Matthew 10:28-31

Armenian(i) 28 Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար անձը սպաննել. այլ մանաւանդ վախցէ՛ք անկէ՝ որ կրնայ անձը եւ մարմինը կորսնցնել գեհենին մէջ: 29 Երկու ճնճղուկ չե՞ն ծախուիր մէկ դանգի. սակայն անոնցմէ ո՛չ մէկը գետին կ՚իյնայ առանց ձեր Հօր կամքին: 30 Բայց ձեր գլուխին բոլոր մազերն ալ համրուած են: 31 Ուրեմն մի՛ վախնաք, որովհետեւ դուք շատ ճնճղուկներէ աւելի կ՚արժէք»: