Revelation 17:2-5

Armenian(i) 2 անոր հետ պոռնկեցան երկրի թագաւորները, եւ անոր պոռնկութեան գինիով արբեցան երկրի բնակիչները»: 3 Զիս առաւ՝ հոգիով տարաւ անապատը, ու տեսայ կին մը՝ որ բազմած էր որդան կարմիր գազանի մը վրայ: Այդ գազանը լեցուն էր հայհոյութեան անուններով, եւ ունէր եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր: 4 Կինը հագած էր ծիրանի եւ որդան կարմիր, պճնուած էր ոսկիով, պատուական քարերով ու մարգարիտներով, եւ ձեռքին մէջ ունէր ոսկիէ բաժակ մը՝ գարշութիւններով ու իր պոռնկութեան անմաքրութիւններով լեցուն: 5 Անոր ճակատին վրայ գրուած էր անուն մը. «Խորհուրդ, Մեծ Բաբելոն, պոռնիկներուն ու երկրի գարշութիւններուն մայրը»: