Romans 5:1-11

Armenian(i) 1 Ուրեմն մենք՝ հաւատքով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով: 2 Անով նաեւ արտօնութիւն ունեցանք հաւատքով մօտենալու այս շնորհքին՝ որուն մէջ կեցած ենք, եւ կը պարծենանք Աստուծոյ փառքին յոյսով: 3 Ո՛չ միայն այսքան, հապա կը պարծենանք տառապանքներու մէջ ալ. որովհետեւ գիտենք թէ տառապանքը կ՚իրագործէ համբերութիւն, 4 համբերութիւնը՝ փորձառութիւն, ու փորձառութիւնը՝ յոյս. 5 եւ յոյսը ամօթահար չ՚ըներ, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը մեր սիրտերուն մէջ սփռուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով՝ որ տրուեցաւ մեզի: 6 Արդարեւ մինչ մենք տակաւին տկար էինք, յարմար ժամանակին՝ Քրիստոս մեռաւ ամբարիշտներուն համար. 7 հազիւ թէ արդարի մը համար մէկը ուզէ մեռնիլ, (թերեւս բարի մարդու մը համար մէկը յօժարի մեռնիլ,) 8 մինչդեռ Աստուած մեզի հանդէպ ունեցած իր սէրը ապացուցանեց այն իրողութեամբ, որ երբ տակաւին մեղաւոր էինք՝ 9 Քրիստոս մեռաւ մեզի համար. ուրեմն հիմա որ արդարացանք իր արիւնով, ո՜րչափ աւելի բարկութենէն պիտի փրկուինք իրմով: 10 Որովհետեւ եթէ մեր թշնամի եղած ատենը հաշտուեցանք Աստուծոյ հետ իր Որդիին մահով, ո՜րչափ աւելի մեր հաշտուած ատենը պիտի փրկուինք անոր կեանքով: 11 Եւ ո՛չ միայն ասիկա, այլ նաեւ կը պարծենանք Աստուծմով՝ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որով հիմա ստացանք հաշտութիւնը: