Armenian(i)
10 Երկրի բնակիչները պիտի ուրախանան անոնց համար, պիտի զուարճանան, եւ մինչեւ անգամ ընծաներ պիտի ղրկեն իրարու. որովհետեւ այս երկու մարգարէները տանջած էին երկրի բնակիչները: 11 Երեք ու կէս օր ետք, Աստուծմէ եկող կեանքի հոգի մտաւ անոնց մէջ, կայնեցան իրենց ոտքերուն վրայ, ու մեծ վախ համակեց զիրենք տեսնողները՝՝: 12 Լսեցին երկինքէն հզօր ձայն մը ՝ որ կ՚ըսէր իրենց. «Հո՛ս բարձրացէք»: Եւ ամպով մը երկինք բարձրացան, ու իրենց թշնամիներն ալ տեսան զիրենք: