Armenian(i)
19 Բայց գիտենք թէ ի՛նչ որ կ՚ըսէ Օրէնքը, կ՚ըսէ անո՛նց՝ որ Օրէնքին տակ են, որպէսզի ամէն բերան գոցուի եւ ամբողջ աշխարհը դատապարտուի Աստուծոյ առջեւ: 20 Ուստի ո՛չ մէկ մարմին պիտի արդարանայ անոր առջեւ Օրէնքին գործերով, քանի որ Օրէնքին միջոցով կ՚ըլլայ մեղքի գիտակցութիւնը: 21 Բայց հիմա՝ առանց Օրէնքին՝ Աստուծոյ արդարութիւնը բացայայտ եղած է, վկայուած ըլլալով Օրէնքէն ու Մարգարէներէն. 22 այսինքն Աստուծոյ արդարութիւնը՝ որ Յիսուս Քրիստոսի վրայ եղած հաւատքով է բոլոր հաւատացողներուն համար, քանի որ խտրութիւն չկայ: 23 Արդարեւ բոլորը մեղանչեցին, եւ զրկուած են Աստուծոյ փառքէն. 24 բայց ձրի կ՚արդարանան անոր շնորհքով, Քրիստոս Յիսուսով եղած ազատագրութեամբ: 25 Աստուած նախապէս սահմանեց զայն՝ քաւութիւն ըլլալու անոր արիւնին հաւատացողներուն, որպէսզի ցոյց տայ իր արդարութիւնը՝ ներելով նախապէս - Աստուծոյ հանդուրժողութեան ժամանակ - գործուած մեղքերը: 26 Այսինքն՝ իր արդարութիւնը այս ատեն ցոյց տալու համար, որպէսզի ինք արդար ըլլայ եւ արդարացնէ Յիսուսի հաւատացողը: 27 Ուրեմն ո՞ւր մնաց պարծանքը. բացառուեցաւ: Ո՞ր Օրէնքէն, գործերո՞ւ Օրէնքէն: Ո՛չ, հապա հաւատքի Օրէնքէն. 28 որովհետեւ մենք կը հետեւցնենք թէ մարդ կ՚արդարանայ հաւատքով՝ առանց Օրէնքին գործերուն: