Armenian(i)
20 Զաւակնե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ծնողներուն ամէն բանի մէջ, որովհետեւ ա՛յդ է Տէրոջ հաճելին: 21 Հայրե՛ր, մի՛ գրգռէք ձեր զաւակները, որպէսզի չվհատին: 22 Ստրուկնե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր մարմնաւոր տէրերուն ամէն բանի մէջ. ո՛չ թէ աչքի առջեւ ծառայելով՝ մարդահաճոներու պէս, հապա՝ պարզամտութեամբ, Տէրոջմէ՛ն վախնալով: 23 Ի՛նչ որ կ՚ընէք՝ սրտա՛նց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջ եւ ո՛չ թէ մարդոց, 24 գիտնալով թէ Տէրոջմէ՛ն պիտի ստանաք ժառանգութեան հատուցումը, որովհետեւ Տէր Քրիստոսի՛ կը ծառայէք: 25 Բայց անիրաւը պիտի ստանայ իր անիրաւութեան պատիժը, եւ աչառութիւն չկայ: