Armenian(i)
3 Ես զօրութիւն պիտի տամ իմ երկու վկաներուս, եւ անոնք՝ քուրձ հագած՝ պիտի մարգարէանան հազար երկու հարիւր վաթսուն օր: 4 Ասոնք այն երկու ձիթենիներն ու երկու աշտանակներն են՝ որ կը կանգնին երկրի Տէրոջ առջեւ: 5 Եթէ մէկը ուզէ վնասել անոնց, կրակ պիտի ելլէ անոնց բերանէն եւ պիտի լափէ իրենց թշնամիները. եթէ մէկը ուզէ վնասել անոնց, պէտք է որ ա՛յսպէս մեռցուի: 6 Ասոնք իշխանութիւն ունին երկինքը գոցելու, որպէսզի անձրեւ չտեղայ իրենց մարգարէութեան օրերը. իշխանութիւն ունին նաեւ ջուրերուն վրայ՝ արիւն դարձնելու զանոնք, եւ զարնելու երկիրը ամէն տեսակ պատուհասներով՝ քանի՛ անգամ որ ուզեն: