Matthew 24:3-14

Armenian(i) 3 Ու երբ ան նստած էր Ձիթենիներու լեռը, աշակերտները գացին իրեն՝ առանձին, եւ ըսին. «Ըսէ՛ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլայ ատիկա, ու ի՞նչ պիտի ըլլայ նշանը քու գալուստիդ եւ աշխարհի վախճանին»: 4 Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Զգուշացէ՛ք որ ո՛չ մէկը մոլորեցնէ ձեզ: 5 Որովհետեւ շատե՜ր պիտի գան իմ անունովս եւ ըսեն. “Ե՛ս եմ Քրիստոսը”, ու պիտի մոլորեցնեն շատերը: 6 Պիտի լսէք պատերազմներու մասին, եւ պատերազմներու տարաձայնութիւններ. զգուշացէ՛ք՝ որ չվրդովիք, որովհետեւ պէ՛տք է որ այս ամէնը ըլլայ, բայց դեռ վախճանը չէ: 7 Որովհետեւ ազգ ազգի դէմ պիտի ելլէ, ու թագաւորութիւն՝ թագաւորութեան դէմ. եւ տեղ-տեղ սովեր, ժանտախտներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան: 8 Սակայն ասոնք բոլորը ցաւերուն սկիզբն են: 9 Այն ատեն պիտի մատնեն ձեզ տառապանքներու, պիտի սպաննեն ձեզ, ու բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք իմ անունիս համար: 10 Եւ այն ատեն շատե՜ր պիտի գայթակղին, պիտի մատնեն զիրար ու պիտի ատեն զիրար: 11 Շա՛տ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն, եւ պիտի մոլորեցնեն շատերը: 12 Անօրէնութեան բազմանալուն համար՝ շատերո՜ւն սէրը պիտի պաղի: 13 Բայց ո՛վ որ տոկայ մինչեւ վախճանը՝ անիկա՛ պիտի փրկուի: 14 Այս արքայութեան աւետարանը պիտի քարոզուի ամբողջ երկրագունդին մէջ՝ իբր վկայութիւն բոլոր ազգերուն, եւ ա՛յն ատեն վախճանը պիտի գայ»: