Armenian(i)
4 Բոլորն ալ լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ սկսան խօսիլ ուրիշ լեզուներով, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար: 5 Երուսաղէմ բնակող Հրեաներ կային, բարեպաշտ մարդիկ՝ երկինքի տակ եղած ամէն ազգէ: 6 Երբ այս ձայնը եղաւ, բազմութիւնը համախմբուեցաւ ու շփոթեցաւ, որովհետեւ կը լսէին թէ անոնք կը խօսէին իրենցմէ իւրաքանչիւրին սեփական բարբառով: 7 Բոլորն ալ զմայլած էին եւ կը զարմանային՝ իրարու ըսելով. «Ահա՛ ասոնք բոլորն ալ՝ որ կը խօսին, միթէ Գալիլեացի չե՞ն: 8 Ուրեմն ի՞նչպէս կը լսենք՝ մեր իւրաքանչիւրին սեփական բարբառով, այն երկրին՝ որուն մէջ ծնած ենք.