John 18:28-30

Armenian(i) 28 Կայիափայի տունէն տարին Յիսուսը կառավարիչին պալատը. եւ ա՛լ առտու էր: Իրենք չմտան պալատը՝ որպէսզի չպղծուին, այլ կարենան ուտել զատիկը: 29 Ուստի Պիղատո՛ս դուրս ելաւ՝ անոնց քով, եւ ըսաւ. «Ի՞նչ ամբաստանութիւն կը ներկայացնէք այս մարդուն դէմ»: 30 Պատասխանեցին իրեն. «Եթէ ան չարագործ մը չըլլար՝ քեզի չէինք մատներ զայն»: