մենք երախայրիք մը ըլլանք իր արարածներուն:19 Հետեւաբար, սիրելի՛ եղբայրներս, ամէն մարդ թող արագ ըլլայ՝ լսելու մէջ, դանդաղ՝ խօսելու մէջ, դանդաղ՝ բարկանալու մէջ.20 որովհետեւ մարդուն բարկութիւնը չ՚իրագործեր Աստուծոյ արդարութիւնը:21 Ուստի, թօթափելով ամէն աղտեղութիւն ու չարամտութեան աւելցուք, հեզութեա՛մբ ընդունեցէք ձեր մէջ տնկուած խօսքը, որ կարող է փրկել ձեր անձերը:22 Սակայն խօսքը գործադրողնե՛ր եղէ՛ք, եւ ո՛չ թէ միայն լսողներ՝ դուք ձեզ խաբելով:23 Արդարեւ, եթէ մէկը միայն լսէ խօսքը ու չգործադրէ, կը նմանի մարդու մը՝ որ հայելիի մէջ կը դիտէ իր բնական երեսը,24 որովհետեւ կը դիտէ ինքզինք ու կ՚երթայ, եւ իսկոյն կը մոռնայ թէ ի՛նչպէս էր:25 Բայց ա՛ն որ ակնկառոյց կը նայի ազատութեան կատարեալ Օրէնքին ու կը կենայ անոր մէջ,- ո՛չ թէ մոռացկոտ լսող մը ըլլալով, հապա՝ գործը կատարող մը,- երանելի պիտի ըլլայ իր ըրածին մէջ:26 Եթէ մէկը կը կարծէ կրօնասէր ըլլալ ու չի սանձեր իր լեզուն, այլ կը խաբէ իր սիրտը, անոր կրօնասիրութիւնը փուճ է:27 Աստուծոյ եւ Հօրը առջեւ՝ մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը սա՛ է.- այցելել որբերուն եւ այրիներուն՝ իրենց տառապանքին մէջ, ու ինքզինք անբիծ պահել աշխարհէն:

Topical data is from OpenBible.info, retrieved November 11, 2013, and licensed under a Creative Commons Attribution License.