1 Corinthians 2:9-11

Armenian(i) 9 Բայց ինչպէս գրուած է. «Աչք չէ տեսեր, ականջ չէ լսեր, ո՛չ ալ մարդու սիրտին մէջ մտեր են այն բաները, որ Աստուած պատրաստած է զինք սիրողներուն»: 10 Սակայն Աստուած զանոնք յայտնած է մեզի իր Հոգիով, որովհետեւ Հոգին կը զննէ բոլոր բաները, մինչեւ անգամ Աստուծոյ խորունկ բաները: 11 Արդարեւ ո՞վ գիտէ մարդուն բաները, բայց միայն մարդուն հոգին՝ որ իր մէջն է. նոյնպէս ալ ո՛չ մէկը գիտէ Աստուծոյ բաները, այլ միայն Աստուծոյ Հոգին: