Armenian(i)
10 Չէ՞ք կարդացեր սա՛ գրուածը. “Այն քարը՝ որ կառուցանողները մերժեցին, անիկա՛ եղաւ անկիւնաքարը. 11 ասիկա Տէրոջմէ՛ն եղաւ, եւ սքանչելի է մեր աչքերուն”»: 12 Անոնք կը ջանային բռնել զայն, բայց բազմութենէն կը վախնային. որովհետեւ գիտցան թէ այդ առակը խօսեցաւ իրենց դէմ: Ուստի թողուցին զայն, եւ գացին: