Armenian(i)
 10 որովհետեւ ինք կը սպասէր հիմեր ունեցող քաղաքի մը, որուն ճարտարապետն ու կառուցանողը Աստուած է: 11 Հաւատքո՛վ Սառա ի՛նք ալ կարողութիւն ստացաւ սերնդագործելու, ու հասունութեան մէջ զաւակ ծնաւ, քանի որ հաւատարիմ համարեց ա՛ն՝ որ խոստացած էր: 12 Ուստի այդ մէկէն - որ մեռածի պէս էր - ծնան ա՛յնքան բազմաթիւ՝ որքան երկինքի աստղերը, եւ անհամար՝ ինչպէս ծովեզերքի աւազը: