Romans 5:12-14

Armenian(i) 12 Ուստի ինչպէս մէկ մարդով մեղքը աշխարհ մտաւ, ու մեղքով՝ մահը, եւ այնպէս՝ մահը փոխանցուեցաւ բոլոր մարդոց, քանի որ բոլորն ալ մեղանչեցին. 13 (որովհետեւ մինչեւ Օրէնքին տրուիլը՝ աշխարհի մէջ մեղք կար, բայց մեղք չէր վերագրուեր՝ երբ Օրէնք չկար: 14 Սակայն մահը թագաւորեց Ադամէն մինչեւ Մովսէս, նոյնիսկ Ադամի օրինազանցութեան նման չմեղանչողներուն վրայ. ինք նախատիպն էր անոր՝ որ յետոյ պիտի գար: