Matthew 24:23-28

Armenian(i) 23 Այն ատեն եթէ մէկը ըսէ ձեզի. “Ահա՛ հո՛ս է Քրիստոսը”, կամ. “Հո՛ն է”, մի՛ հաւատաք: 24 Որովհետեւ սուտ Քրիստոսներ ու սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն, եւ ցոյց պիտի տան մեծ նշաններ ու սքանչելիքներ, որպէսզի՝ եթէ կարելի ըլլայ՝ մոլորեցնեն ընտրեալնե՛րն իսկ: 25 Ահա՛ նախապէս ըսի ձեզի: 26 Ուրեմն եթէ ըսեն ձեզի. “Ահա՛ անապատին մէջ է”, մի՛ երթաք. կամ. “Ահա՛ ներքին սենեակներուն մէջ է”, մի՛ հաւատաք: 27 Քանի որ ինչպէս փայլակը կ՚ելլէ արեւելքէն ու կ՚երեւնայ մինչեւ արեւմուտք, ա՛յնպէս պիտի ըլլայ մարդու Որդիին գալուստը: 28 Որովհետեւ ո՛ւր որ դիակ կայ, հո՛ն պիտի հաւաքուին արծիւները»: