Luke 12:54-57

Armenian(i) 54 Նաեւ ըսաւ բազմութիւններուն. «Երբ տեսնէք ամպ մը՝ արեւմուտքէն ելած, իսկոյն կ՚ըսէք. “Անձրեւ պիտի գայ”, եւ այդպէս կ՚ըլլայ: 55 Ու երբ հարաւային հովը փչէ, կ՚ըսէք. “Տաք պիտի ըլլայ”, եւ այդպէս կ՚ըլլայ: 56 Կեղծաւորնե՛ր, գիտէ՛ք երկրի ու երկինքի երեսը քննել, հապա ի՞նչպէս չէք քններ այս ժամանակը»: 57 «Եւ ինչո՞ւ դուք ձեզմէ չէք որոշեր իրաւունքը: