2 Corinthians 3:7-11

Armenian(i) 7 Իսկ եթէ քարերու վրայ փորագրուած մահուան սպասարկութիւնը ա՛յնքան փառաւոր եղաւ, որ Իսրայէլի որդիները չէին կրնար ակնապիշ նայիլ Մովսէսի երեսին՝ անոր դէմքին պայծառութեան պատճառով, որ պիտի ոչնչանար, 8 ուրեմն ո՜րքան աւելի փառաւոր պիտի ըլլայ հոգիին սպասարկութիւնը. 9 քանի որ եթէ դատապարտութեան սպասարկութիւնը փառաւոր էր, ո՜րչափ աւելի գերազանց պիտի ըլլայ արդարութեան սպասարկութեան փառքը. 10 որովհետեւ ինչ որ փառաւոր եղած էր՝ ա՛լ փառք չունէր այս կապակցութեամբ, զինք գերազանցող փառքին պատճառով: 11 Արդարեւ եթէ այն որ պիտի ոչնչանար՝ փառաւոր էր, որչա՜փ աւելի փառաւոր պիտի ըլլայ այն՝ որ մնայուն է: