Armenian(i)
4 թէեւ ե՛ս ալ ունենալու էի նոյն վստահութիւնը մարմինի վրայ: Եթէ ուրիշ մէկը կը կարծէ թէ վստահութիւն ունի մարմինի վրայ, ա՛լ աւելի ե՛ս՝ 5 ութերորդ օրը թլփատուած, Իսրայէլի ցեղէն, Բենիամինի տոհմէն, Եբրայեցի մը՝ Եբրայեցիներէն, Օրէնքին համեմատ՝ Փարիսեցի, 6 նախանձախնդրութեան համեմատ՝ եկեղեցին կը հալածէի, Օրէնքէն եղած արդարութեան համեմատ՝ անմեղադրելի էի: 7 Բայց ինչ որ շահ էր ինծի, վնաս համարեցի զայն՝ Քրիստոսի համար: 8 Ու նոյնիսկ բոլոր բաներն ալ վնաս կը համարեմ՝ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսի գիտութեան գերազանցութեան համար: Բոլոր բաներէն զրկուեցայ անոր համար, եւ աղբ կը համարեմ զանոնք, որպէսզի շահիմ Քրիստոսը 9 ու գտնուիմ իր մէջ, ունենալով ո՛չ թէ իմ արդարութիւնս՝ որ Օրէնքէն է, հապա ա՛յն՝ որ Քրիստոսի հաւատքին միջոցով է, արդարութիւնը՝ որ Աստուծմէ է՝ հաւատքով.