Armenian(i)
18 Կինե՛ր, հպատակեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, ինչպէս կը պատշաճի Տէրոջմով: 19 Ամուսիննե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները եւ մի՛ դառնանաք անոնց դէմ: 20 Զաւակնե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ծնողներուն ամէն բանի մէջ, որովհետեւ ա՛յդ է Տէրոջ հաճելին: 21 Հայրե՛ր, մի՛ գրգռէք ձեր զաւակները, որպէսզի չվհատին: 22 Ստրուկնե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր մարմնաւոր տէրերուն ամէն բանի մէջ. ո՛չ թէ աչքի առջեւ ծառայելով՝ մարդահաճոներու պէս, հապա՝ պարզամտութեամբ, Տէրոջմէ՛ն վախնալով: 23 Ի՛նչ որ կ՚ընէք՝ սրտա՛նց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջ եւ ո՛չ թէ մարդոց, 24 գիտնալով թէ Տէրոջմէ՛ն պիտի ստանաք ժառանգութեան հատուցումը, որովհետեւ Տէր Քրիստոսի՛ կը ծառայէք: 25 Բայց անիրաւը պիտի ստանայ իր անիրաւութեան պատիժը, եւ աչառութիւն չկայ:4 1 Տէրե՛ր, հատուցանեցէ՛ք ձեր ստրուկներուն՝ իրաւունքով ու հաւասարութեամբ, գիտնալով թէ դո՛ւք ալ ունիք Տէր մը՝ երկինքը: