Armenian(i)
4 «Բայց ձեզի՝ իմ բարեկամներուս՝ կ՚ըսեմ. “Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ կը սպաննեն մարմինը, եւ կարողութիւն չունին անկէ աւելի բան մը ընելու: 5 Հապա ձեզի ցոյց տամ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք: Վախցէ՛ք անկէ՝ որ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի գեհենը նետելու: Այո՛, կը յայտարարեմ ձեզի, անկէ՛ վախցէք”: 6 Հինգ ճնճղուկ երկու դանգի չե՞ն ծախուիր. սակայն անոնցմէ ո՛չ մէկը մոռցուած է Աստուծոյ առջեւ: 7 Բայց ձեր գլուխին բոլոր մազերն ալ համրուած են. ուրեմն մի՛ վախնաք, որովհետեւ դուք շատ ճնճղուկներէ աւելի կ՚արժէք»: